Երկուշաբթի, 26 ապրիլ 2021-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յաջորդաբար ընդունեց Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնները ներկայացնող պատուիրակութիւնները: Անոնք բաղկացած էին յիշեալ կուսակցութիւններու երեսփոխաններէ ու նախարարներէ: Վեհափառ հայրապետին կողքին հանդիպումներուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Պատուիրակութիւնները նախ ծաղկեպսակ զետեղեցին մայրավանքի Նահատակաց յուշարձանին առջեւ` իրենց յարգանքը արտայայտելով մեր մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն նկատմամբ եւ ապա վեհարանի դահլիճին մէջ յաջորդաբար հանդիպում ունեցան վեհափառ հայրապետին հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին անոնք իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդին, ողջունեցին Միացեալ Նահանգներու նախագահին Ցեղասպանութիւնը յիշելու քաջ քայլը եւ քննադատեցին Թուրքիոյ ուրացման ու ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը:
Հանդիպումները առիթ մը հանդիսացան նաեւ անդրադառնալու Լիբանանը յուզող հարցերուն: