Newsletter

ՀՅԴ Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ընդդէմ  Եւրոպական Միութեան Ներկայացուցչի  Հայաստան Այցելութեան

ՀՅԴ Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ընդդէմ Եւրոպական Միութեան Ներկայացուցչի Հայաստան Այցելութեան

Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Շարլ Միշելի Հայաստան այցելութեան ընդառաջ` ՀՅԴ երիտասարդները երէկ` 16 յուլիսին բողոքի ցոյց կազմակերպեցին: Ցոյցի մասնակիցներու ձեռքին կային նաեւ պաստառներ` «Ամօ՛թ ձեզի» գրութեամբ: ՀՅԴ Հայաստան երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ` իրենք այստեղ են, որպէսզի իրենց յուզող հարցերը ուղղեն Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչին: «Մենք հարց կու տանք` ո՞ւր էր Եւրոպան ամբողջ պատերազմի...

ՀՅԴ Հայ Դատի Պելճիքայի Յանձնախումբը  Բողոքի Նամակ Ուղղած Է  Երկրի Արտաքին Գործոց Նախարարին

ՀՅԴ Հայ Դատի Պելճիքայի Յանձնախումբը Բողոքի Նամակ Ուղղած Է Երկրի Արտաքին Գործոց Նախարարին

ՀՅԴ Հայ դատի Պելճիքայի յանձնախումբը բաց նամակ յղած է Պելճիքայի փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Սոֆի Վիլմեսին` իր բողոքը արտայայտելով ընդդէմ Ազրպէյճանի մէջ Պելճիքայի դեսպանի մասնակցութեան Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած հայկական տարածքներ, մասնաւորապէս Շուշի կազմակերպուած այցելութեան: Պելճիքայի կողմէ մասնակցութիւնը այդ այցելութեան խստօրէն դատապարտուած է հայ համայնքին կողմէ: «Տիկի՛ն նախարար, մենք զարմացանք, երբ իմացանք, որ Պաքւում գտնուող Պելճիքացի դիւանագէտը մի քանի օր...

ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Նիստին Ներկայացուեցաւ Արցախի Դէմ Ազրպէյճանի Սանձազերծած Յարձակումին Հետեւանքները

21 յունիսէն 14 յուլիս 2021-ին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 4-7րդ նստաշրջանը: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցերով յատուկ խորհրդականի հետ քննարկման ժամանակ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութիւնը անդրադարձաւ այս ուղղութեամբ իրականացուող միջազգային հանրութեան ջանքերուն մէջ Հայաստանի ներդրումին: Նստաշրջանին ընթացքին Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը մանրամասն կերպով լուսաբանեց եւ ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներուն ու համապատասխան կառոյցներուն ուշադրութեան յանձնեց Արցախի վրայ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումին...

Հայաստանի Զինուած Ուժերու  Պատուիրակութիւնը Մեկնած Է Ասթանա

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Ապատեղեկատուութիւն Տարածել»

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը տարածած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած է, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը սկսած է ապատեղեկատուութիւն տարածել գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ, 15 յուլիսին եւս ձեռնպահ չէ մնացած տեղեկատուական սադրիչ գործողութիւններէն: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելցուցած է, որ  Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տարածած է հաղորդագրութիւն, ըստ որուն, 15 յուլիսին Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները Գեղարքունիքի մարզի մարտական...

Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան.  «Շուշիի Ուղղութենէն Կրակոցներ Եղած Են»

Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան. «Շուշիի Ուղղութենէն Կրակոցներ Եղած Են»

Շուշիի ուղղութենէն 15 յուլիսին արձանագրուած կրակահերթերուն վերաբերեալ ընկերային ցանցերուն մէջ տարածուող տեղեկութիւնները ստուգելու նպատակով` Արցախի մարդու իրաւունքների պաշտպանի աշխատակազմին կողմէ կատարուեցաւ միջադէպին վերաբերեալ փաստերու հաւաքագրում: Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրեց, որ իր ներկայացուցիչները այցելած են Ստեփանակերտի Արմէնաւան թաղամասը, բնակիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին հաստատուած է փաստը, որ մօտաւորապէս ժամը 17:00-ին ազրպէյճանական կողմը 4-5 անգամ կարճ...

Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Թշնամիին Կրակոցէն Հայ Զինուոր Մը Զոհուեցաւ

Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Թշնամիին Կրակոցէն Հայ Զինուոր Մը Զոհուեցաւ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն տեղեկացուցին, որ երէկ` չորեքշաբթի, 14 յուլիսի առաւօտեան ժամը 10:30-ի շուրջ դէպք մը արձանագրուեցաւ հայ-ազրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին մէջ: Ազրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները, մարտական դիրքերու յառաջխաղացքի նպատակով փորձեցին, ճարտարագիտական սարքերու գործածութեամբ, ամրաշինական աշխատանքներ իրականացնել: Հայկական կողմին` նշեալ աշխատանքները դադրեցնելու միտուած հակազդող գործողութիւններէն ետք ազրպէյճանցի զինուորները նշանառու կրակ բացին հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Ծաւալած...

Երէկ  Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխաններու Ճնշող Մեծամասնութիւնը Դատապարտեց Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Յայտարարութիւնը

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը կը դատապարտէ որոշ օտարերկրեայ դեսպաններու եւ դիւանագէտներու այցելութիւնը Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Շուշի: Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած քարոզչական այցելութեան միանալու դիւանագէտներու ցաւալի որոշումը ընդամէնը քանի մը ամիս առաջ Շուշիի եւ ընդհանրապէս Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան նկատմամբ նոյն բռնատէր եւ յանցաւոր ազրպէյճանական վարչակարգին կողմէ իրականացուած զինուորական յանցագործութիւններու հաստատման ու օրինականացման դատապարտելի գործողութիւն է: 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Թուրքիոյ...

Արցախի Ազգային Ժողովի  Խմբակցութիւններ.  «Կոչ Կ՛ուղղենք Արցախի Տարածքներու  Ապաբռնագրաւման Քայլերու Ձեռնարկելու»

Արցախի Ազգային Ժողովի Խմբակցութիւններ. «Կոչ Կ՛ուղղենք Արցախի Տարածքներու Ապաբռնագրաւման Քայլերու Ձեռնարկելու»

10 յուլիսին Պաքուի մէջ հաւատարմագրուած օտար երկիրներու դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչներուն` բռնագրաւուած տարածքներ այցելութեան առիթով` Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները հրապարակեցին հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ պատերազմից յետոյ միջազգային իրաւունքի եւ, մասնաւորապէս, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի ոտնահարմամբ շարունակւում են թշնամական գործողութիւնները հայկական պատմական, մշակութային եւ հոգեւոր արժէքների հանդէպ: Եւ այս ամէնը ո՛չ միայն չի դատապարտւում միջազգային կառոյցների եւ առանձին...

«Թուրքիան Ձգած Է Ցեղասպանութեան Դրոշմ».   Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արձագանգը Ազրպէյճանին Աջակցելու Յայտարարութիւններուն

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Պաշտօնական Պաքուն Կը Փորձէ Լարուածութեան Նոր Օճախներ Ստեղծել»

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը, անդրադառնալով հայ-ազրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին մէջ տեղի ունեցած դէպքին, որուն պատճառով հայ զինուոր մը նահատակուեցաւ, հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է. «Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք` Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզեր, ազրպէյճանական զինուած ուժերի ստորաբաժանումների ներթափանցումից յետոյ տեղի ունեցած այս սադրիչ գործողութիւններն ակնյայտօրէն վկայում են, որ պաշտօնական Պաքուն փորձում է լարուածութեան նոր օճախներ ստեղծել` խաթարելով տարածաշրջանային...

Լիբանանեան Թղթածրարի Միջազգայնացման  Մթնոլորտին Մէջ.  Կառավարութեան Կազմութեան  Ճիգերը Թափ Կ՛առնեն

Լիբանանեան Թղթածրարի Միջազգայնացման Մթնոլորտին Մէջ. Կառավարութեան Կազմութեան Ճիգերը Թափ Կ՛առնեն

Վերջին քանի մը օրերը յատկանշական էին Լիբանանի համար, ուր դիւանագիտական ուշագրաւ եռուզեռ արձանագրուեցաւ` թիրախ ունենալով կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը: Փաստօրէն, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երկար դադարէ ետք այցելեց Պաապտա, ուր նախագահ զօր. Միշել Աունին յանձնեց 24 նախարարներէ բաղկացած կառավարութեան ցանկ մը: Ըստ նախնական տեղեկութեանց, Հարիրի ցանկին մէջ ներառած է իր «նշանակած» երկու քրիստոնեայ նախարարներուն անունները, «արտաքին գործոց նախարարութիւնը «յանձնած է...

«Հայաստան» Դաշինքի  Ներկայացուցիչներու Մամլոյ Ասուլիս

«Հայաստան» Դաշինքի Ներկայացուցիչներու Մամլոյ Ասուլիս

Երէկ` երեքշաբթի, 13 յուլիսին, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդներ Վահէ Յակոբեանը եւ Իշխան Սաղաթէլեանը հանդէս եկան մամլոյ ասուլիսով: Յետընտրական Հայաստանի մէջ կը հետապնդուին Սիւնիքի համայնքներու ղեկավարները, որոնք «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան խորհուրդի անդամներ են, «Հայաստան» դաշինքի մաս կը  կազմեն. ասուլիսին յայտարարեց «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Վահէ Յակոբեան: Ան յիշեցուց, որ Մեղրիի` հրաժարական տուած ղեկավար Մխիթար Զաքարեանը նախանցեալ օր կալանաւորուեցաւ երկու ամիսով, մինչ այդ...

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան  Ծանուցագիրները` ՄԱԿ-ին Եւ Եւրոպական Խորհուրդին

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Մէջ Հաւատարմագրուած Դիւանագէտներու Այցելութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած է յայտարարութիւն մը` Ազրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներու` Արցախի բռնագրաւուած տարածքներ այցելութեան առնչութեամբ: Ստորեւ` Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը. «Խստագոյնս դատապարտում ենք 2021 թուականի յուլիսի 10-ին ազրպէյճանական իշխանութիւնների կողմից Ազրպէյճանում հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագիտական առաքելութիւնների աշխատակիցների այցի կազմակերպումը Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւուած տարածքներ, այդ թւում` քաղաք Շուշի: Նմանատիպ գործողութիւններով Ազրպէյճանը փորձում է ամրագրել 2020 թուականի սեպտեմբերի...

ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը  Խստօրէն Քննադատած Է Ազրպէյճանի Մէջ  Յունաստանի Դեսպանին Շուշի Այցելութիւնը

ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը Խստօրէն Քննադատած Է Ազրպէյճանի Մէջ Յունաստանի Դեսպանին Շուշի Այցելութիւնը

ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը երկրի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասին բողոքագիր յղած է Ազրպէյճանի մէջ Յունաստանի դեսպան Նիքոլաս Փիփերիկոսի` Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած պատմական եւ ժողովրդագրական հայկական Արցախ այցելութեան հարցով: «1լուրեր» կայքին փոխանցումով, այս մասին կը հաղորդէ «Կրիք Սիթի Թայմզ» օրաթերթը: Յունաստանի դեսպանը որոշած է միանալ Արցախի` Ազրպէյճանի կողմէ գրաւուած տարածքներ քարոզչական շրջագայութեան: ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը բաց նամակ...

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Կոչ Կ՛ուղղեն` Զերծ Մնալու Կարեւոր Նշանակութիւն Ունեցող Ենթակառոյցներուն Ուղղուած Սպառնալիքներէն

Ակնարկ. Եռանախագահող Երկիրները Շուշին Նկատեցին Արցախի Անբաժանելի Տարածքը

Շուշիի նկատմամբ Պաքուի պետական քաղաքականութիւնը ո՛չ միայն բնակեցման, վերանորոգութեան եւ մշակութային կեդրոնի վերածման ուղղութիւնները ներառած է, այլ նաեւ Անգարայի հետ համատեղ համաթուրքական ծրագիրի հռչակման կեդրոնի հանգամանք: Հիմա, Ազրպէյճանի մէջ գործող դիւանագիտական ներկայացուցիչներու քարոզչական շրջագայութեան կազմակերպումով նաեւ` միջազգային ուշադրութիւն գրաւելու քաղաքականութիւնն է, որ կը կիրարկուի: Այս երեք ուղղութիւններուն մէջ վերջինը որքան ալ ցաւոտ կողմ ունենայ` դիւանագէտներու ընդառաջումի եւ մասնակցութեան առումով, այնուամենայնիւ...

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի  Ա. Տարելիցին Ընդառաջ.  Զոհերուն Հարազատները  Կը Սաստկացնեն Իրենց Կեցուածքը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Ա. Տարելիցին Ընդառաջ. Զոհերուն Հարազատները Կը Սաստկացնեն Իրենց Կեցուածքը

Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումի առաջին տարելիցին սեմին, պայթումի զոհերուն հարազատները օրըստօրէ կը սաստկացնեն իրենց կեցուածքը` սպառնալով «աւելի անդին երթալ»: 4 օգոստոս 2020-ի պայթումի հեղինակներուն եւ յանցագործներուն ինքնութեան փնտռտուքով հարազատները երէկ աղմկարար ցոյց մը կազմակերպեցին իբրեւ բողոք, յատկապէս` խորհրդարանի անձնակազմի նախագահին եւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմիի դէմ: Արդարեւ, պայթումի ծալքերուն եւ յանցագործներուն գծով հետաքննութիւն կատարող դատախազ Ֆատի Պիթար վերջերս...

