Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկացի Եւ Եւրոպացի Գործընկերներուն Կոչ` Անյապաղ Գործողութիւններով Օժանդակելու Հայ Գերիներուն Վերադարձին

July 8, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնը (ALC) Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական երկիրներու ղեկավարութիւններէն կը պահանջէ անյապաղ ճնշում գործադրել Ազրպէյճանի վրայ, որպէսզի կատարեն Ժընեւեան համաձայնագիրի պահանջները եւ 9 նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան համաձայն` անվերապահ ազատ արձակեն հայ ռազմագերիներն ու պատանդները: Վերջին շաբաթներուն ընթացքին ամերիկեան եւ եւրոպական իշխանութիւնները կը գովաբանեն Ալիեւին կողմէ հայ գերիներու պայմանական սակարկութիւնը, այն պարագային, երբ Ազրպէյճանը միջազգային օրէնսդրութեամբ պարտաւոր է ազատ արձակել հայ ռազմագերիները:

Արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնի ղեկավար Քեն Խաչիկեան կը նշէ. «1949-ի Ժընեւի համաձայնագիրները  զօրացնելու, մարդու իրաւունքներու եւ արդարութեան համընդհանուր արժէքները ամրապնդելու փոխարէն, ամերիկեան եւ եւրոպական իշխանութիւններու վերջին յայտարարութիւնները Ազրպէյճանին թոյլ կու տան շարունակել ձերբակալուած պահել հայ ռազմագերիները, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ յարձակումներու ժամանակ առեւանգել զինուորներ, ինչպէս նաեւ կազմակերպել շինծու դատավարութիւններ` կեղծ յայտարարութիւններու ու ապացոյցներու հիման վրայ: Այդպիսի վարքի գովաբանումը, որ աշխարհի ամէնէն տխրահռչակ բռնապետներէն մէկուն թոյլ կու տայ օգտագործել մարդկային կեանքը` իբրեւ սակարկութեան առարկայ, եւ ոտնահարել միջազգային մարդու իրաւունքի նկատմամբ իր պարտականութիւնները, խորապէս մտահոգիչ է եւ զայրացնող: Միջազգային հանրութիւնը իր գործողութիւններով կը խրախուսէ Ազրպէյճանի շարունակուող շանթաժը»:

 

 

 

Նախորդը

Փաշինեան-Փութին Հանդիպում` Մոսկուայի Մէջ

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Նորընտիր Գերագոյն Մարմինը Հանդիպում Ունեցաւ Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.