Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վլատիմիր Ճապարով Ամփոփեց Փաշինեան-Փութին Հանդիպման Արդիւնքները

Յուլիս 9, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի միջազգային գործերու կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Վլատիմիր Ճապարով խիստ կարեւոր նկատեց Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի այն քայլը, որ ան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերընտրուելէ ետք առաջին պաշտօնական այցելութիւնը Մոսկուա կատարեց: Ան Նիկոլ Փաշինեանի քայլը անուանեց «բարի նշան»:

Ճապարով նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկեցին աշխատանքային հարցեր, իրավիճակը շրջանին մէջ, Ղարաբաղի վիճակը, Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութիւնը եւ այլն:

Ըստ անոր, նախկին խորհրդային երկիրները (Ազրպէյճան եւ Հայաստան) վաղ թէ ուշ պէտք է կարգաւորեն յարաբերութիւնները եւ սկսին համաձայնիլ, վերականգնել երկիրները այդ ցնցումներէն ետք, իսկ ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը երաշխիք է ապագային հաւանական արիւնահեղութիւններէ խուսափելու համար:

Վլատիմիր Ճապարով ընդգծեց, որ հայ-ազրպէյճանական սահմանին ռուս սահմանապահներու տեղակայումը պիտի իրականացուի երկու երկիրներու` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի համաձայնութեամբ, եւ որեւէ սադրանք պիտի կասեցուի:

Անդրադառնալով Ազրպէյճանի տարածքին թրքական ռազմական խարիսխ ստեղծելու մասին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութիւններուն` Ճապարով նշեց, որ Ռուսիա շատ բացասական կը նկատէ ատիկա` աւելցնելով, որ Մոսկուա կարելիութիւն ունի ճնշում գործադրելու Թուրքիոյ վրայ, իսկ Թուրքիոյ հակառակորդ պէտք չէ` ի դէմս Ռուսիոյ:

Ճապարով յիշեցուց, որ Թուրքիան երբեք Ռուսիոյ դաշնակից չէ եղած` ընդգծելով, որ Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական շահերը միշտ չեն, որ կը համընկնին Կովկասի մէջ Ռուսիոյ եւ անոր դաշնակիցներու շահերուն:

Խօսելով  հայ գերիներու վերադարձի խնդիրին մասին` ռուս քաղաքական գործիչը նշեց, որ Ազրպէյճան արհեստականօրէն կը ձերբակալէ հայ ռազմագերիները` զանոնք ներկայացնելով իբրեւ յանցագործներ: Ան վստահեցուց, որ Ռուսիոյ ղեկավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ այդ խնդիրի լուծման համար:

Նախորդը

Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Իրավիճակի Հանգուցալուծման Ուղիներուն Վերաբերող Քննարկում

Յաջորդը

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը` Հայաստանի Մէջ Շարունակուող Բռնաճնշումներու Անընդունելիութեան Մասին

RelatedPosts

Հանդիպում Մեթնի Հայ Թաղապետներու Հետ
Գաղութային

Հանդիպում Մեթնի Հայ Թաղապետներու Հետ

Նոյեմբեր 12, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Պատուիրակութիւնը Այցելեց Մխիթարեան  Հայրերու Ռաուտայի Վարժարան
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Մխիթարեան Հայրերու Ռաուտայի Վարժարան

Նոյեմբեր 12, 2025
Շարհի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ Հետ  Կ՛աշխատին Իսրայէլի Հետ Հաւանական  Համաձայնութեան Մը Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Շարհի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ Հետ Կ՛աշխատին Իսրայէլի Հետ Հաւանական Համաձայնութեան Մը Վրայ»

Նոյեմբեր 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?