Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առցանց Համաժողով. Կոչ Ուղղուած Է Յստակ Քայլերու Ձեռնարկելու` Հայ Ռազմագերիները Ազատելու Համար

April 14, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Լուքաս Ֆուրլասի (Կիպրոս, ԵԺԿ) նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ առցանց համաժողով Ազրպէյճանի մէջ հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու վերաբերեալ: Քննարկուեցան հարցին իրաւական եւ քաղաքական կողմերը: Համաժողովի բանախօսներն էին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Հեղինէ Էվինեան, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Հարաւային Կովկասի հետ յարաբերութիւններու հարցերով պատուիրակութեան ղեկավար, երեսփոխան Մարինա Կալիւրանտ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան: Պատերազմի հրադադարի յայտարարութենէն ետք անցած է հինգ ամիս, սակայն հակառակ բոլոր ռազմագերիները եւ այլ պահուող անձերը վերադարձնելու Ազրպէյճանի պարտաւորութեան` այդ երկրին մէջ տակաւին առնուազն 188 հայ ռազմագերի կը պահուի:

Իր խօսքին մէջ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Հեղինէ Էվինեան շեշտեց, որ պատերազմի աւարտէն ամիսներ ետք հայ ռազմագերիները անազատութեան մէջ պահելը Ազրպէյճանի կողմէ պատերազմը հոգեբանական տեսանկիւնէն երկարաձգելուն ուղղուած քայլ է: «Ասիկա պատերազմի կործանարար հետեւանքներու շարունակութիւնն է: Մարդ արարածը, նոյնիսկ եթէ ան անազատութեան մէջ է, կարելի չէ օգտագործել իբրեւ քաղաքական առեւտուրի առարկայ` նորանոր օգուտներ կորզելու համար», ըսաւ Էվինեան:

«Եւրոպայի մէջ կառավարութիւններու լռութիւնն ու կրաւորական դիրքորոշումը այնպիսի մարդասիրական խնդիրի վերաբերեալ, ինչպիսին է ռազմագերիներու ազատ արձակման հարցը, յուսահատեցնող է Եւրոպայի սփիւռքահայութեան համար եւ, ըստ էութեան, իւրաքանչիւր անհատի համար, որ մտահոգուած է այս հարցով եւ ընդհանրապէս կարեւոր կը նկատէ մարդկային արժանապատուութիւնը», շարունակելով խօսքը` մանրամասնեց Էվինեան:

«Եւրոպան կրնայ եւ պէտք է ընէ աւելին` նաեւ յանուն սեփական վստահելիութեան, հզօրութեան եւ կենսունակութեան: Մենք լիայոյս ենք, որ Եւրոպական խորհրդարանը` իբրեւ կառոյց, վերջապէս կ՛արտայայտէ  իր դիրքորոշումը հայ գերիներու վերաբերեալ եւ կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանին անյապաղ ազատ արձակելու հայ ռազմագերիները եւ այլ պահուող անձերը», եզրափակեց Էվինեան:

Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Լուքաս Ֆուրլաս, որ նաեւ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահն է, իր խօսքին մէջ նշեց. «Անհետ կորսուածներու եւ գերիներու ողբերգութիւնը, որմէ 1974-էն ի վեր տուժած է Կիպրոսը, պէտք չէ կրկնուի Արցախի մէջ: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ապահովէ բոլոր գերիներուն անյապաղ վերադարձը»:

Համաժողովի մասնակիցները ընդգծեցին, որ Ազրպէյճանի կողմէ պահուող անձերը անազատութեան ենթարկելը եւ խոշտանգելը ռազմական յանցագործութիւն է, քանի որ, ըստ 1949 թուականի ժընեւեան համաձայնագիրին, անոնք բոլորն ալ իրաւական առումով ռազմագերիներ են: Կոպտօրէն խախտելով ժընեւեան համաձայնագիրը եւ մարդու իրաւունքներու հիմնական սկզբունքները` Ազրպէյճանը կ՛օգտագործէ այս չափազանց զգայուն մարդասիրական հարցը` քաղաքական օգուտներ կորզելու նպատակով: Բոլոր ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու ազատ արձակումը ամրագրուած է Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու` 9 նոյեմբեր 2020-ին ստորագրած հրադադարի յայտարարութեամբ: Նշենք, որ հայկական կողմը վերադարձուցած է բոլոր ազրպէյճանցի ռազմագերիները:

«Հայ գերիներու ճակատագիրը Ազրպէյճանի մէջ» խորագիրով այս համաժողովը տեղի ունեցաւ առցանց ձեւաչափով` հաշուի առնելով առողջապահական արտակարգ իրավիճակը եւ առկայ սահմանափակումները:

ՀՅԴ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

Նախորդը

Լիբանանի Ճարտարարուեստի Մարզի Սեփականատէրերու Ընկերակցութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Յաջորդը

ՀՅԴ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ջանքերով` Քանատան Կասեցուցած Է Թրքական Ընկերութիւններուն Տրամադրուած Զինուորական Արտադրանքի Եւ Արհեստագիտութեան Արտահանման Արտօնագիրները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.