Քանատան չեղեալ յայտարարած է նախապէս տրուած զէնք եւ ճարտարագիտութիւններ Թուրքիա արտածելու արտօնութիւնները, այն բանէն ետք, երբ երկրին իշխանութիւնները ստացած են ապացոյցներ անոնց օգտագործման մասին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մէջ: Այս մասին կը նշուի Քանատայի արտաքին գործերու նախարար Մարք Կառնոյի յայտարարութեան մէջ:
«Անցեալ աշնան, արտածման վերահսկման մեր խիստ դրութեան տակ, Քանատայի կառավարութիւնը կասեցուցած է զինուորական ապրանքներու եւ ճարտարագիտութիւններու` Թուրքիա արտածման արտօնութիւնները` մինչեւ հետաքննութիւնը այն մեղադրանքներուն վերաբերեալ, որ քանատական ճարտարագիտութիւնը Ազրպէյճանը օգտագործած է Լեռնային Ղարաբաղի զինուորական տագնապին մէջ:
«Քայլերը կը յաջորդեն 2019 թուականի աշնան Թուրքիա արտածման նոր արտօնութիւններու տրամադրումը կասեցնելու որոշումին, որ տրուած է այն բանէն ետք, երբ Թուրքիան այդ տարուան հոկտեմբերին Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ սկսաւ «Խաղաղութեան ակունք» զինուորական գործողութիւնը եւ ներխուժեց այնտեղ:
«Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ազգային պաշտպանութեան բաժանմունքի հետ միասին, այդ ժամանակէն ձեռնամուխ եղած է Թուրքիոյ ուղղուած բոլոր կասեցուած եւ գործող արտածման արտօնութիւններու մանրակրկիտ վերատեսութեան:
«Այս հետաքննութենէն ետք, որուն ընթացքին բացայայտուած են համոզիչ ապացոյցներ, որ Արցախի մէջ կ՛օգտագործուի Թուրքիա արտածուող քանատական ճարտարագիտութեան, ես կը յայտարարեմ 2020 թուականի աշնան դադրեցուած արտօնութիւններու ջնջման մասին:
«Նման օգտագործումը կը հակասէ Քանատայի արտաքին քաղաքականութեան եւ Թուրքիոյ վերջնական օգտագործման հաւաստումներուն:
«Այս առաւօտ ես խօսեցայ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ` վերահաստատելու Քանատայի մտահոգութիւնները եւ նախաձեռնելու երկխօսութեան գործիքակազմ քանատացի եւ թուրք պաշտօնատարներու միջեւ` փոխադարձ վստահութիւնը հաստատելու եւ արտածման արտօնութիւններու շուրջ համագործակցութիւնը ընդլայնելու համար` վերջնական օգտագործման երաշխիքներու հետ համապատասխանութիւն ապահովելու համար:
«Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի կարեւոր դաշնակից է, եւ ՕԹԱՆ-ի հետ համագործակցութեան ծրագիրներու հետ կապուած դիմումները պիտի գնահատուին իրարմէ անջատ կերպով», նշուած է յայտարարութեան մէջ:



