Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շարունակեց հետեւիլ լիբանանեան կարգ մը շրջաններու մէջ արձանագրուած բողոքի շարժումներուն, որոնց պատճառը ամերիկեան տոլարի սակին 10.000 լ. ոսկիի բարձրացումն էր:
Այս շրջագիծին մէջ նախագահ Աուն նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որմէ պահանջեց ամերիկեան տոլարի սակի բարձրացումին պատճառները պարզել եւ այդ մասին լիբանանցիներուն իմացնել` թափանցիկութիւն ապահովելով հետաքննութիւն կատարող յատուկ խորհուրդի աշխատանքին արդիւնքներուն:
Նախագահ Աուն Սալամէէն պահանջեց այդ արդիւնքները ուղարկել ընդհանուր դատախազութեան, որպէսզի անիկա հետապնդէ մեղսակիցները, եթէ փաստուի, որ անհատներ կամ հաստատութիւններ լիբանանեան դրամանիշի արժէքին դէմ ապօրինի մրցակցութիւն կը կազմակերպեն:
Նախագահ Աուն Սալամէին հարց տուաւ դրամատուներուն վերաբերող թիւ 154 շրջաբերականին մասին` հաստատելով, որ Լիբանանէն դուրս փոխանցուած գումարներուն մէկ բաժինը պէտք է վերադարձնել եւ յստակ թիւերով գիտնալ վերադարձուելիք գումարին մասին:
Նախագահ Աուն Սալամէին հարց տուաւ նաեւ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու հոլովոյթին մասին: Ան ընդգծեց այդ հաշուեքննութիւնը գործադրելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ զայն ուշացնող բոլոր պատճառները ի դերեւ ելած են:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ հիմնական մտահոգութիւնը կը մնայ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներու գումարներուն վերադարձը` հաստատելով, որ լիբանանցիները իրաւունք ունին փողոց իջնելու, որովհետեւ կարելի չէ իրաւունքին մասին լուռ մնալ եւ առանց հակազդելու դիտել, թէ իրենց իրաւունքը ինչպէ՛ս կը գողցուի, եւ անոնք աղքատութեան կը դատապարտուին:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ցոյց կատարելու իրաւունքը սուրբ է, իսկ ապահովութեան ուժերուն պարտականութիւնն է ապահովել ցուցարարներուն պաշտպանութիւնն ու պետական եւ սեփական կառոյցներուն անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ ապահովել քաղաքացիներուն երթեւեկի իրաւունքը, որ սահմանադրութեամբ ճշդուած է:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ռաէտ Խուրի: Քննարկուեցաւ Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական ներկայ իրավիճակը: