Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Հայաստանի Նորընտիր Գերագոյն Մարմինը Հանդիպում Ունեցաւ Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Հետ

Յուլիս 8, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` չորեքշաբթի, 7 յուլիս 2021-ին, «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսիի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ հանդիպում ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներուն հետ: Հանդիպումին կը մասնակցէին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան քաղաքական եւ տնտեսական բաժանմունքի ղեկավար Քիմպըրլի Զապֆելը եւ քաղաքական հարցերով մասնագէտ Լիլիթ Օհանեանը: ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցը կը ներկայացնէին Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը, Գերագոյն մարմինի անդամներ Լիլիթ Գալստեանը եւ Աշոտ Սիմոնեանը:

Դեսպան Թրէյսին, ողջունելով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նոր կազմը, ընդգծեց իր հետաքրքրութիւնը յետընտրական իրողութիւններով պայմանաւորուած` կուսակցութեան որդեգրած քաղաքական առաջնահերթութիւններու եւ ծրագիրներու առնչութեամբ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ «Հայաստան» դաշինքի մտահոգութիւններն ու գնահատականները Հայաստանի մէջ ձեւաւորուած քաղաքական մթնոլորտի, նախընտրական խախտումներու, քատրային ջարդի եւ օրէնքի կամայականութիւններու առնչութեամբ: Ի. Սաղաթէլեան ընդգծեց նաեւ, որ ՀՅԴ-ի օրակարգին վրայ կը շարունակեն առաջնահերթութիւն մնալ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգային մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Արցախի տագնապը:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Լ. Գալստեան անդրադարձաւ երկրին մէջ արձանագրուող ժողովրդավարութեան յետընթացին, նաեւ կարեւոր նկատեց Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ Արցախի տագնապի լուծման ուղղութեամբ Միացեալ Նահանգներու դերակատարութիւնը:

Դեսպան Թրէյսի շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակեն հաւատարիմ մնալ Հայաստանի ժողովրդավարական, տնտեսական ու ընկերային կառավարման աջակցելու իրենց յանձնառութեան: Ան նաեւ յայտնեց, որ մօտէն պիտի հետեւի Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուածներու խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ պիտի աջակցի գերիներու վերադարձի աշխատանքներուն:

Հանդիպումին մասնակիցները կարեւոր նկատեցին փոխադարձ կապերն ու հետագայ համագործակցութեան կարելիութիւնները:

Նախորդը

Ամերիկացի Եւ Եւրոպացի Գործընկերներուն Կոչ` Անյապաղ Գործողութիւններով Օժանդակելու Հայ Գերիներուն Վերադարձին

Յաջորդը

Ալիեւի Հրամանով Փոխուած Է Ազրպէյճանի Վարչատարածքային Բաժանումը

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 17, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?