Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Ռուստամեան Մասնակցած Է «Լազարեան Ակումբ»-ի Նիստին

March 12, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-6 մարտին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ «Լազարեան ակումբ»-ի 2-րդ նիստը: Ակումբի մասնակիցներու կազմը ներկայացուցչական էր: Շուրջ 300 հրաւիրեալներու կարգին էին Պետական տումայի անդամներ,  դեսպաններ, գիտնականներ, զինուորականներ եւ քաղաքական ներկայացուցիչներ: Հայաստանէն կը մասնակցէին քաղաքական գործիչներ Արա Բաբլոյեան, Վազգէն Մանուկեան, Խոսրով Յարութիւնեան, Վիգէն Սարգսեան եւ ուրիշներ: Պաշտօնական Երեւանը կը ներկայացնէր Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վարդան Տողանեան:

ՀՅԴ-ն կը ներկայացնէին ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Հայ դատի Մոսկուայի գրասենեակի պատասխանատու Ներսէս Ներսիսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Սէյրան Բաղդասարեան եւ ՀՅԴ Մոսկուայի կոմիտէի նախագահ Սարգիս Սարգսեան:

Արմէն Ռուստամեան իր ելոյթին ընթացքին շեշտեց, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ռազմավարական շահերը կը պահանջեն Հայաստանի պետութեան աշխուժ մասնակցութիւնը տնտեսական կապերու  ամրապնդման` չնսեմացնելով մասնաւոր դրամագլուխի եւ կազմակերպութիւններու մասնակցութեան ձեւաչափը միջտնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ:

Ռուստամեան կարեւոր նկատեց ռազմաարդիւնաբերական համալիրներու համագործակցութիւնը, բերելով «Ռոյալսիս Էնճինիրինկ Էլ. Թի. Տի.» ընկերութեան եւ «Քալաշնիքով» ընկերութեան միջեւ 21 օգոստոս 2018-ին ստորագրուած համաձայնագիրը` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Քալաշնիքովի նոր «AK-12» եւ «AK-15» գնդացիրներու արտադրութիւն հիմնելու վերաբերեալ: Համագործակցութեան ցցուն օրինակներ Արմէն Ռուստամեան նշեց տակաւին խորհրդային տարիներուն ստեղծուած «Պազալթ», «Մարս», «Լիզին» գործարանները, Երեւանի ուսողական մեքենաներու գիտահետազօտական հիմնարկը (Մերգելեան), որոնք արժանի տեղ ունէին հզօր գերտէրութեան ռազմաարդիւնաբերական համալիրին մէջ:

Ան շեշտեց Հայաստանի տնտեսութիւնը ինքնաբաւ դարձնելու անհրաժեշտութիւնը, ռազմավարական պաշարներու կուտակումը, ինչ որ շրջափակման մէջ գտնուող հայկական պետութիւններու համար պիտի նուազեցնէ աշխարհաքաղաքական վտանգն ու կախուածութիւնը արտաքին ազդակներէ:

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Սրբագրում Եւ Վերյիշեցում

Յաջորդը

Բակօ Սահակեան Եւ Նիկոլ Փաշինեան Կարեւոր Նկատած Են Հայաստան – Արցախ Սերտ Փոխադարձ Գործակցութեան Ընդլայնումը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.