Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Յարութիւնեան. «Արմատական Խախտումները, Որոնք Անթոյլատրելի Են Ժողովրդավարական Հասարակութեան Մէջ, Տեղի Ունեցած Են Նախընտրական Փուլին»

Յուլիս 12, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սահմանադրական դատարանին մէջ երէկ` 11 յուլիսին շարունակուեցաւ 20 յունիսին տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները անվաւեր ճանչնալու միաւորուած գործով դատաքննութիւնը: Բացատրութիւններով հանդէս եկած է «Պատիւ ունեմ» դաշինքի ներկայացուցիչ, արդարադատութեան նախկին նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան:

Ան իր խօսքին սկիզբը նշած է, որ «ժամանակակից ժողովրդավարական երկիրներուն մէջ ընտրութիւնները կը կազմակերպուին համընդհանուր ճանաչում գտած սկզբունքներու համապատասխան: Անոնք են` ընդհանուր, հաւասար, ազատ եւ ուղղակի ընտրական իրաւունքի սկզբունքները:

«Կը գտնենք, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնները տեղի ունեցած են այդ սկզբունքներէն երկուքին` հաւասարութեան եւ ազատութեան սկզբունքներու կոպտագոյն եւ շարունակական խախտումներով, որոնք ազդած են ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ` յանգեցնելով ժողովրդավարութեան սահմանադրական հիմնարար սկզբունքի ոտնահարման», ըսաւ ան:

Ըստ Յարութիւնեանի, բազմաթիւ խախտումներ տեղի  ունեցած են  քուէարկութեան օրուան ընթացքին, սակայն իրենք նպատակայարմար չեն նկատեր անոնց անդրադառնալ, քանի որ, իրենց գնահատումով, արմատական խախտումները, որոնք անթոյլատրելի են  ժողովրդավարական հասարակութեան մէջ, տեղի ունեցած են նախընտրական փուլին:

«Ուստի մեր դիմումի շրջանակներուն մէջ Սահմանադրական դատարանի քննարկման առարկայ կ՛ուզենք դարձնել ընտրական գործընթացին մէջ տեղ գտած ազատ եւ հաւասար ընտրութեան իրաւունքի սկզբունքներու համակարգային խախտումները, որոնք իրենց նախադէպը չեն ունեցած Հայաստանի պատմութեան ընթացքին», ըսաւ ան:

Ան նշեց, որ ընտրողը պէտք է պաշտպանուած ըլլայ սպառնալիքներէ եւ այնպիսի սահմանափակումներէ, որոնք կրնան յանգեցնել ընտրութիւն չկատարելուն կամ ազդել իր կամքին համապատասխան ընտրութիւն կատարելու վրայ:

Ըստ Դաւիթ Յարութիւնեանի, երկրորդ թեզը ազատ ընտրութեան սկզբունքի կոպտագոյն խախտումն է. քարոզարշաւի ժամանակ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ցուցակի թիւ մէկը, ըլլալով միաժամանակ հանրային իշխանութեան ներկայացուցիչ, կոպտօրէն ոտնահարած է ազատ ընտրութեան սկզբունքը: «Դիտարկելով նախընտրական քարոզչութեան ժամանակահատուածը` ակնյայտ է, որ վարչապետի  պաշտօնակատար Փաշինեանի այնպիսի վարքագիծի դրսեւորումով, որ պարունակած է  ահաբեկման, բռնութեան, վարչական  ներգործութեան եւ հետագայ վրէժխնդրութեան յստակ տարրեր, անոնց հիմամբ ձեւաւորուած է վախի, լարուածութեան մթնոլորտ եւ ընտրողը ենթարկուած է  այնպիսի հոգեբանական ճնշումի, որ զայն զրկած է ազատ ընտրութեան կարելիութենէ»:

 

 

Նախորդը

Ո՛չ Վառելանիւթ, Ո՛չ Ելեկտրականութիւն Ո՛չ Դեղորայք… Եւ Լիբանանցիին Տառապանքը Կը Շարունակուի

Յաջորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Արժանապատիւ Ազգ Եւ Պետութիւն Դառնալու Պայքարը Այլընտրանք Չունի»

RelatedPosts

Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Կազմակերպած Խորհրդաժողովին՝ «Հարկ Է Ուսումը Մասնակցութեամբ Ու Ծառայութեամբ Արժեւորել» Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութային

Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Կազմակերպած Խորհրդաժողովին՝ «Հարկ Է Ուսումը Մասնակցութեամբ Ու Ծառայութեամբ Արժեւորել» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հոկտեմբեր 4, 2025
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Գլխաւոր լուրեր

Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը

Հոկտեմբեր 4, 2025
Միքայէլ Արք. Աջապահեան Դատապարտուեցաւ 2 Տարուան Ազատազրկման.  ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը Խստիւ Կը Դատապարտէ
Գլխաւոր լուրեր

Միքայէլ Արք. Աջապահեան Դատապարտուեցաւ 2 Տարուան Ազատազրկման. ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը Խստիւ Կը Դատապարտէ

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?