Կիրակի, 10 մարտ 2019-ին, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս հանդիսապետեց Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կրօնական արարողութեանց:
Սուրբ պատարագը մատուցեց հոգեւոր հովիւ Ռուբէն քհնյ. Միսիսեան: Քարոզեց նախկին հոգեւոր հովիւ Ներսէս Ա. քհնյ. Ճերմակեան:
Սուրբ պատարագի աւարտին, սրբազան հայրը «Օրհնութեան գիր»-ով պատուեց տէր Ներսէսը, որ երեսնամեայ ծառայութենէ ետք հանգստեան կոչուեցաւ: Այս առիթով, Նարեկ արքեպիսկոպոս ողջունեց տէր հօր երկարամեայ անձնդիր ծառայութիւնը եւ Ազգային իշխանութեան անունով շնորհաւորեց զինք:
Ի պատիւ Ներսէս քահանայ հօր, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներ յուշանուէր մը յանձնեցին իրեն եւ հաւատացեալներ շնորհաւորեցին զինք:




