Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բուռն Կերպով Հակազդելով «Իսքանտեր»-ի Մասին Փաշինեանի Յայտարարութեան` Ռուս Երեսփոխաններ Փաշինեանի Յայտարարութիւնը Կը Կոչեն «Բացարձակ Սուտ» Եւ Կը Պահանջեն, Որ Ան Հրապարակաւ Ներում Հայցէ

February 25, 2021
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ Տումայի պաշտպանութեան հարցերով յանձնախումբի փոխնախագահ Վիքթոր Զաւարզին Նիկոլ Փաշինեանը մեղադրած է ստախօսութեան համար` ռուսական «Իսքանտեր» հրթիռային մարտավարական համակարգերու անարդիւնաւէտութեան մասին անոր կատարած յայտարարութենէն ետք: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Լենթա» կայքը:

«Իսքանտեր»-ը մեր մօտ շատ բարձր ճշգրտութեան զէնք է: Անիկա բազմիցս արդէն ինքզինք դրսեւորած է տարբեր ռազմափորձերու մէջ: Ատիկա (Փաշինեանի խօսքը) պարզապէս բացարձակ սուտ է եւ նոյնիսկ որեւէ կասկածի ենթակայ չէ», ըսած է ան:

Ռուս երեսփոխանին համաձայն, Փաշինեան այդ յայտարարութեամբ որոշած է ընդգծել Արցախի մէջ տեղի ունեցած տագնապի արդիւնքին մէջ իր անմեղութիւնը: «Երբ մարդ կը ձգտի, որ մեղաւոր չըլլայ, ան թէ՛ «Իսքանտեր»-ներու մասին մտացածին բաներ կ՛ըսէ, թէ՛ հայ ժողովուրդը մեղաւոր կը հանէ, թէ՛ զինուորները կը մեղադրէ», աւելցուցած է Զաւարզին:

Մէկ օր առաջ «Առաջին» լրատուականին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած էր Հայաստանի երկրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութեան, ըստ որուն` ինք զարմացած է, թէ ինչո՛ւ պատերազմի 3-րդ կամ 4-րդ օրը «Իսքանտեր» չէ կիրարկուած: Այն հարցումին, թէ այդ ակնարկը իրե՞ն ուղղած է, Փաշինեան պատասխանած է. «Այդ ակնարկը, թերեւս, հասցէագրուած է նաեւ ինծի, սակայն կը կարծեմ` մերժուածը պէտք է բազմաթիւ հարցումներու պատասխան գիտնայ եւ չուղղէ հարցումներ, որոնց պատասխանը ինք գիտէ: Իսկ թերեւս պատասխանե՞ն` ինչո՞ւ կրակուած «Իսքանտեր»-ը չէ պայթած կամ պայթած է օրինակ` տասը առ հարիւրով»: Լրագրողի այն նշումին, թէ այդպէ՞ս ալ կ՛ըլլայ, Փաշինեան նշած է. «Չեմ գիտեր: 80-ականներու զէ՞նք էր գուցէ»:

Տումայի պաշտպանութեան հարցերով յանձնախումբի առաջին տեղակալ Ալեքսանտր Շերին իր կարգին «Տէյլի Սթորմի»-ին յայտնած է, որ Փաշինեան, քննադատելով ռուսական զէնքը, կ՛ուզէ ընդգծել իր անմեղութիւնը Կովկասի մէջ վերջին տագնապի արդիւնքին առնչութեամբ: Շերինի համաձայն, Հայաստանի վարչապետը պէտք է հրապարակաւ ներում հայցէ:

«Անկասկած, Փաշինեան պէտք է կատարուածին համար մեղաւորներ գտնէ, սակայն նման յայտարարութիւններէն ետք արժէ անյապաղ ստեղծել երկկողմանի յանձնախումբ, որովհետեւ Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի անդամ է: Այդ յայտարարութիւնը իրականութեան մէջ կրնայ շատ լուրջ հարուած հասցնել մեր զէնքի եւ ամբողջ երկրի հեղինակութեան: Նման բառերու համար, եթէ անոնք հաստատուին, պէտք է պատասխանատուութիւն կրել», ըսած է Շերին:

Տումայի պաշտպանութեան յանձնախումբի նախագահի առաջին տեղակալը այն կարծիքին է, որ նախ պէտք է հասկնալ, թէ արդեօք «Փաշինեան ընդհանրապէս կարդացա՞ծ է «Իսքանտեր»-ի մարտավարական եւ թեքնիք բնութագիրները, եւ արդեօք տեղեա՞կ է, թէ այս հրթիռը ինչի՞ համար կ՛օգտագործուի»:

«Անկեղծ ըսելով, ես այնքան ալ լաւ չեմ հասկնար, թէ ի՛նչ է բողոքը: Փաշինեանը, հաւանաբար, երբեք կապ չէ ունեցած զինուորական գործին հետ: Մենք պէտք է լուրջի առնենք անոր խօսքերը: Եթէ մարդը նման բաներ կ՛ըսէ, ապա պէտք է ստուգում կատարուի: Թող հաստատէ ատիկա որոշ փաստերով», շեշտած է ռուս երեսփոխանը եւ նկատած` ընդհանրապէս ինչպէ՞ս կարելի է հաշուել, որ ճիշդ տասը «Իսքանտեր» հրթիռ արձակուած է, սակայն անոնցմէ միայն մէկը պայթած է:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Տումայի երեսփոխան, Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ խորհրդարաններուն միջեւ բարեկամութեան խումբի նախագահ Տմիթրի Սապլին յայտնած է, թէ Փաշինեանի «Իսքանտեր» մարտավարական համակարգի, իբրեւ թէ, չպայթած հրթիռներու մասին յայտարարութիւնը կը խօսի անոր անիրազեկութեան մասին:

«Վատ պարողին խանգարողը ոտքերն են: Այս ժողովրդական դիպուկ իմաստութիւնը ամէնէն լաւ կը բնութագրէ Հայաստանի վարչապետին խօսքերը վերջին պատերազմին մէջ «Իսքանտեր»-ներու կիրարկման եւ անոնց «հինցած ըլլալուն» մասին», ըսած է ռուս երեսփոխանը:

Անոր համաձայն, վերոնշեալ հրթիռային համակարգը արդէն լաւագոյնը կը նկատեն անոնք, որոնք կը հասկնան պատերազմի եւ խաղաղութեան հարցերէն: Երեսփոխանը յիշեցուցած է, որ «Իսքանտեր»-ը իր բարձր յատկութիւնները հաստատած է Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ:

Սապլին նշած է նաեւ Փաշինեանի նման արտայայտութիւններու մէկ այլ պատճառ: «Սորոսական ձեռնարկները յուսախաբ ըրած են Փաշինեանը… Ատիկա յաւելեալ վկայութիւն է այն բանի, թէ ինչպէ՛ս փողոցը բարձրագոչ, գեղեցիկ կարգախօսներու տակ օտար, թշնամական բեմագրութեամբ, իշխանութեան կը բերէ մարդ մը, որ կը կործանէ իր երկիրը», ըսած է Սապլին:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Քննարկեց Քաղաքական, Կրթական Եւ Ընկերային Շարք Մը Հարցեր

Յաջորդը

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի

RelatedPosts

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ  Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

October 10, 2026
Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն  Կասեցնել Պաքուին Ամերիկեան  Զինուորական Աջակցութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն Կասեցնել Պաքուին Ամերիկեան Զինուորական Աջակցութիւնը

October 9, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու  Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի Հետ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.