Ապրիլ 24-ի առիթով Երեւան-Անգարա բարձրագոյն մակարդակներու վրայ կատարուած յայտարարութիւններուն դիտարժան կէտերը մտածել կու տան, որ օգտագործուած ուղերձային հռետորաբանութիւնը ո՛չ միայն հատած է դիւանագիտութեան համար ընկալելի օրինաչափութիւններու սահմանը, այլեւ յատկապէս Անգարայի կողմէ փակած է հաւանական բաց պատուհանները:
Ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան առիթով Անգարան դիւանագիտական ձեւակերպումներ կ՛որոնէր ուղերձ փոխանցելու համար ո՛չ միայն հայկական կողմին, այլ նաեւ միջազգային հանրութեան: Ձեւակերպումները կը շրջէին «ցաւալի դէպքեր», «ցաւակցական մօտեցումներ», երկու ժողովուրդներուն համար ողբերգական էջեր», տեղափոխութեան ընթացքին պատահած ողբերգական պատահարներ» բառակապակցութիւններուն եւ ըսելաձեւերուն շուրջ, անշուշտ յանգելու համար քաղաքական առաջադրանքին. խնդրոյ առարկայ ժամանակահատուածի իրադարձութիւններուն գնահատական տալը վերապահել պատմաբաններու միացեալ յանձնաժողովին:
Հիմա, ըստ էութեան բեկումնային յետքայլ կը կատարուի Թուրքիոյ նախագահին կողմէ, երբ կ՛ըսուի, որ Թուրքիոյ օրուան իշխանութիւնները ճիշդ շարժած են հայութիւնը տեղահանելով, որովհետեւ անոնք ձեռնարկած էին իսլամ զանգուածներու կոտորածի:
Թրքական այս մարտավարութիւնը կը միտի`
Ա.- Հայերը ամբաստանել Օսմանեան կայսրութեան մէջ իսլամ ազգաբնակչութիւններու դէմ ցեղային զտումներ գործադրած ըլլալու յանցանքով:
Բ.- Հիմնահարցին տալ մեծ հաշուով կրօնական հանգամանք:
Գ.- Իսլամ զանգուածները հրահրել հայութեան դէմ:
Դ.- Իսլամ զանգուածներուն տիրութիւն ընել, նոյնիսկ պատմական խնդիրներուն մէջ իսլամներուն իրաւունքը պաշտպանելով:
Այս յետքայլը հայ-թուրք յարաբերութիւններու հեռանկարը մթագնելէ կամ հայկական կողմը իբրեւ ցեղասպան պիտակաւորելէ անդին կը ճշդէ իսլամ զանգուածներուն վրայ Անգարայի ազդեցութիւնը տարածելու քաղաքականութիւնը: Ապրիլ 24-ը պարզապէս շահարկման նիւթ ծառայած է: Այս շահարկումը սակայն տեղի տուած է Անգարայի ինքնախոստովանանքին` տեղահանութիւնները (իմա՛ ցեղասպանութիւնը) ծրագրած ու գործադրած ըլլալու: Յայտարարուածը պարզապէս ցեղասպանական քաղաքականութեան արդարացման փորձ է Անգարայի գլխաւոր վարիչին կողմէ:
Քաղաքական թիրախներ խփելու այս մօտեցումը իբրեւ վարքագիծ շարունակուած է, երբ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը, ակնարկելով պաշտօնական Փարիզի կողմէ Ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր հռչակելուն, յայտարարած է, որ «Ֆրանսայի նախագահին կիրարկած ծանր արտայայտութիւնները պատասխան կը ստանան: Ֆրանսացիները ունին պատասխանատուութիւն, մէկ դար առաջ հայերը զինելով, թուրքերը կոտորելու մէջ»:
Այստեղ եւս կայ պատասխանատուութեան եւ միջամտող պետութեան հասցէի փոփոխութիւն: Թուրք պատմաբաններու եւ պետական դէմքերու դասական մօտեցումը այն էր, որ Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացի հայերը օգտագործուած էին ռուսերուն կողմէ, որոնք զինած էին զիրենք ընդդէմ օսմանեան թուրքերուն:
Հիմա զինողը, անոր ազգութիւնն ու պետութիւնը կը փոխուին: Շարժառիթը ո՛չ միայն Փարիզի վերջին որոշումն է, այլ Անգարա-Մոսկուա ռազմավարական մերօրեայ գործընկերութեան հաշուարկը:
Վարչապետի ճամբով Երեւանի հակազդեցութիւնը Էրտողանի յայտարարութեան կարելի է ըսել, որ համարժէք էր, մանաւանդ միջազգային հանրութեան կոչով` չլռելու ատելութիւն սերմանող Թուրքիոյ պաշտօնական դիրքորոշումներուն: Նախորդած ուղերձին մէջ ուշագրաւ բաժինը հայրենազրկումի գաղափարն էր, որ նաեւ կ՛երեւար հանրապետութեան նախագահի խօսքին մէջ` պատմական բնօրրանէն բնաջնջուած ըլլալու փաստին ձեւակերպումով:
Մինչ Անգարան հսկայական ետքայլ կ՛արձանագրէ ըստ էութեան ընդունելով եւ արդարացման փորձ կատարելով ցեղասպանական քաղաքականութեան, Երեւանը հայրենազրկումի գաղափարը կ՛ամրագրէ պաշտօնական ուղերձներուն մէջ: