Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վազգէն Մանուկեան. «Նիկոլին Մնալու Իւրաքանչիւր Օրը Մեզ Կը Մօտեցնէ Պատերազմի»

Փետրուար 25, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` 24 փետրուար 2021-ին, Հայրենիքի փրկութեան շարժման վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան այցելած է Ազատութեան հրապարակ` հանդիպելու քաղաքացիներուն հետ:

«Հայ-ռուսական յարաբերութիւնները նոր չէ, որ հարուածի տակ են: Ես կը կարծեմ, որ եթէ այս տղան քիչ մըն ալ երկար մնայ, ո՛չ միայն Ռուսիոյ, այլեւ աշխարհի բոլոր երկիրներուն հետ մենք վատ յարաբերութիւններ պիտի ունենանք», Ազատութեան հրապարակին վրայ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Վազգէն Մանուկեան` անդրադառնալով այն հանգամանքին, որ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան Դիմատետրի էջին վրայ Ստեփանակերտի անուան հետ մէկտեղ նշուած է ազրպէյճանական «Խանքենտի» տարբերակը:

Անդրադառնալով Նիկոլ Փաշինեանի` «Իսկանտեր»-ի վերաբերեալ յայտարարութեան, թէ ինչո՞ւ արձակուած «Իսկանտեր»-ը չէ պայթած, կամ պայթած է 10 առ հարիւրով, Մանուկեան ըսաւ. «Մարդը կա՛մ պէտք է խելագար ըլլայ, կա՛մ իսկապէս թշնամի, որովհետեւ ինք կտրուկ վատացուց մեր յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ եւ ինք այդ զէնքէն ոչ մէկ բան կը հասկնայ: Ես չեմ գիտեր` ինք ատիկա դիտաւորեա՞լ կատարեց Ռուսիոյ դէմ ուղղուած, թէ՞ ուղղակի իր սովորական ձեւն է, որ ինք մեղաւոր չէ, զէնքն է մեղաւորը: Յետոյ կ՛երեւի իրեն համար նշանակութիւն ունի, որ այդ զէնքը գնուած է Սերժ Սարգսեանի ժամանակ, ինք կ՛ուզէ ցոյց տալ, որ Սերժ Սարգսեանի գնած զէնքը վատ է: 2,5 տարի ես ու շատերը կ՛ըսենք, որ ասիկա օտարի ծրագիր է, եւ ան հետեւողականօրէն այդ օտարի ծրագիրը կը կատարէ: Ես կը զարմանամ, որ ինք դարձաւ վարչապետ, եւ կը զարմանամ, որ մինչեւ հիմա զինք չեն քշած», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ ըստ Փաշինեանի, 9 նոյեմբերի գիշերը քաղաքացիները մուտք  գործած են կառավարութեան շէնք, որ Արցախի հարցով փաստաթուղթեր ոչնչացնեն, Մանուկեան ըսաւ, թէ շատ բնական էր, որ ժողովուրդը պէտք է ըմբոստանար ու ոտքի կանգնէր:

Ան նշեց, որ պատերազմի ընթացքին նպատակայարմար գտած է, որ իշխանութիւնը յանձնուի զինուորականութեան, որովհետեւ, ըստ Մանուկեանի, այդ ժամանակ կարելի եղած է իրավիճակը փրկել, սակայն այժմ նոր իրավիճակ ունինք: «Ես կը կարծեմ` հիմա ընդհանուր հրամանատարութիւնը եւ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պարտաւոր են գրել ճշմարտութիւնը եւ հերքել «Իսկանտեր»-ի մասին այն, ինչ որ ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան», նշեց ան:

Ըստ Մանուկեանի, Փաշինեանի ըսածին վերաբերեալ Ռուսիան պիտի չսահմանափակուի միայն Պետական տումային կողմէ կարծր յայտարարութիւններով: «Ասիկա ամէնէն մեղմ պատասխանն էր, որ կրնար ըլլալ», ըսաւ Մանուկեան:

«Ամէն օր կը կատարուի նուազագոյնը երեք դէպք, որոնցմէ իւրաքանչիւրին համար որեւէ երկրի իշխանութիւն հրաժարական կու տար», ըսաւ Վազգէն Մանուկեան` աւելցնելով. «Նիկոլին մնալու իւրաքանչիւր օրը մեզ կը մօտեցնէ պատերազմի, որովհետեւ այդ գայթակղութիւնը, որ իրենց դիմաց պետութիւն մըն է, որ ոչ մէկ  պաշտպանուածութիւն ունի եւ ղեկավարութիւնը կը կատարէ ուրիշներու կամքը, միշտ պատերազմի գայթակղութիւն կը  յառաջացնէ: Միայն ուժի միջոցով կարելի է զսպել պատերազմը», նշեց ան:

Ըստ Մանուկեանի, ապստամբութեան կը դրդէ իշխանութիւնը, եւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումը զբաղած է համազգային շարժումը ձեւաւորելով. «Շարժումին մասնակիցները տասնեակ հազարաւոր են, տուներուն մէջ նստած մարդիկ, որ իրենք զիրենք մասնակից կը զգան, հարիւր հազարաւոր են: Մենք կ՛ուզենք այդ երկու թիւերն ալ մեծցնել», նշեց ան` աւելցնելով, որ իշխանութիւնները ժողովուրդին անունով պէտք չէ խօսին, քանի որ ժողովուրդին հետ կապ չունին:

Անդրադառնալով ընդդիմադիրներու հանրահաւաքներու ու ցոյցերու մասնակիցներուն քանակին` Մանուկեան նշեց, որ ժամանակ պէտք է Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ իջած արհաւիրքը հասկնալու համար:

Մանուկեան վերահաստատեց իր տեսակէտը, թէ ասիկա այն իշխանութիւնը չէ, որ ինքնակամ կ՛երթայ, պէտք է կոտրել այս իշխանութեան յենարանները:

25 փետրուարին ինքնաշարժներով երթ պիտի ունենան, անոնք կ՛ուզեն  ամբողջ Հայաստանը պտտիլ, նշեց Վազգէն Մանուկեան` աւելցնելով, որ երթեր ալ պիտի ըլլան, հանրահաւաքներ ալ պիտի կազմակերպուին:

 

Նախորդը

Փաշինեանի Հրաժարականը Պահանջող Երիտասարդներու Անհնազանդութեան Շարժում` Համալսարաններուն Մէջ

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ  Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ

Մայիս 19, 2025
Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով  Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»

Մայիս 19, 2025
Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»

Մայիս 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?