Newsletter

Շինքըր. «Մօտիկ Ապագային Լիբանան  Այցելութեան Նշոյլներ Չկան»

Շինքըր. «Լիբանանեան Իշխանութիւնները Անտարբերութեամբ Վարուեցան Իսրայէլի Հետ Սահմանագծումի Բանակցութիւններուն Նկատմամբ»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական եւ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններու բանագնաց Տէյվիտ Շինքըր երէկ յայտնեց, որ Հըզպալլայի համար լիբանանցի ժողովուրդին շահերը ոչինչ կը ներկայացնեն: Ան շեշտեց, որ լիբանանեան իշխանութիւնները անտարբերութեամբ վարուեցան Իսրայէլի հետ սահմանագծումի բանակցութիւններուն նկատմամբ, ինչպէս որ անոնք անտարբեր են Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան նկատմամբ: «Թէեւ լիբանանեան իշխանութիւնները սկզբնական շրջանին կը գործակցէին բանակցութիւնները յաջողցնելու, սակայն...

Պըրրի Կոչ Կ՛ուղղէ ՄԱԿ-ի Մօտ  Բողոքելու Իսրայէլի Դէմ

Պըրրի Կոչ Կ՛ուղղէ ՄԱԿ-ի Մօտ Բողոքելու Իսրայէլի Դէմ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս` ելեւմտական կացութիւնը: Միւս կողմէ, Պըրրի շարունակեց հետեւիլ իսրայէլեան սպրդած նաւթին պատճառով Նաքուրայէն Պէյրութ ծովափի ապականումին, որ կենսոլորտային աղէտ մը կը նկատուի: Այս նպատակով Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պետ Մոհամետ Խէյրի հետ եւ անկէ խնդրեց արագացնել...

Բաղրամեանը Կը Վերածուի Հայաստանի Քաղաքական  Օրակարգի Ձեւաւորման Եւ Համաժողովրդային  Պայքարի Հրապարակի

Բաղրամեանը Կը Վերածուի Հայաստանի Քաղաքական Օրակարգի Ձեւաւորման Եւ Համաժողովրդային Պայքարի Հրապարակի

Երէկ` երկուշաբթի, 1 մարտ 2021-ին, Բաղրամեան պողոտային վրայ  տեղի ունեցաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժման հանրահաւաքը: Մասնակիցները կը պահանջէին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անյապաղ հրաժարականը` յայտնելով իրենց լիակատար աջակցութիւնը զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան: ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ բազմաթիւ հայրենակիցներ, որոնք Հայաստանի տարբեր շրջաններէ տարբեր պատճառներով դժուարութիւն ունէին անցնող օրերուն մասնակցելու մեր հանրահաւաքներուն, այսօր գտած են շատ յարմար լուծում. Անոնք հասնելով Երեւան...

Բանակի Հրամանատարութիւնը Կը Վերահաստատէ  Իր Դիրքորոշումը` Յորդորելով  «Դադրեցնել Անհիմն Մեղադրանքները»

Բանակի Հրամանատարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Դիրքորոշումը` Յորդորելով «Դադրեցնել Անհիմն Մեղադրանքները»

Զինուած ուժերու ղեկավար կազմը 1 մարտին կրկին հաստատեց ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ իր գնահատականները եւ շեշտեց, որ` «անկախ զինուած ուժերը քաղաքական գործընթացներու մէջ ներքաշելու փորձերէն, կը մնայ անդրդուելի, կշռադատուած եւ հաստատակամ»:  Այս մասին յայտարարութիւնը հրապարակեց զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան տեղեկատուութեան բաժանմունքի պետ Սամուէլ Ասատրեան` Դիմատետրի իր էջով: Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Զինուած ուժերը, կազմուած լինելով մեր ժողովրդի զաւակներից եւ կանխազգալով ազգային...

Սումկայիթի Ջարդերուն 31-ամեակին Առիթով.  Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը  Հանդէս Եկաւ Յայտարարութեամբ

Արցախի Տարածքները Կը Նկատուին Գրաւեալ Ազրպէյճանի Կողմէ. Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը 1 մարտին ընդունած է Արցախի Հանրապետութեան` Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու իրաւական կարգավիճակին վերաբերեալ յայտարարութիւն: Յայտարարութիւնը Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին ներկայացուցած է Ազգային ժողովի «Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Մելքումեան: Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը վերահաստատում է, որ 1991 թուականի սեպտեմբերի 2-ին` Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը հռչակուել է Խորհրդային Միութեան օրէնսդրութեան եւ միջազգային...

