Newsletter

Միացեալ Նահանգներ Անգամ Մը  Եւս Կը Զգուշացնեն Թուրքիան

Միացեալ Նահանգներ Անգամ Մը Եւս Կը Զգուշացնեն Թուրքիան

Ուաշինկթըն հերթական նախազգուշացում ուղղած է Թուրքիոյ` ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը ձեռք բերելու հարցով: «Ատիկա ոչ թէ զուտ առեւտուր է, այլ` ՕԹԱՆ-ի համար ազգային անվտանգութեան հարց», «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան ըսած են ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեաները` անանուն մնալու պայմանով: «Խնդիրը այն է, որ ռուսական համակարգերն ու ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչները չեն կրնար համատեղուիլ», ընդգծած են Փենթակոնի ներկայացուցիչները: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը անցեալ...

Ակնարկ.  Համակարգում Իտլիպի Մէջ`  Վերահսկողութեան  Եւ Արտօնութեան Միջեւ

Ակնարկ. Համակարգում Իտլիպի Մէջ` Վերահսկողութեան Եւ Արտօնութեան Միջեւ

Մոսկուա-Անգարա պաշտպանութեան գերատեսչութիւններու պետերու միջեւ կնքուած համաձայնագիրի շրջագիծին մէջ, ըստ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարին, սուրիական Իտլիպի մէջ կը հաստատուի գործողութիւններու համակարգման կեդրոն: Տարի մը առաջ ստորագրուած էր Իտլիպը ապառազմականացուած գօտիի վերածելու մասին համաձայնագիրը երկու երկիրներուն միջեւ: Այդ համաձայնագիրին հետեւողութեամբ է փաստօրէն նոր առաջադրանքը: Հիմա կը բխի հետեւեալ հարցադրումը. համաձայնութիւնը կը վերաբերէր ապառազմականացնելուն: Ապառազմականացման համար կար անշուշտ քաղաքական երկու հիմնական ընկալում: Ռուսական...

«Հայաստանը Եւ Վրաստանը Մեծ Ներուժ  Ունին` Ըլլալու Զարգացած Եւ Հզօր Երկիրներ»  Կ՛ըսէ Սալոմէ Զուրապիշվիլի

«Հայաստանը Եւ Վրաստանը Մեծ Ներուժ Ունին` Ըլլալու Զարգացած Եւ Հզօր Երկիրներ» Կ՛ըսէ Սալոմէ Զուրապիշվիլի

Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի ի պատիւ 13 մարտին Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է ճաշ: Այս այցելութեան առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան անդրադարձած է հայ եւ վրացի ժողովուրդներու բարեկամութեան դարաւոր ակունքներուն` դիտել տալով, որ թէեւ երկու ժողովուրդները դարերու ընթացքին անցած են տարբեր փորձառութիւններու բովով, սակայն զանոնք միաւորած է ընդհանուր պատմութիւնը եւ...

Նախագահ Սարգսեան. «Հայաստան Պատրաստ Է  ԵԽԽՎ-ի Դիտորդական Յանձնաժողովին Հետ  Շարունակելու Բաց Եւ Անկեղծ Երկխօսութիւնը»

Նախագահ Սարգսեան. «Հայաստան Պատրաստ Է ԵԽԽՎ-ի Դիտորդական Յանձնաժողովին Հետ Շարունակելու Բաց Եւ Անկեղծ Երկխօսութիւնը»

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան 14 մարտին ընդունած են Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Դիտորդական յանձնաժողովի Հայաստանի համազեկուցողներ  Եուլիա Լովոչքինան ու Անտրէյ Շիրցելը: Նախագահին հետ կայացած հանդիպումին ան Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման իմաստով կարեւոր նկատած է ԵԽԽՎ-ի դիտորդական հոլովոյթը եւ ընդգծած, որ Հայաստան պատրաստ է կառոյցին հետ շարունակելու բաց ու անկեղծ երկխօսութիւնը: Ա....

Դաւիթ Տօնոյեան Ընդունած Է ՕԹԱՆ-ի  Ընդհանուր Քարտուղարի  Յատուկ Ներկայացուցիչը

Դաւիթ Տօնոյեան Ընդունած Է ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Յատուկ Ներկայացուցիչը

14 մարտին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ընդունած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի կիներու, խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Քլեր Հաթչինսընը: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերուն մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի «Կիներ, խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն» 1325 բանաձեւի դրոյթներու իրականացման առնչուող հարցեր: Հայաստանի  պաշտպանութեան նախարարը ներկայացուցած է Հայաստանի  կառավարութեան կողմէ հաստատուած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 1325 բանաձեւին վերաբերեալ Հայաստանի...

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման  Բանակցային Ձեւաչափի Փոփոխութեան  Փորձերը Անընդունելի Են»  Կ՛ըսէ Ալիեւ

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Բանակցային Ձեւաչափի Փոփոխութեան Փորձերը Անընդունելի Են» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, մեկնաբանելով Հայաստանի կառավարութեան կողմէ արցախեան տագնապի լուծման բանակցային ձեւաչափի փոփոխութեան փորձերը, նշած է, թէ անոնք «անընդունելի» են: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: «Հայաստանի կառավարութիւնը կը փորձէ փոխել բանակցային ձեւաչափը: Ատիկա անընդունելի է եւ տագնապի լուծման հոլովոյթի արգելակման փորձ», Պաքուի մէջ տեղի ունեցած միջազգային խորհրդաժողովի ընթացքին յայտարարած է ան: Ալիեւ իր խօսքին մէջ յիշեցուցած է,...

Հարիրի. «Կը Գիտակցինք Բարեկարգումներուն  Արեւորութեան, Եւ Դժուար Որոշումներ  Պիտի Տանք` Նուազեցնելու Համար Երկրին Նիւթական Բացը»

Հարիրի. «Կը Գիտակցինք Բարեկարգումներուն Արեւորութեան, Եւ Դժուար Որոշումներ Պիտի Տանք` Նուազեցնելու Համար Երկրին Նիւթական Բացը»

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ մասնակցեցաւ Պրիւքսելի խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին հաստատեց, որ հակառակ իր դիմագրաւած դժուարութիւններուն, Լիբանան շարունակած է հաւատարիմ մնալ սուրիացի տեղահանուածներուն նկատմամբ իր յանձնառութեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Եւրոպական Միութեան, որ այս խորհրդաժողովը կազմակերպած է` ընդգծելով, որ տեղահանուածներու թղթածրարի մարտահրաւէրներուն տոկալը մեծ ջանքեր կ՛ենթադրէ: Հարիրի շեշտեց, որ իր կառավարութիւնը կը գիտակցի բարեկարգումներու կարեւորութեան` աւելցնելով, որ դժուար որոշումներ պիտի տան` նուազեցնելու...

Նախարար Կիտանեան Մասնակցեցաւ  Մոսկուայի Զբօսաշրջական Ցուցահանդէսին

Նախարար Կիտանեան Մասնակցեցաւ Մոսկուայի Զբօսաշրջական Ցուցահանդէսին

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան մասնակցեցաւ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած «Էմ. Էյ. Թի. Թի.» զբօսաշրջական ցուցահանդէսին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 54 երկիրներ եւ զբօսաշրջութեան մարզի մեծ թիւով պատասխանատուներ: Մոսկուայի մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսին Լիբանանի տաղաւարի բացումը կատարեց Ռուսիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Շաուքի Պու Նասսար: Ցուցահանդէսի շրջագիծին մէջ Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը, որուն հիման վրայ Պէյրութ-Մոսկուա չարթըր թռիչքներ պիտի կատարուին`...

Թել Աւիւ Հրթիռակոծուեցաւ

Թել Աւիւ Հրթիռակոծուեցաւ

Երէկ գիշեր Կազայէն երկու հրթիռներ արձակուեցան Թել Աւիւի ուղղութեամբ: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը վար չեն առած երկու հրթիռներէն որեւէ մէկը: Բանակը նաեւ նշեց, թէ հրթիռարձակման մասին գաղտնի սպասարկական տեղեկութիւններ չունէր եւ հրթիռարձակումը զայն անակնկալի մատնած է: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ Համաս չի կանգնիր հրթիռակոծումին ետին: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու բանակի հրամանատարները հրաւիրեց հրթիռակոծման հակադարձութեան կարելիութիւնները սերտելու:

Սուրիական Բանակը Իտլիպի Հարաւային  Գիւղական Շրջանին Մէջ Ժապհաթ Նուսրայի  Կեդրոնատեղիներ Քանդած Է

Սուրիական Բանակը Իտլիպի Հարաւային Գիւղական Շրջանին Մէջ Ժապհաթ Նուսրայի Կեդրոնատեղիներ Քանդած Է

Սուրիոյ պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական բանակին Համայի գիւղական շրջանին մէջ գործող զօրախումբերը բուռն հարուածներով հակադարձած են զինեալ խմբաւորումներուն լարուածութեան մեղմացման գօտիին շուրջ համաձայնութեան ոտնահարումներուն եւ թիրախ դարձուցած են Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներու շարք մը որջեր: Սուրիական բանակը քանդած է շարք մը կեդրոններ եւ մեքենաներ, ինչպէս նաեւ սպաննած շարք մը զինեալներ եւ վիրաւորած ուրիշներ:...

«Հայ Մամուլի Տարուան» Առիթով.  Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիպում Մը Ունեցաւ Լիբանանահայ Օրաթերթերու Ներկայացուցիչներուն Հետ

«Հայ Մամուլի Տարուան» Առիթով. Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիպում Մը Ունեցաւ Լիբանանահայ Օրաթերթերու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. հայրապետին կողմէ «2019. Հայ մամուլի տարի» հռչակուելուն առիթով, հինգշաբթի, 14 մարտ 2019-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց լիբանանահայ երեք օրաթերթերու տնօրէնները` «Ազդակ»-էն Շահան Գանտահարեանը, «Զարթօնք»-էն Սեւակ Յակոբեանը եւ «Արարատ»-էն Անի Եփրեմեանը: Այս առիթով, առաջնորդ սրբազանը պատասխանատու խմբագիրներուն հետ քննարկեց «Հայ մամուլի տարուան» առիթով շարք մը նախաձեռնութիւններուն կարելիութիւնները: Հետագային...

Հայաստան Տուած Պաշտօնական  Այցելութեան Ընթացքին.  «Վրաստանի Համար Կարեւոր Է, Որ Իր Տարածք  Չտեղափոխուի Շրջանին Մէջ Առկայ Տագնապը»  Ըսաւ Վրաստանի Նախագահը

Հայաստան Տուած Պաշտօնական Այցելութեան Ընթացքին. «Վրաստանի Համար Կարեւոր Է, Որ Իր Տարածք Չտեղափոխուի Շրջանին Մէջ Առկայ Տագնապը» Ըսաւ Վրաստանի Նախագահը

Վրաստանի նախագահի պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ, երէկ  տեղի ունեցած է երկու երկիրներու նախագահներու գլխաւորած պատուիրակութիւններու հանդիպումը` ընդլայնուած կազմով: Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան ողջունած է Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի առաջին պաշտօնական այցելութիւնը Հայաստան: Ան նշած է, որ երկու ժողովուրդներու պատմութիւնը այսօր համատեղուած է անոնց ունեցած ապագայի ներուժով: Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի...

Փաշինեան Հանդիպում Ունեցած Է  ԵԱՀԿ Գործող Նախագահին Հետ

Փաշինեան Հանդիպում Ունեցած Է ԵԱՀԿ Գործող Նախագահին Հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաքը: Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք: Ողջունելով Միրոսլաւ Լայչաքի այցելութիւնը` վարչապետ Փաշինեան նշած է, որ Հայաստանը կարեւոր կը նկատէ ԵԱՀԿ-ի դերակատարութիւնը շրջանին մէջ անվտանգութեան ապահովման, մարդու իրաւունքներու  պաշտպանութեան եւ կայուն զարգացման խթանման գործին...

Անդրադառնալով Ազգային Համաձայնութեան  Կառավարութիւնը Լքելու Մասին Լուրերուն`  «Ասիկա Հերթական Ապատեղեկատուութիւնն Է»  Կ՛ըսէ Արսէն Համբարձումեան

Արսէն Համբարձումեան. «Պէտք Է Յստակացնենք Մեր Գործողութիւնները Թէ՛ Զինուորական, Թէ՛ Դիւանագիտական Ճակատներուն Վրայ»

Թէեւ իշխանութեան որոշ ներկայացուցիչներ կը փորձէին տպաւորութիւն ստեղծել, որ Մատրիտեան սկզբունքներու հարց օրակարգի վրայ չկայ, սակայն իրականութիւնը այլ է, անոնք տակաւին կան, հետեւաբար այս առումով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու  յայտարարութիւնը անսպասելի պէտք չէ նկատել: Այս մասին «Նիուզ»-ի  հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան: Ըստ անոր, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու  յայտարարութեան կշռոյթը եւ անոր մէջ տեղ գտած...

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Պատասխանած Է Նիկոլ Փաշինեանի  Պրիւքսելեան Յայտարարութեան

Պաքու. «Եթէ Հայաստան Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստը Կը Գումարէ Ստեփանակերտի Մէջ, Այլեւս Լեռնային Ղարաբաղի Հայերը Բանակցութիւններուն Ներգրաւել Փորձելու Անհրաժեշտութիւն Չկայ»

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլայեւա անդրադարձած է Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդներու միացեալ նիստին` փորձելով զայն կապել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցութիւններուն Արցախի Հանրապետութեան մասնակցութեան հետ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը: «Եթէ Հայաստան Անվտանգութեան խորհուրդի նիստը կը գումարէ Ստեփանակերտի մէջ, ապա այլեւս Լեռնային Ղարաբաղի հայերը բանակցութիւններուն ներգրաւել փորձելու անհրաժեշտութիւն չկայ», ըսած...

Հայաստանի Եւ Արցախի Համար Ամերիկեան Յաւելեալ Աջակցութիւն Կ՛առաջարկուի

Հայաստանի Եւ Արցախի Համար Ամերիկեան Յաւելեալ Աջակցութիւն Կ՛առաջարկուի

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութիւնները անցեալ տարի Հայաստանի մէջ իրականացած թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք փափաք յայտնած են Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու, քոնկրեսականներ Ֆրենք Փալոն եւ Էտըմ Շիֆ պետութեան տրամադրելիք արտաքին օժանդակութեանց հարցերը քննող Ներկայացուցիչներու տան մէջ, 11 մարտին տեղի ունեցած քննարկման մը ընթացքին շեշտը դրին Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց յաւելեալ...

Վարչապետ Հարիրի Պասիլի Հետ Քննարկեց  Կառավարութեան Աշխատանքին Վերաբերող Հարցեր

Վարչապետ Հարիրի Պասիլի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Աշխատանքին Վերաբերող Հարցեր

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան աշխատանքին վերաբերող շարք մը հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման, նշանակումներ կատարելու, տեղահանուածներու թղթածրարը վերջնականապէս լուծելու, ինչպէս նաեւ տնտեսութիւնը բարեկարգելու եւ փտածութեան դէմ պայքարը արագացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Դեսպան Վահագն Աթաբէկեան Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Դեսպան Վահագն Աթաբէկեան Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան չորեքշաբթի, 13 մարտի կէսօրին, դեսպանատունէն պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներու եւ քաղաքապետարանի պատասխանատուներու հետ: Դեսպան Աթաբէկեան ուրախութիւն յայտնեց Պուրճ Համուտ եւ անոր քաղաքապետութիւնը այցելելուն համար: Ան հաստատեց լիբանանահայութեան եւ Պուրճ Համուտի յատուկ կարեւորութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչի հանգամանքով Լիբանանի...

Պաապտայի Մէջ.  Հարիրի. «Փտածութեան Հարցով  Ոչ Ոքի Հովանաւորութիւն  Պիտի Ապահովուի»

Պաապտայի Մէջ. Հարիրի. «Փտածութեան Հարցով Ոչ Ոքի Հովանաւորութիւն Պիտի Ապահովուի»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Հանդիպումէն ետք Հարիրի շեշտեց, որ փտածութեան դէմ պայքարին առումով ոչ ոքի  հովանաւորութիւն պիտի ապահովուի: «Ոչ մէկ յանցագործ կամ փտած պաշտպանելու իմաստով համաձայնութիւն գոյութիւն ունի իմ եւ նախագահ Աունի միջեւ», շեշտեց վարչապետ Հարիրի: Անդրադառնալով Պրիւքսելի խորհրդաժողովին մասնակցութեան` վարչապետ Հարիրի հաստատեց, որ...

Ժան Փիեռ Լաքրուա Հաստատեց Լիբանանի  Նոր Կառավարութեան Հետ Գործակցութիւնը  Շարունակելու Յանձնառութիւնը

Ժան Փիեռ Լաքրուա Հաստատեց Լիբանանի Նոր Կառավարութեան Հետ Գործակցութիւնը Շարունակելու Յանձնառութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Խաղաղարար գործողութեանց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յանձնակատար եւ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիի խաղաղարար գործողութեանց վարչութեան նախագահ Ժան Փիեռ Լաքրուան` ընկերակցութեամբ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի  ընդհանուր քարտուղարի նոր նշանակուած անձնական ներկայացուցիչ Եան Քուպիչը: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն դրուատեց լիբանանեան բանակին եւ...

Page 249 of 256 1 … 248 249 250 … 256