29 ապրիլին Պուենոս Այրես գտնուող Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած Արցախի պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Արժանթինի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան էսթերա Մկրտումեանի եւ դեսպանութեան անձնակազմին հետ:
Դեսպան Մկրտումեան ներկայացուցած է Հայաստանի դիւանագիտական առաքելութեան հիմնական ուղղութիւնները: Կողմերը անդրադարձած են Արցախի պատուիրակութեան Ուրուկուէյ կատարած այցելութեան, ինչպէս նաեւ Արժանթինի մէջ շարունակուող հանդիպումներու ընթացքին:
Ելոյթ` Պուենոս Այրեսի Պետական Համալսարանին Մէջ
29 ապրիլին Պուենոս Այրեսի պետական համալսարանին մէջ տեղի ունեցած «Հայոց ցեղասպանութիւն եւ Շոա (Ողջակիզում). ընդհանրութիւններ» գիտաժողովի շրջագիծին մէջ ելոյթ ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան` «Արցախի միջազգային ճանաչումը իբրեւ նոր ցեղասպանութեան կանխարգիլման միջոց» նիւթով:
Նախարար Մասիս Մայիլեան խօսած է ղարաբաղեան տագնապի պատմութեան, խաղաղ լուծման շուրջ Արցախի իշխանութիւններու դիրքորոշման եւ Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան արդիւնաւէտ ճարտարապետութեան կառուցման մասին:
Այնուհետեւ Մասիս Մայիլեան պատասխանած է գիտաժողովի մասնակիցներու հարցումներուն: