Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Կը Դատապարտէ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Նկատմամբ Թրքական Իշխանութիւններու Հետապնդումները

April 28, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան, հակառակ միջազգային դատապարտումներուն, ընդդիմադիր օրէնսդիրներու նկատմամբ կ՛իրականացնէ քրէական հետապնդում:

Այսօր Թուրքիոյ մէջ սկսած է թիւով 108 քաղաքական գործիչներու դատավարութիւն: Անոնց վերագրած են 29 տարբեր քրէական մեղադրանքներ, այդ կարգին` սպանութեան փորձ, ահաբեկչութեան քարոզչութիւն տարածելը եւ թրքական պետութեան դէմ բռնութիւն հրահրելը: Մեղադրող կողմը կը պահանջէ ընդհանուր առմամբ 19.680 տարուան բանտարկութիւն, մեղադրեալներէն 38-ին համար` ցմահ ազատազրկում:

Մենք անհանգստութեամբ կը հետեւինք Թուրքիոյ մէջ ընթացող վերջին զարգացումներուն, որոնք կը վերաբերին ընտրուած քաղաքական գործիչներու նկատմամբ համակարգային բռնաճնշումներուն եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան դէմ քաղաքական դրդապատճառներով գործերուն:

Թուրքիոյ գլխաւոր դատախազը կարգադրած է ձերբակալել 108 անձեր, այդ կարգին` Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան յառաջատար ներկայացուցիչներ: Հոկտեմբեր 2014-ին Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը կոչ ուղղած էր աջակցելու Քոպանիի համար ժողովրդական օրինական բողոքներուն: Հիմա, տարիներ ետք, անոնք կը մեղադրուին բողոքներու ընթացքին բռնութիւններու համար, եւ, մեկնելով անկէ` ահաբեկչութեան մէջ: Այդ ժամանակ մարդիկ ամէնուր կը բողոքէին ընդդէմ Քոպանին քաղաքին վրայ «Իսլամական պետութեան» յարձակման եւ վերջինիս` թրքական վարչակարգին կողմէ շարունակական աջակցութեան: Տարիներ շարունակ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը կոչ  ուղղած է խորհրդարանական հետաքննութիւն կազմակերպելու` լոյս սփռելու համար, թէ ի՛նչը հասցուցած է բռնութիւններուն, բայց նախագահ Էրտողանի իշխող կուսակցութիւնը միշտ կը մերժէ այդ առաջարկը:

Մենք վճռականօրէն դէմ ենք օրէնքի գերակայութեան հանդէպ այս բռնութեան: Ժողովրդավարական կարգերու մէջ անընդունելի է ընտրուած պաշտօնեաները պատասխանատուութեան ենթարկել այնպիսի իրադարձութիւններու համար, որոնց հետաքննութիւնը  աշխուժօրէն կը խոչընդոտուի:

Մենք մեր համերաշխութիւնը կը յայտնենք Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան, քանի որ վերջինս կը դիմագրաւէ համակարգուած բռնաճնշում:

Աւելի՛ն, մենք կը պնդենք, որ ի աջակցութիւն Քոպանիի բողոքի ցոյցերը չեն կրնար քրէականացուիլ: Աշխարհին մէջ միլիոնաւոր մարդիկ բարոյական հիմքերով դէմ են «Իսլամական պետութեան», իսկ մենք դէմ ենք Քոպանիի շուրջ բողոքը քրէականացնելու Էրտողանի քաղաքականութեան: Ինչպէս յայտարարած է Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան նախկին համանախագահ Սելահատտին Տեմիրթաշ. «Այն, ինչ որ իրականութեան մէջ կը կործանէ Էրտողանը, ոչ թէ դաժանօրէն սպաննուած մեր ժողովուրդն է, այլ «Իսլամական պետութեան» պարտութիւնը Քոպանիի մէջ»:

Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ միակ կուսակցութիւնն է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կոչ կ՛ուղղէ:

ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

26 ապրիլի 2021

 

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Այցելած Է Տաւուշի Մարզ

Յաջորդը

Խմբագրական. Ցեղասպանութեան Ճանաչում, Տարածքային Ամբողջականութիւն Եւ Գերիշխանութիւն

RelatedPosts

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.