Մինչ Տնտեսական Տագնապը Աւելի Եւս Կը Սրի.  Երկիրը Աստիճանաբար Վերաբանալու Քայլերը  Առնուած Են, Իսկ «Քորոնա» Ժահրին Դէմ  Պատուաստումի Արշաւը Կը Շարունակուի

Մինչ Տնտեսական Տագնապը Աւելի Եւս Կը Սրի. Երկիրը Աստիճանաբար Վերաբանալու Քայլերը Առնուած Են, Իսկ «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պատուաստումի Արշաւը Կը Շարունակուի

Մինչ տնտեսական տագնապը քայլ առ քայլ կը խեղդէ լիբանանցիները, «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու պետական շտապը երկիրը աստիճանաբար վերաբանալու քայլեր կ՛առնէ, իսկ «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումի արշաւը կը շարունակուի իր դանդաղ թափով: Կենցաղային առումով լիբանանցիին կը սպառնան աւելի դժուար եւ ծանր պայմաններ` նկատի ունենալով լիբանանեան դրամանիշին յաւելեալ արժեզրկումը, իբրեւ հետեւանք ամերիկեան տոլարի արձանագրած բարձր սակին, որ երէկ երեկոյեան հասաւ 9.800, այլ...

Նախագահ Աուն Կրիոյի Հետ Քննարկեց  Երկկողմանի Յարաբերութիւնները  Ամրապնդելու Հեռանկարները

Նախագահ Աուն Կրիոյի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Հեռանկարները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները, լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները, զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը աշխուժացնելու կարելիութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցաւ նաեւ կառավարութեան կազմութեան հարցը եւ ընդգծուեցաւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին Լիբանանի նոր կառավարութիւնը կազմելու կարեւորութիւնը, որպէսզի երկիրը կարենայ դիմագրաւել իր դէմ ծառացող դժուար...

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Մուսթաքպալ  Հոսանքի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Մուսթաքպալ Հոսանքի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրիի: Հանդիպումէն ետք պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ երեսփոխան Սամիր Ժսըր, որ յայտնեց, թէ Ռայի պատրիարքին ներկայացուցած են կառավարութեան կազմութեան նպատակով նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի ի գործ դրած ջանքերը: «Ռայի պատրիարքին յայտնեցինք Հարիրիի վճռակամութիւնը` մասնագէտներէ եւ անկուսակցական, ատակ ու կարողութիւններով օժտուած նախարարներէ...

Համակարգող Խորհուրդը Կ՛ազդարարէ  Համախմբման Աշխատանքներու Վերամեկնարկը

Համակարգող Խորհուրդը Կ՛ազդարարէ Խմբագիրներու Տարածաշրջանային 5-րդ` Այս Փուլի Եզրափակիչ Առցանց Ժողովը Հրաւէր Հայաստանի Եւ Արցախի Լրատուամիջոցներու Խմբագիրներուն

Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդը, հիմնուելով  29 փետրուար - 1 մարտ 2020-ին Անթիլիասի մէջ կայացած իր նիստին որոշումներուն վրայ, մէկ տարուան ժամանակամիջոցի մէջ կազմակերպեց տարածաշրջանային առցանց խորհրդակցութիւններ: Արդէն իսկ կայացած են Մերձաւոր Արեւելքի, Եւրոպայի, Ամերիկաներու եւ ԱՊՀ երկիրներու մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրներու առցանց հանդիպումները: Այս փուլի 5-րդ եւ եզրափակիչ առցանց ժողովը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 15 մարտ 2021-ին, Երեւանի...

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Վերադարձուցած Է  Օնիկ Գասպարեանը Գլխաւոր Շտաբի Պետի Պաշտօնէն  Ազատ Կացուցելու Հրամանագիրի Նախագիծը

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Վերադարձուցած Է Օնիկ Գասպարեանը Գլխաւոր Շտաբի Պետի Պաշտօնէն Ազատ Կացուցելու Հրամանագիրի Նախագիծը

Շաբաթ օր նախագահական նստավայրէն հրակապարկուած է մամլոյ հաղորդագրութիւն մը,  որուն մէջ կ՛անդրադառնայ Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար-գնդապետ Օնիկ Գասպարեանը պաշտօնէն ազատ կացուցելու վերաբերեալ առաջարկի առանց ստորագրութեան եւ նախագահի նկատողութիւններով վերադարձնելուն: Մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «25 փետրուարի 2021-ին Հանրապետութեան նախագահին ներկայացուած էր Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար-գնդապետ Օնիկ Գասպարեանը պաշտօնէն ազատ կացուցելու վերաբերեալ առաջարկը` համապատասխան հրամանագիրի...

«Մենք Բանակի Կողքին Ենք». Հայրենիքի Փրկութեան  Շարժումի Հանրահաւաքը` Բաղրամեան Պողոտային Վրայ

«Մենք Բանակի Կողքին Ենք». Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Հանրահաւաքը` Բաղրամեան Պողոտային Վրայ

Շաբաթ, 27 փետրուարին, Բաղրամեան պողոտային վրայ տեղի ունեցած է Հայրենիքի փրկութեան շարժումի հանրահաւաքը: Հանրահաւաքին եկած քաղաքացիները կը պահանջէին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան ըսաւ. «Ճիշդ այս պահուն Կապանի Գարեգին Նժդեհի հրապարակին վրայ եւս մեր հայրենակիցները կը հաւաքուին, կարելի է ըսել` զուգահեռ հանրահաւաք կը կատարենք Երեւանէն մինչեւ Սիւնեաց աշխարհ»: Գեղամ Մանուկեան վանկարկեց` «Առանց թուրքի Հայաստան»: Ապա յիշեցուց բանակի...

Մինչ Նախագահ Սարգսեան Տագնապը  Հանգուցալուծելու Նախաձեռնութեան Կը Դիմէ.  Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումը Կը Շարունակէ  Իր Բողոքի Շարժումները Ազգային Ժողովին  Եւ Պետական Կառոյցներուն Առջեւ

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Խորհուրդի Յայտարարութիւնը

Երէկ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի խորհուրդը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. Յարգելի՛ հայրենակիցներ, Հաշուի առնելով վերջին զարգացումներն ու ստեղծուած իրավիճակը` Հայրենիքի փրկութեան շարժման խորհուրդը որոշում է կայացրել երկուշաբթի օրուայ հանրահաւաքն անցկացնել ժամը 18:00-ին, Բաղրամեան պողոտայում: Այս հանրահաւաքին կարեւոր է իւրաքանչիւրիդ մասնակցութիւնը: Մեր մասնակցութեամբ պէտք է վերահաստատենք, որ չենք հանդուրժելու մէկ հոգու կողմից պետական բոլոր հաստատութիւնների կազմաքանդումը, կանգնելու ենք մեր բանակի, հանրապետութեան նախագահի կողքին...

Ստեփանակերտի Մէջ Յարգանքի Տուրք

Ստեփանակերտի Մէջ Յարգանքի Տուրք

Խորհրդային Ազրպէյճանի մէջ կազմակերպուած ջարդերու զոհերու  յիշատակին եւ բռնագաղթած հայ բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան օրուան առիթով կիրակի, 28 փետրուարին, խումբ մը դաշնակցականներ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին գլխաւորութեամբ այցելած են Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցած` ծաղիկներ խոնարհելով Սումկայիթի ոճրագործութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին:

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Սումկայիթի Ջարդերը Յիշեցում Են Մեր Ժողովուրդին` Միշտ Մնալու Արթուն Եւ Միակամ»

Այս տարի 33-ամեակն է Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ հայ խաղաղ բնակչութեան դէմ թուրք-ազերիներու կողմէ գործադրուած ջարդերուն: Կիրակի, 28 փետրուար 2021-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Սումկայիթի ջարդերուն զոհուած ու նահատակուած հայորդիներու հոգիներուն համար: Ապա, վեհափառ հայրապետը «Սիլիսիա Թի. Վի.»-ին հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց. «Յիշեցինք...

Հազարաւոր Լիբանանցիներ Ուղղուեցան Պքերքէ`  Ռայի Պատրիրաքին Կեցուածքներուն Զօրակցելու

Հազարաւոր Լիբանանցիներ Ուղղուեցան Պքերքէ` Ռայի Պատրիրաքին Կեցուածքներուն Զօրակցելու

Շաբաթ կէսօրէ ետք լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ հաւաքուած հազարաւոր քաղաքացիներ ուղղուեցան Պքերքէ` զօրակցութիւն յայտնելու համար մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կեցուածքներուն: Ռայի պատրիարքը դիմաւորեց Պքերքէի շրջափակին մէջ հաւաքուած հազարաւորները` իսլամ եւ քրիստոնեայ, որոնց կոչ ուղղեց լուռ չմնալու` դատական իշխանութիւններուն գործունէութիւնը քաղաքականացնելու, ապօրինի զէնքին, տեղահանուած սուրիացիները բնակեցնելու, ազգային որոշումը գրաւելու, այս կամ այն առանցքին նուիրուելու, փտածութեան, պահ դրուած դրամ ձեր գումարները...

Թրիփոլիի Մէջ.  Առաջնորդ Սրբազանն Ու Նոր Նշանակուած  Հոգեւոր Տեսուչը Հանդիպում Կ՛ունենան Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալուստ Եկեղեցւոյ  Թաղականութեան Հետ

Թրիփոլիի Մէջ. Առաջնորդ Սրբազանն Ու Նոր Նշանակուած Հոգեւոր Տեսուչը Հանդիպում Կ՛ունենան Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալուստ Եկեղեցւոյ Թաղականութեան Հետ

Շաբաթ, 27 փետրուար 2021-ի առաւօտուն, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան այցելեց Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցի` ընկերակցութեամբ Թրիփոլիի շրջանի նոր նշանակուած հոգեւոր տեսուչ Փառէն ծ. վրդ. Վարդանեանի ու թեմի Կրօնական ժողովի ատենապետ Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեանի: Այս առիթով, Եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ սրբազան հայրը պաշտօնապէս թաղական խորհուրդին ներկայացուց հայր սուրբը` յիշեցնելով, որ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին տնօրինումով կարելի կը դառնայ...

Նախագահ Սարգսեան Առարկութիւններով Վերադարձուց Օննիկ Գասպարեանը Պաշտօնազրկելու Հրամանագիրի Նախագիծը

Նախագահ Սարգսեան Առարկութիւններով Վերադարձուց Օննիկ Գասպարեանը Պաշտօնազրկելու Հրամանագիրի Նախագիծը

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան չստորագրեց եւ առարկութիւններով վերադարձուց Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօրավար-գնդապետ Օննիկ Գասպարեանը պաշտօնանկ ընելու վերաբերեալ հրամանագիրի նախագիծը՝ զայն նկատելով Սահմանադրութեան հակասող։ Այս առնչութեամբ հրապարակուած նախագահական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ 25 փետրուար 2021-ին նախագահին ներկայացուեցաւ Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Օննիկ Գասպարեանը պաշտօնազրկելու վերաբերող առաջարկը` համապատասխան հրամանագիրի նախագծով: «Առաջարկին գծով Հանրապետութեան նախագահը խորհրդատուութիւններ եւ հանդիպումներ ունեցած է...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Զգուշացնէ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Զգուշացնէ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս Դիմատետրի իր էջին վրայ անդրադարձաւ հայաստանեան վերջին իրադարձութիւններուն եւ կատարեց հետեւեալ գրառումը. Հայաստանը կը գտնուի անդունդի եզրին։ Երկրէն ներս տիրող քաոսային վիճակը հետզհետէ կը խորանայ։ Քաոսը աղբիւր է աննախատեսելի հետեւանքներու։ Զգո՜յշ...։ Հայրենիքի փրկութիւնը կը պահանջէ զիջում բոլորին կողմէ, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հասկացողութիւն ու վստահութիւն։ Այս գիտակցութեամբ հարկ է գործել, կրնայ վաղը ո՜ւշ ըլլալ...։

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ողջունէ Սուրիոյ Խորհրդարանին`  Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Որդեգրումը

Նիտերլանտներու Խորհրդարանը Որոշում Տուաւ Կառավարութեանը Կոչ Ուղղելու՝ Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

ՀՅԴ Նիտերլանտներու Հայ դատի յանձնախումբը հպարտութեամբ յայտարարեց, որ նիտերլանտահայութեան եւ, մասնաւորաբար ՀՅԴ-ի Նիտերլանտներու Հայ դատի յանձնախումբի տարիներու անխոնջ աշխատանքը արդէն  տուաւ իր նոր արդիւնքը: Արդարեւ, Նիտերլանտներու խորհրդարանը ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան մասին հերթական որոշումը, որով Նիտերլանտներու կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ՝ պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հակառակ Նիտերլանտներու խորհրդարանին կողմէ  Հայոց ցեղասպանութեան բազմակի ճանաչման, Նիտերլանտներու կառավարութիւնը տակաւին այդ քայլը չէր առած: 26 փետրուարին տուած...

Page 44 of 256 1 … 43 44 45 … 256