Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Նախագահը Կ՛այցելէ Իրաք

March 12, 2019
| Newsletter, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ «պատմական» այցելութեամբ մը հասաւ Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատ: Ան 2013-ին նախագահ ընտրուելէ ետք առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելէ Իրաք: Իրանի նախագահին կ՛ընկերակցի բարձրաստիճան տնտեսական ու քաղաքական պատուիրակութիւն մը:

Նախքան Իրաք մեկնիլը ան յայտնեց, թէ իր երկիրը մտադիր է ամրապնդել Իրաքի հետ իր եղբայրական յարաբերութիւնները` աւելցնելով, որ Պաղտատ այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկուին կարեւոր ծրագիրներ:

«Իրան կրնայ Իրաքի շարք մը կարիքները բաւարարել», ըսաւ ան:

Ռուհանի Պաղտատ հասնելէ ետք հանդիպում ունեցաւ Իրաքի նախագահ Պարհամ Սալեհի հետ: Վերջինս Ռուհանիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Պաղտատի եւ Թեհրանի միջեւ յարաբերութիւնները օգտակար են ամբողջ շրջանին, եւ շրջանի երկիրները հասկացողութեամբ կը վերաբերին Իրաքի կայունութեան եւ անվտանգութեան»:

«Մեր երկիրը բախտաւոր է Իրանի ու Թուրքիոյ պէս դրացիներ եւ արաբական խորք ունենալու հանգամանքով», նշեց Իրաքի նախագահը` աւելցնելով. «Իրաքի, Իրանի եւ շրջանի երկիրներուն միջեւ հասարակաց անվտանգութիւնը յաւելեալ գործակցութիւն կը պահանջէ»:

Իրանի նախագահը իր կարգին յայտնեց. «Իրաքի հետ մեր յարաբերութիւնները հազարաւոր տարիներու պատմութիւն ունեցող կրօնական յարաբերութիւններ են»:

«Նախագահ Սալեհի հետ քննարկումներուս ընթացքին տարակարծութեան մէկ կէտ իսկ չգտայ: Պաղտատի մէջ արդիւնաւէտ քննարկումներ կատարեցի, եւ մեր կարելին կ՛ընենք մեր երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու համար», նշեց Ռուհանի:

Միւս կողմէ, Պաղտատի մէջ Իրանի դեսպան Իրիժ Մասեժետի Իրան-Իրաք յարաբերութիւնները նկատեց «գործակցութեան բնորդ մը»` աւելցնելով. «Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի Իրաք այցելութիւնը երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ շրջադարձ մըն է»:

 

Նախորդը

«Սուրիան Պէտք Է Իրանին Վճարէ Մեծ Պարտքերը Եւ Պէտք Է Ատիկա Ամրագրել Իրաւաբանական Գետնի Վրայ» Կ՛ըսէ Իրանցի Պաշտօնատար Մը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.