Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փաշինեան Հայաստանը Անդունդը Նետեց, Եւ Պատերազմի Ընթացքին «Իսքանտեր» Չօգտագործուեցաւ» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Փետրուար 27, 2021
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի իրադարձութիւնները կ՛ականահարեն անոր պետութիւնը` շեշտելով, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «երկիրը անդունդը նետեց եւ քանդումի մատնեց»: Ան համոզում յայտնեց, որ Հայաստանի բանակին կողմէ կառավարութեան հրաժարականի պահանջը երկրի իշխանութիւններուն գործունէութեան ուղղակի հետեւանքն է:

Ալիեւ նշեց, որ Պաքուն Հայաստանի զարգացումները կը նկատէ ներքին հարց` յոյս յայտնելով, որ անոնք չազդեն Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ եռակողմ յայտարարութեան գործադրութեան վրայ:

«Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ պայմանները չգործադրուելուն պարագային Հայաստան ինքզինք պիտի գտնէ շատ աւելի դժուար կացութեան մէջ», ըսաւ Ազրպէյճանի նախագահը:

Ըստ Ալիեւի, իր երկիրը Հայաստանին յանձնած է իր մօտ գտնուող բոլոր հայ գերիները, նախքան Երեւանի նոյնպիսի քայլ մը առնելը` միեւնոյն ժամանակ նշելով, որ ասիկա չի վերաբերիր Պաքուի մօտ գերեվարուած «ահաբեկիչներուն ու խափանարարներուն»:

Ալիեւ հայկական կողմը ամբաստանեց Արցախի շրջանին մէջ իր զետեղած ականներու դաշտերու քարտէսը չտրամադրելու յանցանքով:

Ազրպէյճանի նախագահը զգուշացուց, որ իր երկիրը պիտի հակադարձէ Երեւանի կողմէ որեւէ հաւանական քայլի` շեշտելով, որ պէտք է Արցախի կարգավիճակի հարցը վերցնել օրակարգէն:

Ալիեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու եւ չբացառեց անոր հետ խաղաղութեան համաձայնութեան մը կնքումը:

Ազրպէյճանի նախագահը ծիծաղելի որակեց ռուսական «Իսքանտեր» հրթիռներու մասին Փաշինեանի այն պնդումը, թէ պատերազմի ընթացքին անոնք չեն պայթած կամ միայն անոնց 10 առ հարիւրը պայթած է` նշելով, որ ազրպէյճանական կողմը պատերազմի ընթացքին այդ համակարգի օգտագործումը չէ նկատած:

Ալիեւ նաեւ յայտարարեց. «Հայաստանի վարչապետի սադրիչ յայտարարութիւններէն ետք դադրած են անոր հետ հաղորդակցութիւնները, հակառակ որ ինքնին ան էր այդ հաղորդակցութիւններուն նախաձեռնողը: Ան խոստացած էր տագնապի լուծման համար ջանքեր գործադրել»:

Անոր համաձայն, ազրպէյճանական կողմը ընդառաջած է Հայաստանի վարչապետին:

 

 

Նախորդը

Կառավարութեան Կազմութեան Եւ Հրատապ Հարցերու Լուծման Պահանջի Մթնոլորտին Մէջ Հայեացքները Կեդրոնացած Են Պքերքէի Մէջ Նախատեսուող Հաւաքին Վրայ

Յաջորդը

Այսօր Ժողովրդային Բողոքի Շարժումներ` Երեւանի Եւ Կապանի Մէջ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?