Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Հայաստանի Նորընտիր Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի Մամլոյ Ասուլիսը

May 1, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դաշնակցութեան բոլոր մարմիններուն մէջ միշտ ներգրաւուած եղած են նոր մարդիկ, թարմացում միշտ եղած է, ուստի ներքին իշխանափոխութեան հարց մեր օրակարգին վրայ չկայ. երէկ, 30 ապրիլին, Երեւանի ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը:

Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին հետ կապուած երբ երկրի վարչապետը, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետը շատ կտրուկ եւ յստակ յայտարարութիւններ կատարած են, Դաշնակցութիւնը անմիջապէս ողջունած է, բայց երբ անոնց կը յաջորդէ  այնպիսի յայտարարութիւն, երբ Հայաստանի վարչապետը կ՛ըսէ` ժողովուրդը թող ձեւակերպէ եւ գրաւոր իրեն տայ, թէ ինչ կ՛ուզէ, ասիկա արդէն խուսափողական պատասխան է, ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը տեղեկացուց, որ 7 եւ 8 մայիսին Արցախի մէջ Դաշնակցութիւնը մեծ հաւաք կը նախատեսէ կազմակերպել Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք կնքելու վերաբերեալ, որուն հրաւիրած է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական բոլոր ուժերը, անհատ գործիչներ, որոնք կը կիսեն իրենց դիրքորոշումը այս հարցով:

Այս իշխանութիւններու թերութիւնները եւ անգործութիւնը մենք յաճախ կ՛արդարացնենք նախկիններուն հետ համեմատելով, ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը` խօսելով նախորդ եւ ներկայ  իշխանութիւններուն մասին:

«Երբ մենք համեմատութեան մէջ մտնենք` նախորդ իշխանութի՞ւնն էր լաւը, թէ՞ հիմա, կ՛երթանք ուրիշ ուղղութեամբ: Եթէ նախկինը լաւ ըլլար, այսօր իշխանութիւն կ՛ըլլար: Այս իշխանութիւններու թերութիւնները եւ անգործութիւնը յաճախ կ՛արդարացնենք նախկիններուն հետ համեմատելով: Մեր ժողովուրդը այս իշխանութիւններուն տուած է վստահութեան բարձր քուէ, ունի մեծ ակնկալիքներ եւ մեծ սպասումներ, որոնք չեն արդարացուիր: Այդ է պատճառը, որ մենք կը քննադատենք եւ այդ իրաւունքը ունինք», նշեց ան:

Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչին համաձայն, անցնող 1 տարուան  ընթացքին իշխանութիւնները որեւէ համակարգային բարեփոխում մեր երկրին մէջ չեն սկսած:

Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն` Իշխան Սաղաթէլեանը ըսաւ, թէ Դաշնակցութիւնը կողմ է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու հաստատման` առանց նախապայմաններու:

«Մեր շատ ընդգծուած եւ յստակ կեցուածքը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ յաճախ կը մեկնաբանեն, թէ մենք կողմ ենք սահմաններու փակման: Մենք կողմ ենք բաց սահմաններուն, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, բայց ատիկա պէտք է ըլլայ առանց նախապայմաններու», ընդգծեց ան:

Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւններուն` Սաղաթէլեան նշեց, որ իրենց դիրքորոշումը հետեւեալն է` Ռուսիան Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցն է, ուստի պէտք է ունենալ ռազմավարական փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած բնական  յարաբերութիւններ:

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Պատուիրակութեան Այցելութիւնը Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեանին

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 23-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.