Հայաստանի Նախագահը Այցելեց Վրաստան. Նախագահ Սարգսեան Շեշտեց Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Արդար Լուծման Կարեւորութիւնը
Երէկ` հինգշաբթի, 15 ապրիլ 2021-ին, Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ պաշտօնական այցելութեամբ Վրաստան կը գտնուի, Թիֆլիսի մէջ հանդիպում ունեցաւ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի հետ: Նախագահները քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային հարցեր, որոնց կարգին` Արցախի հարցը: Նախագահ Արմէն Սարգսեան դիտել տուաւ, որ Վրաստանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն ամրապնդումը կարեւոր է թէ՛ երկու երկիրներուն եւ թէ՛ հիմնական նախադրեալ է շրջանի անվտանգութեան եւ...



















