Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահը Սահմանադրական Դատարան Ուղարկած Է «Զինուորական Ծառայութեան Եւ Զինծառայողի Կարգավիճակի Մասին» Օրէնքի` Սահմանադրութեան Համապատասխանելու Հարցը

Մարտ 3, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ տարածած է յայտարարութիւն մը` Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Օնիկ Գասպարեանը պաշտօնէն ազատ կացուցելու առաջարկին վերաբերեալ հանրապետութեան նախագահի որոշումին մասին:

«Հանրապետութեան նախագահը կարեւորում է Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերի գլխաւոր շտաբի պետ Օնիկ Գասպարեանին պաշտօնից ազատելու հարցի վերաբերեալ առաջացած քաղաքական ճգնաժամի հրատապ հանգուցալուծումը:

Այդ նպատակով հանդիպումներ են եղել վարչապետի, զօրավար-գնդապետ Օնիկ Գասպարեանի եւ զինուած ուժերի բարձրագոյն հրամանատարական կազմի հետ: Ուսումնասիրուել են ազատելու մասին հրամանագրի նախագծի առնչութեամբ նախագահի առարկութիւնները չընդունելու վերաբերեալ վարչապետի հիմնաւորումները:

Ակնյայտ է, որ ստեղծուած իրավիճակն արդիւնք է պատերազմական եւ յետպատերազմական ժամանակաշրջանում քաղաքական եւ ռազմական գործիչների շրջանում առկայ տարաձայնութիւնների` երբեմն խիստ անձնաւորուած մօտեցումներով: Չեն կարող անտեսուել նաեւ հրամանագրի ստորագրմանն առարկելու համար հիմք հանդիսացած իրաւական առումով խնդրայարոյց մեկնաբանութիւնները, իրաւակիրառ փորձը, օրէնքի հնարաւոր բացը:

Հանրապետութեան նախագահն իր նախորդ յայտարարութիւններում ընդգծել է, որ խնդրի շուտափոյթ եւ Սահմանադրութեան շրջանակներում կարգաւորումը Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան ու կայունութեան համար առաջնային կարեւորութիւն ունի եւ բացարձակ անհրաժեշտութիւն է պետականութեան պահպանման, հասարակութեան հետագայ պառակտումը կանխելու, ժողովրդի միասնութիւնը եւ հանրային համերաշխութիւնը վերականգնելու, ստեղծուած անորոշ վիճակից դուրս գալու եւ վերջնական հանգուցալուծման հասնելու համար:

Հանրապետութեան նախագահը որոշել է չստորագրել հրամանագրի նախագիծը:

Միաժամանակ, առաջնորդուելով Սահմանադրութեան 169-րդ յօդուածի 1-ին մասի 4-րդ կէտով, հանրապետութեան նախագահն առանձին դիմումով դիմելու է Սահմանադրական դատարան «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» 2017թ. նոյեմբերի 15-ի Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի` Սահմանադրութեանը համապատասխանելու հարցը որոշելու խնդրանքով:

Հանրապետութեան նախագահը, հաւատարիմ իր յանձնառութեանը, շարունակելու է իրավիճակի հետագայ կայունացմանն ուղղուած քայլերը եւ կոչ է անում բոլորին` նախագահի հաստատութիւնը ծառայեցնելով որպէս հարթակ, բանակցել առկայ բոլոր խնդիրների համապարփակ լուծումը գտնելու նպատակով», նշուած է նախագահի գրասենեակի տարածած յայտարարութեան մէջ:

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի յայտարարութենէն ետք Հայաստանի լրատուամիջոցները, քաղաքական կուսակցութիւններն ու գործիչները անդրադարձան անոր` յստակացումներ եւ վերլուծումներ կատարելով: Յատկանշական էր սահմանադրագէտ Վարդան Այվազեանի զրոյցը, որ ունեցած է «Երկիր»-ին հետ: Զրոյցին ընթացքին Այվազեան ըսած է, թէ Հայաստանի նախագահը այսպիսով առիթ կու տայ զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Օնիկ Գասպարեանի պաշտօնանկութեան, որովհետեւ ան Սահմանադրական դատարան կ՛ուղարկէ «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրէնքը, ինչ որ ոչ մէկ ազդեցութիւն կ՛ունենայ Գասպարեանի պաշտօնէ արձակման ընթացակարգին վրայ, որովհետեւ վերջինին վերաբերող առաջարկին սահմանադրականութիւնը վիճարկելու համար չէ, որ կը դիմէ դատարան:

«Այդ օրէնքը ոչ մէկ առնչութիւն ունի վարչապետի միջնորդութեան հետ: Այդ օրէնքի ընթացքը, ճակատագիրը առկայ վէճի հետ որեւէ առնչութիւն չունի: Վարչապետի առարկութիւնները ետ ուղարկելէ ետք նախագահը 3 օր ժամկէտ ունի եւ եթէ 3 օրուան ժամկէտին մէջ չդիմէ Սահմանադրական դատարան, Գլխաւոր շտաբի պետը կը նկատուի ազատ կացուցուած: Ինչպէս ինք կ՛ըսէ` «չեմ ստորագրեր», ատիկա հեքիաթ է, որովհետեւ ալ ոչ մէկը պիտի հարցնէ` կը ստորագրե՞ս, թէ՞ ոչ, իրաւունքի ուժով` վարչապետի միջնորդութիւնը ուժի մէջ կը մտնէ, Գլխաւոր շտաբի պետը կը նկատուի աշխատանքէ ազատուած», բացատրեց սահմանադրագէտը:

Այսպիսով, նախագահ Սարգսեան տակաւին միայն մէկ օր ունի ընդհանուր հրամանատարի պաշտօնանկութեան հարցով դիմելու Սահմանադրական դատարան, այլապէս 4 մարտին Օնիկ Գասպարեան արդէն պաշտօնէ կ՛արձակուի:

Նախորդը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումի Ներկայացուցիչները Կը Պահանջեն Շտապ Հանդիպում Հայաստանի Նախագահին Հետ

Յաջորդը

Զաթուլին. «Փաշինեան Հայաստանը Կը Տանի Դէպի Քաղաքացիական Պատերազմ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?