Newsletter

Փորթուգալ Ճանչցաւ  Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Փորթուգալ Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Փորթուգալի խորհրդարանը 26 ապրիլ 2019-ին որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը, որուն մէջ նշուած է. «Ապրիլ 24-ին միջազգայնօրէն կը նշուի հայ բնակչութեան դէմ կատարուած ջարդերու սկիզբը. այդ օր օսմանեան իշխանութիւնները Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ձերբակալեցին եւ մահապատիժի ենթարկեցին 250 հայ մտաւորականներ ու համայնքային ղեկավարներ` համաձայն «Երիտասարդ թուրքեր»-ու կառավարութեան հրամաններու: «Համաշխարհային Ա. պատերազմին եւ զայն յաջորդած տարիներուն ընթացքին, ցեղասպանութեան պատճառով զոհուած հայերուն թիւը...

Ֆինլանտան Վաւերացուցած Է Հայաստանի  Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրը

Ֆինլանտան Վաւերացուցած Է Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրը

Ֆինլանտան վաւերացուցած է Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ կնքուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին համաձայնագիրը: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, 29 ապրիլին յայտնած է երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: «Ուրախ ենք յայտնելու, որ Ֆինլանտան վաւերացուցած է Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին համաձայնագիրը: Համաձայնագիրը պիտի խորացնէ Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները եւ օգուտ պիտի բերէ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիներուն», ըսուած է հաղորդագրութեան...

Բագրատունի Ընդունեց Քորէայի Դեսպանը

Բագրատունի Ընդունեց Քորէայի Դեսպանը

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` Լիբանան - Քորէա խորհրդարանի բարեկամութեան յանձնախումբի նախագահի իր հանգամանքով, «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ Քորէայի նորանշանակ դեսպան Եոնկ Տայ Քոոնը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Քորէայի միջեւ յարաբերութիւններն ու յաւելեալ գործակցութեան կարելիութիւնները թէ՛ խորհրդարանի, եւ թէ տնտեսական ու զբօսաշրջական մարզերուն մէջ: Հանդիպումը առիթ եղաւ նաեւ դեսպանին ներկայացնելու Լիբանանի հայութեան իրավիճակը...

Կազմակերպութեամբ  ՀՅԴ «Քեռի» Կոմիտէին.  Հայոց Ցեղասպանութեան  104-ամեակի Ոգեկոչում Ժիպէյլի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քեռի» Կոմիտէին. Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի Ոգեկոչում Ժիպէյլի Մէջ

ՀՅԴ «Քեռի» կոմիտէին կազմակերպութեամբ, կիրակի, 28 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ժիպէյլի Մար Եուհաննա եկեղեցւոյ «Անթաշ»-ի «հայր Էմմանուէլ Խուրի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին: Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան  Զիատ Հաուաթ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցիչ, Ժիպէյլի շրջանի պատասխանատու Ատիպ Ժըպրան, Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ջուրի...

ՖԻՆԻՒԼ-ի Խաղաղապահ Ուժերուն Մաս Կազմող  Հայկական Ջոկատը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

ՖԻՆԻՒԼ-ի Խաղաղապահ Ուժերուն Մաս Կազմող Հայկական Ջոկատը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Ուրբաթ, 26 ապրիլ 2019-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող հայկական ջոկատը` գլխաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, դեսպանատան քարտուղարներէն Դաւիթ Ալավերտեանն ու զինուորական կցորդ Ալեքսան Մուշեղեանը, ինչպէս նաեւ ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլը: «Ինծի համար հոգեկան անհուն ուրախութիւն է...

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունած Է  Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան Պատուիրակութիւնը

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունած Է Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան Պատուիրակութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 20 ապրիլին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարական պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Սուրէն Պապիկեան, Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան մարզպետները եւ  պաշտօնատար այլ անձեր: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն կը յայտնեն, թէ քննարկուած է երկու հայկական հանրապետութիւններու վարչական միաւորումներուն միջեւ համագործակցութեան առնչուող հարցերու...

Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի  Յիշատակում` Քեպեքի Խորհրդարանին Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի Յիշատակում` Քեպեքի Խորհրդարանին Մէջ

Քանատայէն Ցոլինէ Շամլեան կը գրէ, թէ 16 ապրիլ 2019-ին, Քեպեքի Ազգային ժողովի յետմիջօրէի նիստին ընթացքին ներկայացուեցաւ եւ միաձայնութեամբ որդեգրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակի ոգեկոչման բանաձեւը: Յաջորդաբար խօսք առին երեսփոխան Քրիսթին Սեն-Փիեռ (Աքատիի շրջան, PLQ), միջազգային յարաբերութիւններու եւ ֆրանսախօսութեան նախարար Նատին Ժիրօ (Պերթրան շրջանի երեսփոխան, CAQ), երեսփոխան Քաթրին Տորիոն (Թաշրոյի շրջան, Քեպեք Սոլիտեր) եւ երեսփոխան Ժոել Արսընօ (Իլ-Տը-Լա Մատլենի շրջան, PQ): Հայոց...

Լիպիոյ Ժամանակաւոր Կառավարութիւնը  Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Լիպիոյ Ժամանակաւոր Կառավարութիւնը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ լիպիական «Այն» կայքը կը տեղեկացնէ, թէ Լիպիոյ արեւելեան շրջանի ժամանակաւոր կառավարութեան նախարարներու խորհուրդը որդեգրած է միջազգային յարաբերութիւններու եւ արտաքին գործոց նախարար Ապտուլ Հատի Հուէյժի առաջարկը` ճանչնալու 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը: Կառավարութիւնը մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, թէ ներկայիս, Լիպիոյ նախարարներու խորհուրդի օրէնսդրական տնօրէնութիւնը աշխատանք կը տանի բանաձեւելու որոշում մը, որուն համաձայն, Լիպիոյ...

Պքերքէի Մէջ.   «Ո՛վ Որ Բաւարար Փորձառութիւն Չունի,  Թող Պաապտա Հրամմէ՛,  Որպէսզի Իր Հարցերը Լուծենք»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

Պքերքէի Մէջ. «Ո՛վ Որ Բաւարար Փորձառութիւն Չունի, Թող Պաապտա Հրամմէ՛, Որպէսզի Իր Հարցերը Լուծենք» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կիրակի առաւօտեան ուղղուեցաւ Պքերքէ` ներկայ գտնուելու համար Ս. Զատկուան առիթով մատուցուելիք պատարագին: Նախքան պատարագը, նախագահ Աուն դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Հանդիպումէն ետք նախագահ Աուն փարատեց լիբանանցիներուն մտավախութիւնները` հաստատելով, որ համեստ դասակարգին վրայ նոր տուրքեր պիտի չպարտադրուին: «Մենք գիտենք, թէ ե՛րբ եւ ինչի՛ վրայ պէտք է տուրք պարտադրենք, իսկ Լիբանան...

Սէյիտ Նասրալլա. «Անձնապէս Անհաւանական  Կը Գտնեմ Իսրայէլի Կողմէ Լիբանանի Դէմ  Սանձազերծուելիք Պատերազմ Մը»

Սէյիտ Նասրալլա. «Անձնապէս Անհաւանական Կը Գտնեմ Իսրայէլի Կողմէ Լիբանանի Դէմ Սանձազերծուելիք Պատերազմ Մը»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ «Իմամ Մեհտի»-ի անուան սկաուտական միութեան հիմնադրութեան տօնին առիթով արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ հիմնականը յոյսն է, որուն կարիքը ունին նորահաս սերունդները: «Իմամ Մեհտի»-ի անուան սկաուտական միութեան առաքելութիւնն է նորահաս սերունդները դաստիարակել` անոնց հոգիներուն մէջ ներարկելով յոյսի նշոյլներ եւ Աստուծոյ եւ դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն դիմադրելու անձնական կարողութեան նկատմամբ վստահութիւն: Անդրադառնալով Լիբանանի...

«Ամրան Ընթացքին Զբօսաշրջական  Եղանակի Տուեալները Շատ Լաւ Են»  Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

«Ամրան Ընթացքին Զբօսաշրջական Եղանակի Տուեալները Շատ Լաւ Են» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Ս. Զատկուան տօնին առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները, եւ նկատի ունենալով երկու օր ետք 24 ապրիլ 2019-ին զուգադիպող Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով տեղի ունենալիք քայլարշաւը, կոչ ուղղեց բոլորին մասնակցելու` նոյն օրը երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պուրճ Համուտէն Անթիլիաս կատարուելիք երթին, որ պիտի աւարտի Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած ձեռնարկով մը:...

ՀՅԴ 21-րդ Գերագոյն  Ժողովի Յայտարարութիւնը

Տեղեկագիր` Հայ Ուսանողի Ֆոնտի

ՀՅ Դաշնակցութեան 126-ամեակին առիթով յայտարարուած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտերէն Հայ ուսանողի ֆոնտի կապակցութեամբ անհրաժեշտ կը նկատենք ներկայացնել հետեւեալ տեղեկութիւնները: ա) Հայ ուսանողի ֆոնտէն կրնան օգտուիլ բոլոր անոնք, որոնք աւարտած են հայկական վարժարան եւ իրենց ուսումը կը շարունակեն Լիբանանի մէջ գտնուող որեւէ համալսարանի մէջ: բ) Նախորդ տարեշրջանին, Հայ ուսանողի ֆոնտին դիմում կատարած էին 152 ուսանողներ, որոնց բոլորին դիմումը ընդունուած ըլլալով, անոնք...

Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի Ոգեկոչում Ֆանարի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի Ոգեկոչում Ֆանարի Մէջ

«Մենք Կը Յարգենք Դաշնակցութեան Կազմակերպուածութիւնը, Անոր Ուժը, Կամքն Ու Նուիրումը Պահելու Իր Դատը, Իր Հայրենիքը Եւ Լիբանանը». Ի. Քանաան «Լիբանանցիները Պէտք Է Սորվին Հայ Ժողովուրդէն, Որ Ո՛Չ Միայն Չհրաժարեցաւ Իր Դատէն, Այլեւ Զայն Բարձրացուց Ամէնուրեք, Աշխարհի Չորս Ծագերուն». Է. Հանքաշ «Լիբանանահայութիւնը, Որուն Հաւատարմութեան Վկայ Են Բոլորը, Արժանի Է Իր Նահատակներու Յիշատակի Օր Ունենալու Լիբանանի Մէջ». Ա. Կիտանեան Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է....

Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան  Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ.  Քրիստոսի Յարութիւնը`  Աղբիւր Վերանորոգ Կեանքի

Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. Քրիստոսի Յարութիւնը` Աղբիւր Վերանորոգ Կեանքի

Աւագ շաբաթը իր լրումին հասաւ Քրիստոսի հրաշափառ յարութեամբ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարը, կիրակի, 21 ապրիլ 2019-ին անգամ մը եւս իր երդիքին տակ համախմբեց իր հաւատացեալ զաւակները, որպէսզի քրիստոնէավայել կերպով նշուի Ս. Զատկուան հոգեպարար տօնը: Այս առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս մատուցեց Ս. եւ անմահ պատարագ եւ իր պատգամը ուղղեց ժողովուրդին: Ս....

Ֆրանսայի Վարչապետը Ցեղասպանութեան  Յիշատակի Օրուան Ձեռնարկի Ընթացքին  Կառավարութեան Անունով Խօսք Մը Պիտի Արտասանէ

Ֆրանսայի Վարչապետը Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օրուան Ձեռնարկի Ընթացքին Կառավարութեան Անունով Խօսք Մը Պիտի Արտասանէ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական ընկերութիւնները համակարգող Մուրատ Փափազեան իր դիմատետրեան էջին մէջ հայ համայնքին կոչ ուղղած է` մասնակցելու 24 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրուան կապակցութեամբ կազմակերպուելիք ձեռնարկին: Ան նաեւ յայտնած է, թէ անոր պիտի մասնակցի Ֆրանսայի վարչապետը: «24 ապրիլ 2019-ին վարչապետ Էտուարտ Ֆիլիփ ներկայ պիտի ըլլայ ու խօսք պիտի արտասանէ Ֆրանսայի կառավարութեան անունով Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օրուան կապակցութեամբ...

Իրաքի Իսլամներու Առաջնորդը  Կոչ Ուղղած Է Թուրքիոյ Ճանչնալու  Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Իրաքի Իսլամներու Առաջնորդը Կոչ Ուղղած Է Թուրքիոյ Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Իրաքի Ազգային կրօնական խորհուրդի նախագահ շէյխ Եուսիֆ Նասրի յայտարարած է, թէ Թուրքիան պէտք է հայ ժողովուրդէն  ներում հայցէ «իր արարքներուն համար»` նկատի ունենալով Հայոց ցեղասպանութիւնը, կը գրէ «Ասպարէզ»-ը: 17 ապրիլին Նասրի հանդիպում ունեցած է Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպան Հրաչեայ Փոլատեանին հետ: Հոգեւորականը հանդիպումին ընթացքին դատապարտած է Օսմանեան կայսրութեան իրագործած «անմարդկային ոճիրը»` կոչ ուղղելով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ներում հայցելու իրենց իսկ սերունդին...

«Կառավարութեան Կառուցուածքի Եւ  Գործունէութեան Մասին» Օրէնքին Մէջ  Փոփոխութիւններ Կատարելու  Մասին Նախագիծը Ընդունուեցաւ

«Կառավարութեան Կառուցուածքի Եւ Գործունէութեան Մասին» Օրէնքին Մէջ Փոփոխութիւններ Կատարելու Մասին Նախագիծը Ընդունուեցաւ

«Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքին եւ յարակից օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին նախագիծը երէկ առաջին ընթերցումով ընդունուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ` ձայներու` 70 կողմ եւ 40 դէմ յարաբերակցութեամբ: Վերոյիշեալ նախաձեռնութիւնը կը վերաբերէր կառավարութեան կառուցուածքին մէջ կատարուելիք կրճատումներուն: Ըստ օրինագիծին, նախատեսուած է ունենալ 12 նախարարութիւն` 17-ի փոխարէն, որուն պատճառով պիտի կրճատուի մօտաւոր 200 աշխատատեղ: Աւելցնենք նաեւ, որ օրինագիծին դէմ էին...

«Ռուսիան Պիտի Օգնէ Հայաստանին  Եւ Ազրպէյճանին` Կեանքի Կոչելու Վիեննայի Մէջ  Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումին Արդիւնքները»  Կ՛ըսէ Զախարովա

Զախարովա. «Լաւրով Եւ Կրեմինկըր 24 Ապրիլին Պիտի Քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծումը»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 24 ապրիլին, Մոսկուայի մէջ պիտի հանդիպի ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկըրի հետ: Անոնք բազմաթիւ հարցերու շարքին պիտի քննարկեն նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը: Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` աւանդական մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: Բացի ատկէ, պիտի քննարկուին նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ, Պալքաններու, Տոնպասի եւ Մերձտնեսթրի տագնապները:

ՀՅԴ – Ընկերվար Յառաջդիմական  Կուսակցութիւն Հանդիպում

ՀՅԴ – Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութիւն Հանդիպում

Յ. Բագրատունի. «Առաջնահերթութեանց Առաջնահերթութիւնը Քաղաքացիին Ընկերային Ապահովութիւնն Է» Ապուլ Հըսըն. «ՀՅԴ-ի Հետ Եղբայրական Կապեր Գոյութիւն Ունին Եւ Խորհրդակցութիւնները` Այս Փուլին, Աւելի Մեծ Կարեւորութիւն Կը Ստանան» ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Րաֆֆի Աշգարեան,  Յակոբ Հաւաթեան եւ Էլի Թաշճեան, երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս...

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ  Լիբանանի Կառավարութեան Ապրիլ 24-ը Յայտարարելու  Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի  Ոգեկոչման Լիբանանեան Ազգային Օր

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանի Կառավարութեան Ապրիլ 24-ը Յայտարարելու Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Ոգեկոչման Լիբանանեան Ազգային Օր

Հայկական երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ ներկայութեամբ պլոքի անդամ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեանի եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանի, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի: Հայկական երեսփոխանական պլոքը կոչ ուղղեց խիտ շարքերով մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով 24 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի ունենալիք քայլարշաւին, որ սկիզբ պիտի առնէ Պուրճ Համուտէն...

Page 235 of 256 1 … 234 235 236 … 256