Արցախի քառասունչորսօրեայ պատերազմի ընթացքին ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները իրենց ամբողջ ներուժով նետուեցան Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան եւ օժանդակութեան սուրբ գործին:
Մարտական գործողութիւններու մասնակցելով, արտաքին-յարաբերական, տեղեկատուական-քարոզչական, մարդասիրական աշխատանքներու ճամբով` դաշնակցական երիտասարդները բուռն պայքար մղեցին` պաշտպանելու Արցախը եւ արցախահայութիւնը, այդ նպատակին համար անոնցմէ շատեր զոհաբերեցին իրենց կեանքը: Փա՛ռք բոլոր անմահացածներուն:
Այսօր, նոյն նուիրումով, աշխարհասփիւռ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները իրենց ներդրումը կը բերեն յանուն պատերազմի հետեւանքներու վերացման եւ Արցախի վերականգնման:
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնած տարաբնոյթ ծրագիրները համակարգելու եւ իրականացնելու նպատակով` գրասենեակը ժամանակաւորապէս տեղափոխուած է Ստեփանակերտ:
Նախաձեռնութիւններու հիմնական ուղղութիւններն են.
– Երիտասարդական մասնագիտական դասընթացքներ. Արցախի երիտասարդութեան կարողականութեան եւ հմտութիւններու զարգացման նպատակով` Արցախի հեռանկարային անհրաժեշտ ոլորտներու նուիրուած դասընթացքներու կազմակերպում:
– Ծրագիրներու կամաւոր ներդրում. Կամաւորական աշխատանքներու ճամբով Արցախի տարբեր հաստատութիւններուն համար ՀՅԴ երիտասարդներու մասնագիտական ներուժի տրամադրում:
– Պատանեկան բնագաւառ. Դաստիարակչական-ժամանցային բնոյթի տարբեր միջոցառումներու կազմակերպում, Արցախի պատանիներու բարոյահոգեբանական վիճակի բարելաւման ուղղուած աշխատանքներ:
– Մարդասիրական օժանդակութիւն. Տեղահանուած ընտանիքներու եւ նահատակուած, վիրաւորուած, հաշմանդամ դարձած զինուորներու եւ անոնց ընտանիքներուն բարեսիրական եւ նիւթական օժանդակութիւններու տրամադրում:
ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները կը մնան հաւատարիմ իրենց ստանձնած յանձնառութեան` արցախեան գոյամարտը հասցնելու իր յաղթական աւարտին եւ վերականգնելու Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը:
Արցախահայ երիտասարդը պիտի մնայ, ապրի ու ստեղծագործէ իր հայրենիքին` Արցախի Հանրապետութեան մէջ:
Կոչ կ՛ուղղենք համայն հայ երիտասարդութեան` ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն ճամբով մասնակից դառնալու այս ծրագիրներուն եւ իրենց բոլոր կարելիութիւններով կանգնելու Արցախի եւ արցախցիի կողքին` յետպատերազմեան ծանր իրավիճակը միասնաբար դիմագրաւելու եւ դժուարութիւնները յաղթահարելու նպատակով:
Արցախը հայ երիտասարդութեան անխոնջ պայքարին կիզակէտն է ու պիտի մնայ:
ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
24 փետրուար 2021