Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան, Հայոց Զոյգ Վեհափառ Հայրապետները Եւ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կ՛ողջունեն Պայտընի Քայլը

Ապրիլ 27, 2021
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սարգսեան. «Հայոց Ցեղասպանութեան
Ճանաչումը Համարձակ Եւ Ոգեւորիչ Քայլ Է»

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան համարձակ եւ ոգեւորիչ քայլ որակած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի Դիմատետրի էջէն: Պայտընին ուղղուած նամակին մէջ նախագահ Սարգսեան մասնաւորաբար նշած է.

«Շնորհակալութի՛ւն, նախագահ Պայտըն,

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը համարձակ եւ ոգեւորիչ քայլ է: Ատիկա կարեւոր է հայ ժողովուրդի եւ ամբողջ աշխարհին մէջ բոլոր անոնց համար, որոնք արդարութիւն կը փնտռեն: Անիկա նոր հեռանկարներ կը բանայ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն համար: Անոր շնորհիւ աշխարհը աւելի լաւ կը դառնայ: Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու դատապարտման գործընթացը կը նպաստէ ցեղասպանութեան` իբրեւ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութեան կանխարգիլման ու անպատժելիութեան վերացման ամբողջ աշխարհին մէջ»:

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ողջունեց
Նախագահ Պայտընի Կողմէ Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

24 ապրիլին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս նամակ յղեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին` երախտագիտութիւն յայտնելով անոր Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակին առիթով հրապարակած պաշտօնական խօսքին մէջ ունեցած արդարամիտ կեցուածքին համար:

Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս իր նամակին մէջ նշեց, որ 106 տարի առաջ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ գործուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը` Միացեալ Նահանգներուն կողմէ, յատկապէս պատմական այս դժուարին պահուն, ունի ուրոյն կարեւորութիւն` հաշուի առնելով նոյն Թուրքիոյ սատարումով Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած բարբարոսական պատերազմը 2020 թուականի աշնան, որուն հետեւանքներու յաղթահարման առումով Ս. Էջմիածինը կ՛ակնկալէ միջազգային հանրութեան շուտափոյթ մարդասիրական ներգրաւումը:

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Դուք Պատմութեան Մէջ
Պիտի Յիշուիք Իբրեւ Խոստումը Յարգող Նախագահ»

24 ապրիլ 2021-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակին առիթով հրապարակած իր պաշտօնական խօսքին մէջ, 1915-ին հայ ժողովուրդին դէմ օսմանեան թուրք պետութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած Ցեղասպանութիւնը բնութագրեց իր ճշգրիտ, պատմական եւ իրաւական անուանումով`  ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Արդարեւ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը նախագահ Պայտընին յղեց շնորհակալութեան ու գնահատանքի նամակ մը, ուր վեհափառ հայրապետը յատկապէս ըսաւ. «Ջերմօրէն կ՛ողջունեմ ու բարձրօրէն կը գնահատեմ ձեր կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը` իմ նախորդներուս, որոնց պարտադրուեցաւ հեռանալ Հայ եկեղեցւոյ Սիսի պատմական կաթողիկոսարանէն, ինչպէս նաեւ աշխարհի բոլոր կողմերը ցրուած Ցեղասպանութեան վերապրողներուն կողմէ»: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Դուք, ձեր ընտրական խոստումը յարգելով յոյս ներշնչեցիք Ցեղասպանութեան զոհերուն, որոնց իրաւունքը տակաւին կը մնայ անտեսուած, եւ աւելի՛ն, դուք վերահաստատեցիք արդարութեան, մարդկային իրաւանց եւ հաշուետուութեան նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը»:

Ապա, վեհափառ հայրապետը գնահատեց նախագահ Ճօ Պայտընի «խօսքէ անդին աշխարհաքաղաքական շահերը շրջանցելու քաջ նախաձեռնութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխարհի քաղաքագէտներուն ուղղուած մարտահրաւէրը, թէ` ընտրական խոստումները պատասխանատու յանձնառութիւններ պէտք է դառնան ի խնդիր արդարութեան եւ ոչ թէ ընտրութիւնը ապահովելու միջոցներ»:

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը
Կ՛ողջունէ

24 ապրիլին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ողջունեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու լուրը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Միացեալ Նահանգներու նախագահին ուղերձը, ուր յստակ ձեւով կը մատնանշուի 20-րդ դարու սկիզբին հայ ժողովուրդին բաժին հասած զանգուածային ոճրագործութեան սահմանումը` իբրեւ ցեղասպանութիւն:

«Հայոց ցեղասպանութեան դժուարին օրերուն Ամերիկայի կառավարութիւնը եւ ժողովուրդը անշահախնդիր օգնութիւն ցուցաբերած եւ մահուան ճիրաններէն փրկած են բազմաթիւ մարդկային կեանքեր: Միացեալ Նահանգներու նախագահին ուղերձը կը շարունակէ ճշմարտութեան եւ արդարութեան կողքին կանգնելու ամերիկեան այս ուժեղ աւանդութիւնները:

«Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ դատապարտումը համամարդկային խնդիր է: Այսօր Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները աներկբայօրէն վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ մարդասիրութեան սկզբունքներուն:  Այս ուղերձը ծանրակշիռ ներդրում է Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գործին մէջ», նշուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

 

Նախորդը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հրաժարեցաւ

Յաջորդը

Ծիծեռնակաբերդի Մէջ. Համազգային Յարգանք` Հայոց Ցեղասպանութեան Մէկուկէս Միլիոն Սուրբ Նահատակներու Յիշատակին

RelatedPosts

Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին
Հայկական

Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?