Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Նախագահը Ցաւակցական Հեռագիր Յղած Է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Մահուան Առիթով

March 11, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան  ցաւակցական հեռագիր յղած է Պոլսոյ հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի մահուան առիթով: Հեռագիրին մէջ նշուած է.

«Սրտի խոր ցաւով տեղեկացայ Պոլսոյ հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի մահուան մասին:

Տասնամեակներ շարունակ Մեսրոպ արք. Մութաֆեանը ուսերուն կը շալկէր իր ժողովուրդին եւ հաւատքին ծառայելու խաչը: Ան ո՛չ միայն Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ հաւատարիմ սպասաւորներէն էր, այլեւ, իբրեւ Պոլսոյ հայոց 84-րդ պատրիարք, Հայաստանէն դուրս գտնուող մեր հոգեւոր սիւներէն մէկը, որուն վրայ կը յենէր ամբողջ ստուարաթիւ համայնք մը` իր լեզուապահպանութեան եւ հաւատապահպանութեան խնդիրներով:

Մեսրոպ արք. Մութաֆեանը քրիստոնէական հաւատքի նուիրեալ էր, որ հոգեւոր յանձնառութիւնը վերածեց սրբազան պարտքի` առ ժողովուրդ եւ առ Աստուած: Ան պոլսահայ համայնքի նոր պատմութեան անբաժանելի մասն էր:

Ջերմութեամբ կը յիշեմ մեր հանդիպումները Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին մէջ, Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ, մեր զրոյցները հայոց եկեղեցւոյ եւ մեր պատմութեան շուրջ:

Այս ծանր կորուստին առիթով անկեղծօրէն կը ցաւակցիմ Պոլսոյ հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանին, միաբանութեան, Կրօնական ժողովին, Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի անդամներուն եւ համայն Թուրքիոյ հայութեան»:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Ցաւակցի

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ  Արամ Ա. կաթողիկոս խոր ցաւով իմացաւ, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեան իր հոգին աւանդած է:

Այս տխուր առիթով վեհափառ հայրապետը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ սրբազանին, միաբանութեան, Կրօնական ժողովին եւ համայն Թուրքիոյ հայութեան:

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Կ՛ողջունէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները` Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումին Մասին. «Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Արդար Ու Մնայուն Լուծումը Պէտք Է Հիմնուած Ըլլայ Հելսինքեան Եզրափակիչ Հռչակագիրի Սկզբունքներուն Վրայ»

RelatedPosts

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար  Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան  Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին

October 8, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Գլխաւոր լուրեր

Ալիեւ. «Հայաստանը Պէտք Է Անհետ Կորսուած Ազրպէյճանցիներու Ճակատագիրի, Զանգուածային Ու Անհատական Թաղման Վայրերու Վերաբերեալ Ամբողջական Տեղեկութիւն Տրամադրէ»

October 8, 2026
Քոս. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի, Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքիոյ Հետ Համագործակցութեան Առաջնային  Ուղղութիւնները Որոշելու Որոշակի  Նախագիծերու Ցանկ Կը Ձեւաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոս. «Հայաստանը Իրապէս Կը Շարժի Եւրոպական Միութեան Ուղղութեամբ»

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.