Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Նախագահ Սարգսեան Տագնապը Հանգուցալուծելու Նախաձեռնութեան Կը Դիմէ. Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը Կը Շարունակէ Իր Բողոքի Շարժումները Ազգային Ժողովին Եւ Պետական Կառոյցներուն Առջեւ

Փետրուար 27, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 26 փետրուարին Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքը զարգացումներ ապրեցաւ: Վարչապետ Փաշինեանի տուած որոշումէն ետք` Զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Օննիկ Գասպարեանը զերծ կացուցել իր պաշտօնէն, նախագահ Արմէն Սարգսեան չէ ստորագրած տրուած որոշումը եւ փոխարէնը սկսած է երկխօսութեան եւ հարցը հանգուցալուծելու նախաձեռնութեան մը: Նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցած է զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Օննիկ Գասպարեանի հետ:

Նախագահը հանդիպումներ ունեցած է Հայրենիքի փրկութեան շարժման ղեկավարներու` շարժման կողմէ վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեանի, ինչպէս նաեւ Արթուր Վանեցեանի, Վահրամ Բաղդասարեանի եւ Արծուիկ Մինասեանի հետ:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցի, «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար էտմոն Մարուքեանի եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արման Աբովեանի հետ:

Նոյն օրը` ուրբաթ, 26 փետրուարին, Բաղրամեան պողոտային վրայ, Ազգային ժողովի շէնքին դիմաց տեղի ունեցած Հայրենիքի փրկութեան շարժումի հանրահաւաքին, Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող քաղաքացիներու ներկայութեան, ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան կոչ ուղղեց ոստիկաններուն` միանալու ժողովուրդին, անոր դէմ չելլելու: Ան շեշտեց, որ պայքարը կանգ պիտի չառնէ:

Գեղամ Մանուկեան ըսաւ, որ երկիրը անդամալուծուած եւ անգործունակ վիճակի մէջ է, իսկ Ազգային ժողովի նախագահը կը փախչի արտահերթ նիստէն:

Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան դիտել տուաւ, որ իշխանութիւնը արդէն դատապարտուած է, այս իրավիճակին մէջ չի կրնար երկիրը ղեկավարել: Ան շեշտեց, որ այս քանի մը օրը ամէնէն վճռականն են շարժումին համար` բացատրելով, որ ինչպէ՛ս 2018 թուականին Նիկոլ Փաշինեան փտածութեան դէմ պայքարելու անուան տակ մտաւ բանակ եւ բանակը կոտրեց: Բանակը հլու-հնազանդ ենթարկուեցաւ այդ ջարդին: Ժողովուրդը կը ծափահարէր անոր: Զօրավար անունը հայհոյանք դարձած էր արդէն, իսկ այս բոլորին հետեւանքները շատ ակնյայտ դարձան պատերազմի ընթացքին:

«Հիմա կը կատարուի երկրորդ քայլը` այդ տեղակալ հանելը, այդ բորբոքուածութիւնը, որ յառաջացաւ բանակին մէջ, նորէն փորձ կը  կատարուի ջարդելու բանակը, որովհետեւ բանակը ինքնուրոյն է: Հիմա այսպիսի վիճակ է` Նիկոլը քայլ կատարեց, բանակն ալ իր քայլը առաւ. բանակը ըսաւ, որ` Նիկոլը չեմ ընդունիր: Ես համոզուած եմ, որ բանակը ոտքի կը կանգնի, եթէ չկանգնի, մենք պէտք է կանգնեցնենք: Մենք շատ գործ ունինք պատգամաւորներու հետ աշխատելու, երթալու շրջանները, բայց այս քանի մը օրուան մէջ կ՛որոշուի ամբողջ պայքարի ճակատագիրը, ու ես երկու պարագաներուն ալ կը տեսնեմ Նիկոլի պարտութիւնը: Երկրորդ պարագային` եթէ մեզի ու բանակին միանայ ամբողջ ժողովուրդը: Ուրեմն ամուր պէտք է կանգնիլ, պէտք է ըլլալ համբերատար եւ պատրաստուիլ վճռական գործողութիւններու», նշեց Մանուկեան:

Խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, որ յայտնեց, թէ իրավիճակը շատ յստակ է` Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ ճնշումները բանակին, զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան, յատկապէս ընդհանուր հրամանատարին նկատմամբ, որպէսզի հասնի հրաժարականին: Ան հաստատեց, որ զինուած ուժերու, բանակին տրամադրութիւնը շատ յստակ է` իրենք ժողովուրդի կողքին են, ժողովուրդը` բանակին: Այս պայմաններուն մէջ ան կարեւոր նկատեց նախագահին դիրքորոշումը: «Զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Օննիկ Գասպարեանի ազատ կացուցման դիմումը կը գտնուի նախագահի սեղանին վրայ: Ան յայտարարած է, որ պիտի չստորագրէ, բայց ատիկա բաւարար չէ: Չստորագրելու պարագային եռօրեայ ժամկէտէն ետք ընդհանուր հրամանատարը կը նկատուի աշխատանքէ ազատ կացուցուած: Անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի նախագահը օրէնքի շրջագիծին մէջ ներկայացնէ առարկութիւն, քանի որ ատիկա հակասահմանադրական է, եւ ներկայացնէ  Սահմանադրական դատարան», յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան:

Սաղաթէլեան նշեց, թէ բոլորին պահանջը պէտք է ըլլայ այն, որ Հայաստանի նախագահը չտարուի վարչապետի շանթաժներէն, յստակօրէն ձեւակերպէ իր առարկութիւնը եւ փաստաթուղթը ուղարկէ դատարան:

Ապա ցուցարարները երթով ուղղուեցան Հայաստանի նախագահի նստավայր:

Աւելի ուշ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի խորհուրդի անդամ Արթուր Վանեցեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ կայացած հանդիպումին մասին` հաստատելով, որ պահանջած են արագ եւ միանշանակ լուծում տալ Հայաստանի մէջ ստեղծուած անբնական իրավիճակին:

«Նախագահը մեզի յստակ որեւէ բան չխոստացաւ, լսեց մեր յստակ պահանջը, ըսաւ, որ կը հանդիպի ընդհանուր հրամանատարին եւ Զինուած ուժերու բարձրագոյն սպայակազմի ներկայացուցիչներուն հետ եւ յառաջիկայ օրերուն իր որոշումը պիտի կայացնէ: Բայց եկէք մենք ոգեւորենք նախագահը, որ ան կայացնէ որոշում յանուն Հայաստանի», յայտարարեց ան:

Անդրադառնալով զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան յայտարարութեան` Վանեցեան ըսաւ, որ իշխանական քարոզչամեքենան կը փորձէ ապակողմնորոշել հանրութիւնը` նշելով, որ այդ յայտարարութիւնը ռազմական յեղաշրջման փորձ է:

Օրուան առաջին կէսին ցուցարարները քայլերթ կատարեցին, կառավարական առանձնատուներուն մօտ անոնք դիմաւորուեցան մեծ թիւով ոստիկաններու կողմէ: Այդտեղ անոնք կարճ կանգառ ունեցան եւ Նիկոլ Փաշինեանին հեռանալու կոչեր ուղղեցին` յիշեցնելով, որ հայաստանեան բոլոր կառոյցներուն ու հաստատութիւններուն կողմէ մերժուած է ան, իսկ ի սատարումն Նիկոլ Փաշինեանի հանդէս եկած են միայն Թուրքիան եւ այդ երկրի նախագահը:

Երթին ընթացքին շարժման ղեկավարները նաեւ կոչերով կը դիմէին ոստիկաններուն` վրաններով գալու Բաղրամեան պողոտայ եւ միանալու Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող ցուցարարներուն, բանակին:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մօտ, շարժման ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան խօսեցաւ այն մասին, թէ ինչպիսի՛ բացասական ազդեցութիւն ունեցած է Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, թէ ընդհանուր հրամանատարութեան յայտարարութեամբ իբր թէ Հայաստանի մէջ ռազմական յեղաշրջման փորձ կը կատարուի, ինչ որ չի համապատասխաներ իրականութեան: Արծուիկ Մինասեան յայտարարեց, որ իր սուտ յայտարարութիւններով Նիկոլ Փաշինեան մեծապէս կը վնասէ Հայաստանի միջազգային վարկին: Դիւանագիտական կազմի ներկայացուցիչներէն պահանջեց աշխարհին ներկայացնել իրականութիւնը` «որն է` արժանապատիւ ժողովուրդը Հայաստանի մէջ իշխանութիւնը իր ձեռքը կը վերցնէ եւ կը հեռացնէ դաւաճանները»:

Հայաստանի արդարադատութեան նախկին նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան դիտել տուաւ, որ ընդհանուր դատախազ Արթուր Դաւթեան պարտաւոր էր արձագանգել պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցածին, մինչդեռ այդ կառոյցը իր ղեկավարով կը շարունակէ լռել: Ըստ անոր, այդ է պատճառը, որ բանակը եւ ընդհանուր հրամանատարութիւնը ստիպուած եղած են արձագանգել կատարուող եւ կատարուած յանցագործութիւններուն:

Ցուցարարները պահանջեցին, որ ընդհանուր դատախազը քրէական գործ յարուցէ` Նիկոլ Փաշինեանի գործողութիւններով պայմանաւորուած:

Բաղրամեան պողոտային մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան յայտարարութիւնը վկայութիւնն էր այն խնդիրներուն, զորս ան համբերատար, լռութեամբ տարած է պատերազմի սկիզբէն իսկ:

«Գիտենք, որ ընդհանուր հրամանատարը պատերազմը սկսելէ 4 օր ետք արդէն ըսած է, որ այս վիճակը ծանր է, պէտք է վայրկեան առաջ պատերազմը կանգնեցնել: Բայց վարչապետը, քանի որ կ՛ապրի այլ իրականութեան մէջ, համաձայն չէ եղած: Այդ վերաբերմունքը, որ ցուցաբերած էր վարչապետը ընդհանուր հրամանատարի առաջին տեղակալին նկատմամբ, ատիկա արդէն համբերութեան բաժակը լեցուցած էր», ըսաւ Մանոյեան:

Անդրադառնալով վարչապետին այն յայտարարութեան, թէ տեղի ունեցածը ռազմական յեղաշրջման փորձ է` Մանոյեան ըսաւ. «Եթէ այդպիսի բան ընէին, ապա զօրք պէտք է ըլլար առնուազն Երեւանի մէջ: Նման փորձ չէ եղած»:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ազատամարտիկներու Յանձնախումբը Կը Զօրակցի Հայոց Բանակին

Յաջորդը

Ակնարկ. Գլխաւոր Շտաբի Սահմանադրական Իրաւասութեան Առաջին Կէտը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?