Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Նախագահը Այցելեց Վրաստան. Նախագահ Սարգսեան Շեշտեց Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Արդար Լուծման Կարեւորութիւնը

April 16, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 15 ապրիլ 2021-ին, Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ պաշտօնական այցելութեամբ Վրաստան կը գտնուի,  Թիֆլիսի մէջ հանդիպում ունեցաւ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի հետ: Նախագահները քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային հարցեր, որոնց կարգին` Արցախի հարցը:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան դիտել տուաւ, որ Վրաստանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն ամրապնդումը կարեւոր է թէ՛ երկու երկիրներուն եւ թէ՛ հիմնական նախադրեալ է շրջանի անվտանգութեան եւ զարգացման` աւելցնելով, որ Վրաստանի իր պաշտօնակիցին հետ քննարկեց օրակարգային հարցերու լայն շրջանակ` անդրադառնալով փոխադրութեան, ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան, կրթութեան ու մշակոյթի եւ այլ մարզերու: Նախագահը հաստատեց, որ համագործակցութեան մեծ ներուժ կայ ժամանակակից արհեստագիտութեան, արհեստական բանականութեան եւ ժամանակակից այլ բնագաւառներու մէջ:

«Անդրադարձանք նաեւ շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման հարցերուն` հաշուի առնելով Հայաստանի պարագային Լեռնային Ղարաբաղի վրայ Թուրքիոյ աշխուժ ու բացայայտ աջակցութեամբ Ազրպէյճանի իրականացուցած զինուորական յարձակումներուն պատճառով ստեղծուած նոր իրողութիւնները: Ես վրացի գործընկերոջս ներկայացուցի Լեռնային Ղարաբաղի հարցով  հայկական կողմին մօտեցումներն ու տեսակէտները: Յատուկ ընդգծեցի, որ շրջանին մէջ անկարելի է հաստատել մնայուն խաղաղութիւն եւ ապահովել կայունութիւն առանց նաեւ արցախեան տագնապի արդար լուծման: Այդ կարգին նշեցի նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան շրջագիծին մէջ տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթի վերսկսման կարելիութիւնն ու անոր անհրաժեշտութիւնը:   Շեշտեցի պատերազմին պատճառով յառաջացած հսկայական մարդասիրական խնդիրները, այդ կարգին` Ազրպէյճանի կողմէ գերիներն ու պատանդները, կամ այն անձերը, որոնք այդպիսի կարգավիճակ ունին, անոնց ազատ արձակման հարցով շուտափոյթ լուծում գտնելու անհրաժեշտութիւնը: Ասիկա շատ էական խնդիր է եւ ասիկա մարդասիրական խնդիր է», յայտարարեց Արմէն Սարգսեան:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդգծեց նաեւ, որ անթոյլատրելի է պատերազմէն ետք ստեղծուած իրավիճակը Ազրպէյճանի կողմէ շահարկելը, ազգային արժանապատուութեան ոտնահարման քաղաքականութիւն վարելը, մանաւանդ որ նման քաղաքականութիւն ոչ մէկ ձեւով կը նպաստէ երկխօսութեան մթնոլորտի ձեւաւորման: Ա. Սարգսեան մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան պահպանութեան առնչութեամբ:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին` Վրաստանի նախագահը դիտել տուաւ, որ տագնապի լուծման հարթակ ըլլալու Վրաստանի առաջարկը ուժի մէջ է տակաւին: Ան նշեց, որ Հայաստանի նախագահին հետ ունեցած վերջին հանդիպումէն ետք շատ ծանր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կանգնած են բոլորը` մէկ կողմէ համավարակը, որ վնասեց շրջանի բոլոր երեք երկիրներու տնտեսութեան, միւս կողմէ, ան ծանր նկատեց պատերազմն ու անոր հետեւանքները, յատկապէս արձանագրուած զոհերուն պարագան:

Նախորդը

Հայ Ռազմագերիները Ազատ Արձակելու Կոչով Բողոքի Լուռ Նստացոյցեր

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. Հայ Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւնները Կը Վերահաստատեն Հայկական Պահանջատիրութեան Անժամանցելիութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.