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէն Ներկայացուց  «Թոքիօ-2020»-Ի Ամառնային Ողիմպիական Խաղերուն  Մասնակցող Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէն Ներկայացուց «Թոքիօ-2020»-Ի Ամառնային Ողիմպիական Խաղերուն Մասնակցող Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը

Երէկ յետմիջօրէին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն, «Լանքասթըր-Թամեր» պանդոկին մէջ (Հազմիէ) յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով ներկայացուց «Թոքիօ-2020»-ի ամառնային 32-րդ ողիմպիական խաղերուն մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը: Նշենք, որ այս խաղերը տեղի պիտի ունենան 23 յուլիսէն 8 օգոստոս: Այս մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Փիեռ Ժալըխ եւ այլ անդամներ, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ: Այս...

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական.   Դիւանագիտական Սայթաքո՞ւմ… Կա՞մ Երկդիմի Քաղաքականութիւն

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական. Դիւանագիտական Սայթաքո՞ւմ… Կա՞մ Երկդիմի Քաղաքականութիւն

Ազրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած 50 եւ աւելի դիւանագիտական ու միջազգային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու, որոնց կարգին նաեւ յոյն դեսպան Ն. Փիփերիկոսի, բեմադրուած այցելութիւնը Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Վարանդա եւ Շուշի քաղաքները, դժգոհութեան եւ բողոքի բուռն ալիք բարձրացուց յունական հանրային կարծիքին մօտ: Արցախի գրաւեալ հողերուն վրայ Յունաստանի դիւանագէտին ներկայութիւնը խստօրէն դատապարտուեցաւ յունական լրատուամիջոցներուն կողմէ, որոնք այս քայլին համար բացատրութիւններ պահանջեցին երկրի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

Վերջ Գտաւ ՀՅԴ Արցախի 26-րդ Շրջանային Ժողովը

10-11 յուլիս 2021-ին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի կազմակերպութեան 26-րդ Շրջանային ժողովը, որուն կը մասնակցէին ՀՅԴ Արցախի բոլոր շրջաններու պատգամաւորները, շրջանաւարտ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչները, հրաւիրեալ ընկերներ: Ժողովը հանգամանօրէն գնահատեց շրջանաւարտ Կեդրոնական կոմիտէի երկամեայ գործունէութիւնը, նախանշեց նորընտիր Կեդրոնական կոմիտէի ընելիքները: Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ նոր Կեդրոնական կոմիտէի  ընտրութիւն: Ընտրուեցաւ Կեդրոնական կոմիտէի 7 հոգինոց...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Մեր Երկրին Մէջ  Ե՛ւ Դատախազը, Ե՛ւ Քննիչը,  Ե՛ւ Ոստիկանութիւնը Մէկ Մարդ Է»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Մեր Երկրին Մէջ Ե՛ւ Դատախազը, Ե՛ւ Քննիչը, Ե՛ւ Ոստիկանութիւնը Մէկ Մարդ Է»

«Մեր երկրին մէջ ե՛ւ դատախազը, ե՛ւ քննիչը, ե՛ւ ոստիկանութիւնը մէկ մարդ է. ատիկա երկրի վարչապետի աթոռը զբաղեցնող անձն է, որ կը կայացնէ բոլորին մեղադրելու որոշումները, իսկ իրաւապահներուն կը մնայ իրենց երեւակայութիւններուն հիմամբ ինչ որ մեղադրանքներ յօրինել եւ փորձել մարդոց ձերբակալել, կալանաւորել», Երեւան քաղաքի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի «Աւան» նստավայրին առջեւ լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտարարեց ՀՅԴ...

Արամ Վարդեւանեան. «Եթէ Այսչափ  Ընտրակեղծիքներ Չըլլային, Որակապէս  Լրիւ Այլ Պատկեր Պիտի Ունենայինք»

Արամ Վարդեւանեան. «Եթէ Այսչափ Ընտրակեղծիքներ Չըլլային, Որակապէս Լրիւ Այլ Պատկեր Պիտի Ունենայինք»

«Եթէ այսչափ ընտրակեղծիքներ չըլլային, կրնամ ըսել, որ որակապէս լրիւ այլ պատկեր պիտի ունենայինք. եթէ ցուցակները ըլլային պատշաճ, եթէ ընտրուողներու ընդհանուր թիւի անձնագիրները աշխատէին», այս մասին Սահմանադրական դատարանին մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց Սահմանադրական դատարանին մէջ «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ Արամ Վարդեւանեանը: «Ընտրական հոլովոյթին հետ կապուած, երբ մենք կ՛ըսէինք, որ եղած են խախտումներ, շատերը կ՛ըսէին, որ ատիկա, թերեւս, մեր կողմնակալ...

Page 3 of 256 1 2 3 4 256

Արխիւներ

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?