Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Մարտ 13, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան երէկ` երեքշաբթի, 12 մարտի կէսօրին պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն հետ:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց քաղաքապետութիւնը, ծանօթացուց քաղաքապետական խորհուրդի անդամները, շրջանին մէջ կատարուած աշխատանքներու ընդհանուր պատկերացումը տուաւ:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ուրախութիւն յայտնեց գտնուելու քաղաքապետարանին մէջ Պուրճ Համուտի, ուր ապրելու եւ որոշ շրջան մը անոր բնակիչը ըլլալու բախտը ունեցած է ինք: Ան հաստատեց, որ Պուրճ Համուտը միջնաբերդ է, ունի յատուկ նշանակութիւն հայ ժողովուրդի դիմագիծի պահպանման իմաստով` աւելցնելով, թէ միջնաբերդ է ոչ թէ ուրիշը դուրս պահելու իմաստով, այլ մեր ունեցածը պահելու եւ զայն զարգացնելու առումով, մանաւանդ որ Պուրճ Համուտի մէջ կը գտնուին կարեւոր կեդրոններ ու գրասենեակներ` քաղաքական, մշակութային, արուեստի, կրթական եւ այլն: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յայտնեց, թէ ճիշդ է, որ հայութեան թիւի որոշ անկում արձանագրուած է, բայց եւ այնպէս ան կը հաւատայ, թէ անպայման ձեւը կայ, հակառակ դժբախտութիւններուն,  դրական արդիւնք քաղելու: «Իբրեւ նորընտիր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ես ձեզի կը վստահեցնեմ, որ Լիբանանը պիտի բարգաւաճի, աւելի կազմակերպուի, մանաւանդ որ արդէն կայացած ու ամուր կառոյցներ ունի», հաստատեց ան` նաեւ անդրադառնալով այն երկիրներուն, ուր կայ մեծաթիւ հայութիւն, սակայն` անկազմակերպ, ուստի հոն եւս աշխատանքի մեծ գործելադաշտեր բաց են կուսակցութեան դիմաց: Անոր համաձայն, կան գաղութներ, որոնք վերջին շրջանին յաւելեալ աշխուժութիւն ստացան, երբեմն ի վնաս միջինարեւելեան գաղութներուն,  ուրկէ, յատկապէս Սուրիայէն, գաղթածներ հաստատուեցան հոն ու թարմութիւն բերին: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ողջունելի նկատեց Լիբանանէն արտահոսքի դանդաղեցումը, նաեւ` դէպի Հայաստան լիբանանահայութեան ուղղուիլը:

«Բայց իրողութիւնը կը մնայ իրողութիւն, որ Լիբանանի համայնքը տակաւին առաջնորդողի դեր ունի, եւ այդ դերը պահպանելու, զարգացնելու եւ աճեցնելու համար միասին պիտի աշխատինք, եթէ կարիք ըլլայ համահայկական միջոցներով պիտի աջակցինք, որպէսզի Լիբանանը մեր արեւմտահայ մշակոյթի, հասկացողութեան մէջ պահէ իր դերը եւ կուսակցութեան համար առաջնային գիծը», ըսաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Իր խօսքին աւարտին ան յաջողութիւն մաղթեց քաղաքապետական խորհուրդին` հաստատելով, որ Պուրճ Համուտի հայկական նկարագիրը շատ կարեւոր է, եւ այս առումով օժանդակելու ու առաջարկներու ընդառաջելու տրամադրութիւն գոյութիւն ունի:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդին անունով Ճորճ Գրիգորեան խօսեցաւ Պուրճ Համուտի մասին` դիտել տալով, որ սփիւռքի, Հայաստանի ու Արցախի համար այս շրջանը տուած է ազատամարտիկներ, ուսուցիչներ, մշակութային գործիչներ, խմբագիրներ, գործիչներ, գործարարներ, նուիրատուներ եւ ղեկավարներ: Ըստ անոր, այս բոլորը կարելի եղաւ շնորհիւ Պուրճ Համուտի մէջ խարսխուած կառոյցներուն` կուսակցական, ազգային, ակումբ, դպրոց, եկեղեցի, մարզական ու մշակութային միութիւններ, որոնք իրենց գործին ընթացքին յաճախ կ՛ապաւինին, կը դիմեն քաղաքապետութեան` խնդրելով անոր նեցուկն ու օժանդակութիւնը: Ճորճ Գրիգորեան նշեց, որ քաղաքապետը, քաղաքապետական խորհուրդի անդամները  եւ բաժիններու պատասխանատուները լաւապէս կը գիտակցին այս իրողութեան եւ պատրաստ են իրենց պարտականութիւնը կատարելու` յոյս յայտնելով, որ իրենց վրայ դրուած յոյսերն ու ակնկալութիւնները կ՛արդարացնեն:

 

 

Նախորդը

Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի Եւ Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդներու Միացեալ Նիստը

Յաջորդը

«Մենք Այն Կուսակցութիւնն Ենք, Որ Մեր Ժողովուրդը Կը Տեսնէ Միացած` Մէկ Ժողովուրդ, Մէկ Հայրենիք, Մէկ Դատ» Հաստատեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?