Մինչ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ մեկնեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ` Լիբանանին օժանդակութիւն ապահովելու համար, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը շարունակեց մնալ տեղքայլի մէջ, իսկ լիբանանցիները շարունակեցին երկրին տարբեր շրջաններուն մէջ բողոքի ցոյցեր կատարել եւ ճամբաները փակել:
Այստեղ պէտք է աւելցնել, որ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Միշել Նաժժար երէկ ընդունեց ցամաքային փոխադրութեան մարզի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայսի:
Հանդիպումին ընթացքին Նաժժար եւ Թլայս յայտարարեցին, որ հանրային փոխադրութիւն ապահովող ինքնաշարժները օգտագործելու նուազագոյն սակը վերածուած է 4.000 լ. ոսկիի, այսինքն` 30 առ հարիւրի յաւելում արձանագրած է: Անոնք շեշտեցին, որ 4.000 լ. ոսկիի սակը ժամանակաւոր է եւ կը վերաբերի միայն երկրի ընդհանուր փակումի ժամանակաշրջանին:
Նոյն որոշումը, այսինքն` 30 առ հարիւրի յաւելումը, կը վերաբերի նաեւ թաքսիներու եւ հանրակառքերու փոխադրութեան սակերուն:
Լիբանանեան դրամանիշին կրած արժեզրկումին, սղաճին եւ հետզհետէ վատթարացող տնտեսական պայմաններուն դէմ բողոքի ցոյցերը սկսան առաւօտեան կանուխ ժամերէն:
Ցուցարարները փակեցին Պաալպեքի Մըթրան հրապարակը, Զահլէի հրապարակը` երկու ուղղութեամբ, Պեքաայի մէջ փակուած ճամբաներէն էին նաեւ Տահըր Ահմար, Ռաշայա, Ապլահ եւ Քապ Էլիաս շրջանները:
Հիւսիսային Լիբանանի մէջ ցուցարարներ հրկիզուող անիւներով փակեցին Թրիփոլիի Նուր հրապարակը, ինչպէս նաեւ Ժապալ Մըհսեն եւ Թրիփոլիի սերայ տանող ճամբաները:
Սայտայի մէջ ցուցարարները հրկիզուած անիւներով փակեցին Ատլունի մայրուղին: Փակուեցան նաեւ Սուրի եւ Նաամէի մայրուղիները:
Ցուցարարները փակեցին նաեւ Պհամտունի մայրուղին` Պաալշմայի խաչմերուկին վրայ:
Ցոյցերը շարունակուեցան մինչեւ ուշ գիշեր:
Միւս կողմէ, ուշ գիշերին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ ինք համաձայն է, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը աւարտի ելքով մը` աւելցնելով, որ ինք 18 նախարարներէ բաղկացած կառավարութեան չէ կառչած, որովհետեւ երկիրը փուլ կու գայ, եւ կառավարութեան կազմութիւնը անհրաժեշտութիւն է:
Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի ներքին քաոս` տիրող տնտեսական եւ ընկերային կացութեան պատճառով, «սակայն քաղաքացիական պատերազմի ոչ մէկ նշոյլ կը նշմարեմ», ըսաւ ան:



