Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնկրեսականներ Ցեղասպանութեան Պաշտօնական Ճանաչման Բանաձեւ Պատրաստած Են

March 13, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի դեմոկրատական անդամ Էտըմ Շիֆ եւ հանրապետական անդամ Կուս Պիլիրաքիս դիմած են Ներկայացուցիչներու տան իրենց գործընկերներուն` կոչ ուղղելով միանալու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ բանաձեւի ներկայացման:

«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ երկկուսակցական փաստաթուղթի նպատակն է այնպէս ընել, որ ամերիկեան իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը հետեւի ստորեւ ներկայացուած կէտերուն.

1.- Հայոց ցեղասպանութեան հերքման մերժում,

2.- Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ յանցանքի պաշտօնական ճանաչում եւ ոգեկոչում,

3.- Ժամանակակից աշխարհին մէջ այդպիսի դաժանութիւնները կանխարգիլելու նպատակով Հայոց ցեղասպանութեան նիւթի ուսուցում կազմակերպելու, հարցին շուրջ հանրային իրազեկման կարեւորութեան գիտակցում:

Բանաձեւի հեղինակները այժմ իրենց գործընկերներէն կը խնդրեն միանալ իրենց ու մօտիկ ապագային բանաձեւը ներկայացնել Ներկայացուցիչներու տան:

Շիֆ եւ Պիլիրաքիս ընդգծած են, որ Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը կը բխի Միացեալ Նահանգներու եւ երկրի ազգային անվտանգութեան շահերէն:

«Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը պիտի օգնէ նոր էջ բանալու Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Ժամանակն է, որ Միացեալ Նահանգներ ոտքի կանգնին յանուն ճշմարտութեան եւ ընդդէմ ցեղասպանութեան հերքման», նշած են քոնկրեսականները:

Անոնց նախաձեռնութեան արձագանգած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը, որու նախագահ Րաֆֆի Համբարեան գործադրուած ջանքերուն համար իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Շիֆին եւ Պիլիրաքիսին:

 

Նախորդը

Մեր Կորուստները. Վախճանած Է Համբարձում Վրդ. Քէշիշեանը

Յաջորդը

Ալիեւ Գոհ Է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Յայտարարութենէն

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.