Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցական Երիտասարդները Ահազանգ Կը Հնչեցնեն Եկամտահարկի Համահարթեցման Առաջարկին Դէմ

Մայիս 3, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան «Ահազանգ» նախաձեռնութեան անդամները Ազգային ժողովին դիմաց բողոքի ցոյց կազմակերպած են` եկամտային հարկի համահարթեցման առաջարկին դէմ եւ բաց նամակ յղած Ազգային ժողովի Տնտեսական հարցերու մնայուն յանձնախումբի կազմին մէջ ընդգրկուած պատգամաւորներուն:

Նամակին մէջ նշուած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան «Հարկային օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքի նախագիծի եւ յարակից նախագիծերու փաթեթով կ՛առաջարկուի փոփոխութիւններ կատարել հարկային օրէնսգիրքին մէջ, որոնցմէ մէկը եկամտային հարկի համահարթեցման առաջարկն է: Հայաստանի Հանրապետութեան  կառավարութիւնը կ՛առաջարկէ 1 սեպտեմբեր 2019-էն սկսեալ  եկամտային հարկը բոլորին համար սահմանել 23 առ հարիւր, այնուհետեւ նուազեցնել այնպէս, որ 2023-ին հասնի 20 առ հարիւրի:

«Ահազանգ» նախաձեռնութիւնը «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւններու պատգամաւորներուն կոչ կ՛ուղղէ դէմ չկենալու հասարակութեան մեծամասնութեան շահերուն եւ կողմ չարտայայտուելու նեղ խումբի շահերը սպասարկող օրինագիծին:

«Իմ քայլը» խմբակցութեան բոլոր պատգամաւորներուն նախաձեռնութիւնը կոչ կ՛ուղղէ հետամուտ ըլլալու նախագիծի յետս կոչման եւ նոր, հասարակութեան լայն շերտերու շահերը պաշտպանող նախագիծի ներկայացման:

«Բոլոր այն պատգամաւորներուն, որոնք չեն կրնար պատկերացնել նախագիծի ուղղակի ազդեցութիւնը ցած եկամուտ ունեցող եւ հասարակութեան 65 առ հարիւրը կազմող մարդոց կեանքին վրայ, կոչ կ՛ուղղենք այսօր տուն երթալու երթուղային թաքսիներով, մեծ սուփըրմարքեթներու փոխարէն առեւտուր կատարելու փոքր խանութներէ եւ ուշադրութիւն դարձնելու խանութի այլ յաճախորդներու եւս, պարզապէս շրջելու Երեւանի արուարձաններով կամ Հայաստանի մարզերով», նշուած է նամակին մէջ:

Նախորդը

Ուաշինկթընի Մէջ Մնացականեան-Մամետեարով Հանդիպումի Կարելիութեան Շուրջ Քննարկումները «Կատարուած Են Եւ Կը Շարունակուին»

Յաջորդը

Արցախի Պատուիրակութեան Հանդիպումները Արժանթինի Խորհրդարանին Մէջ

RelatedPosts

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ալիեւ. «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախաստորագրումը Հարաւային Կովկասը Պիտի Վերածէ Խաղաղութեան Տարածքի»
Հայկական

Ալիեւ. «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախաստորագրումը Հարաւային Կովկասը Պիտի Վերածէ Խաղաղութեան Տարածքի»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?