Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Բիւրոն Կ՛ողջունէ Նախագահ Պայտընի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Հաստատող Ուղերձը

April 24, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ

24 ապրիլ 2021-ը պատմական օր է հայութեան համար: Պատմական օր է, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցի օրը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութիւնը, յանձին նախագահ Ճօ Պայտընի, պաշտօնապէս վերահաստատեց Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը:

Այսպիսով, փաստօրէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները անցան շարքին այն բազմաթիւ երկիրներուն, որոնց ո՛չ միայն օրէնսդիր, այլ նաեւ գործադիր իշխանութիւնները ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ Ցեղասպանութիւն եզրոյթին գործածութիւնը այս օրերուն յոյժ կարեւոր է նաեւ այն պատճառով, որ փաստացի գնահատական կը տրուի արցախեան վերջին` 44-օրեայ պատերազմին ուղղակիօրէն ու անթաքոյց ներգրաւուած Թուրքիոյ` ասկէ 106 տարի առաջ կատարած ու առաւել քան մէկ դար շարունակուող ցեղասպանական գործողութիւններուն:

Արձանագրուած յաջողութիւնը արդիւնքն է տասնամեակներ շարունակ ՀՅԴ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մարմիններուն, Հայ դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն ու հազարաւոր նուիրեալներու անդուլ, անխոնջ ու անկոտրում պայքարին: Անիկա արգասիքն է մեր մարմիններուն, գրասենեակներուն եւ յանձնախումբերու հանդէպ ամերիկահայութեան հաւատքին, հայութեան հետեւողական աշխատանքին, Հայ դատի ամերիկացի բարեկամներուն, աջակիցներուն եւ քաղաքական գործիչներուն:

ՀՅԴ Բիւրոն այսու իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք անվհատ պայքարեցան այս յաջողութեան համար: Ձեր վարձքը կատա՛ր:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու այս յայտարարութեան պատգամը մեզի համար միանշանակ է. պայքարը կը շարունակուի, մինչեւ որ Թուրքիան ընդունի իր պատմական պատասխանատուութիւնը եւ կատարէ արդարացի հատուցում: Հայ դատը ժամանցելիութիւն չի ճանչնար: Հայութեան ոտնահարուած իրաւունքները պիտի վերականգնուի՛ն: Հայաստանն ու հայութիւնը իրենց արժանի տեղը պիտի ունենա՛ն ազգերու համաշխարհային ընտանիքին մէջ: Հայութիւնը իր բնօրրանին մէջ անվտանգ ապրելու եւ արարելու կարելիութիւն պիտի ունենա՛յ :

Ուրեմն, օ՛ն անդր առաջ` դէպի նոր յաջողութիւններ ու նոր յաղթանակներ:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ

24 ապրիլ 2021
ԵՐԵՒԱՆ

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Նախագահին Ներկայացուցիչը՝ Նախարարի Պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Ծիծեռնակաբերդ

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.