Newsletter

Թուրք-Ազրպէյճանական Միացեալ  Ռազմափորձեր Նախիջեւանի Մէջ

Թուրք-Ազրպէյճանական Միացեալ Ռազմափորձեր Նախիջեւանի Մէջ

Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը 8 յունիսին միացեալ ռազմափորձերու սկսած են Նախիջեւանի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը: Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան փոխանցմամբ, «Անսասան եղբայրութիւն 2019» ռազմափորձին կը մասնակցին 5000 զինուորներ, շուրջ 200 հրասայլ եւ հետեւակի զրահապատ մեքենայ, 180 հրթիռ եւ թնդանօթ, 21 օդանաւ եւ ուղղաթիռ, ինչպէս նաեւ այլ զինատեսակներ: Պարբերաբար տեղի ունեցող ռազմափորձերուն նպատակն է երկու երկիրներու զինեալ ուժերու...

Նախագահ Սարգսեան. «Աշխարհը Դարձած Է  Աւելի Բարդ, Եւ Լուծումներ Գտնելու Համար  Միտքերու Գագաթնաժողովի Կարիք Ունինք»

Նախագահ Սարգսեան. «Աշխարհը Դարձած Է Աւելի Բարդ, Եւ Լուծումներ Գտնելու Համար Միտքերու Գագաթնաժողովի Կարիք Ունինք»

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն երէկ մասնակցած է Դիլիջանի մէջ տեղի ունեցող «Միտքերու հայկական գագաթնաժողով»-ի եզրափակիչ քննարկումին: Քննարկումը վարած է «Միտքերու գագաթնաժողով»-ի կազմակերպիչ, «The Monthly Barometer»-ի հիմնադիր Թիերի Մալըրեն, մասնակցած են «Կուկըլ» ընկերութեան գնումներու գծով արտադրութեան տնօրէն Թետ Սոուտըրը, իտալական հանրայայտ «Լէոնարտօ» ընկերութեան ռազմավարութեան եւ արհեստագիտութեանց հարցերով տնօրէն Ճիորճիօ Մոսքան, Բրիտանիոյ Քենթի համալսարանի փրոֆեսէօր Ելենա Քորոսթելեւան, «Սայնոփսիս Արմենիա»-ի նախագահ Երուանդ Զօրեանը,...

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու  Ընտրութիւնները Աւարտեցան. Քուէարկած Է  Ընտրողներու 44,36 Առ Հարիւրը

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւնները Աւարտեցան. Քուէարկած Է Ընտրողներու 44,36 Առ Հարիւրը

Հայաստանի Հանրապետութեան 23 համայնքներու մէջ 9 յունիսին տեղի ունեցան Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ, որոնց, ընտրատեղամասերու փակման ժամը 20:00-ի դրութեամբ, նախնական տուեալներով, մասնակցած է 32.523 ընտրող կամ ընտրողներուն 44,36 առ հարիւրը: Առաւելագոյն մասնակցութիւնը արձանագրուած է Գորայք համայնքին մէջ, ուր ընտրութիւններուն մասնակցած է 1.408 ընտրողներու 76,07 առ հարիւրը, նուազագոյնը` Հայկաւան համայնքին մէջ, ուր ընտրութիւններուն մասնակցած է 970  ընտրողներու 16,49 առ հարիւրը: Աբովեանի...

Ձեռնարկ` Նուիրուած Պոնտոսի  Յոյներու Ցեղասպանութեան 100-ամեակին

Ձեռնարկ` Նուիրուած Պոնտոսի Յոյներու Ցեղասպանութեան 100-ամեակին

Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ 7 յունիսին տեղի ունեցաւ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն, հայագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Հայկազուն Ալվրցեան: Ան իր ելոյթին մէջ շեշտեց նման ձեռնարկներու, գիրքերու, ժապաւէններու կարեւորութիւնը, քանի որ անոնք ցոյց կու տան, որ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդը չէ կորսնցուցած արդարութեան հասնելու յոյսն ու պայքարի  մէջ է այդ...

Հայ Դատի Յանձնախումբը Մասնակցեցաւ  Քալիֆորնիոյ Դեմոկրատական  Կուսակցութեան Համագումարին

Հայ Դատի Յանձնախումբը Մասնակցեցաւ Քալիֆորնիոյ Դեմոկրատական Կուսակցութեան Համագումարին

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը, Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ դատի յանձնախումբը եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ Հայ դեմոկրատներ կազմակերպութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը իր մասնակցութիւնը բերաւ 31 մայիսէն 2 յունիս տեղի ունեցած Քալիֆորնիոյ Դեմոկրատական կուսակցութեան համագումարին` դեմոկրատական պաշտօնատարներու եւ թեկնածուներու հետ քննարկելու համար ամերիկահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր: «Նման քաղաքական հաւաքներու մեր մասնակցութիւնը կենսական է ամերիկահայութեան ձայնը յստակօրէն լսելի դարձնելու համար` քաղաքական պաշտօնատարներու կամ...

Ընկեր Տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան Ընտրուեցաւ  Բժիշկներու Սենտիքայի Խորհուրդի Անդամ

Ընկեր Տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան Ընտրուեցաւ Բժիշկներու Սենտիքայի Խորհուրդի Անդամ

Երէկ` կիրակի, 9 յունիսին տեղի ունեցան Բժիշկներու սենտիքայի խորհուրդի ընտրութիւններ: 16 հոգի հաշուող խորհուրդի 8 թափուր տեղերուն համար տեղի ունեցած ընտրապայքարին ամբողջութեամբ յաղթեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, ՀՅԴ-ի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան, Փաղանգաւոր կուսակցութեան, Օթել Տիէօ հիւանդանոցի բժիշկներու համախմբումի, Հըզպալլայի, Երկխօսութեան կուսակցութեան եւ Պեքաայի բժիշկներու համախմբումի զօրակցութիւնը վայելող ցանկը: Սոյն ցանկին մաս կը կազմէր եւ Բժիշկներու սենտիքայի խորհուրդի անդամ ընտրուեցաւ Լիբանանահայ...

«Վանայ Ձայն»-ի Երիտասարդ Խօսնակներու Պատրաստութեան Դասընթացքը Կը Շարունակուի Տեսական Ու Գործնական Աշխատանքներով

«Վանայ Ձայն»-ի Երիտասարդ Խօսնակներու Պատրաստութեան Դասընթացքը Կը Շարունակուի Տեսական Ու Գործնական Աշխատանքներով

Անցնող երկու շաբաթավերջերուն, «Վանայ Ձայն»-ի երիտասարդ խօսնակներու պատրաստութեան դասընթացքները շարունակուեցան «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին եւ ռատիոկայանի սթիւտիոներուն մէջ: Ուրբաթ, 31 մայիսին, «Վանայ Ձայն»-ի խօսնակներէն Հուրի Փափազեան-Էմմիեան դասընթացքի մասնակիցներուն ներկայացուց «Ինչպէ՞ս հարցազրոյց մը վարել» նիւթը: Ան խօսեցաւ հարցումներու պատրաստութեան ձեւին, հիւրերու հետ վերաբերումի եւ զրուցավարութեան հիմնական օրէնքներուն մասին: Էմմիեան անդրադարձաւ մէկէ աւելի հիւրերով կլոր սեղան վարելու եղանակին մասին: Տեղւոյն վրայ կատարուեցան բազմաթիւ...

Դպիրներու Եւ Կիսասարկաւագներու  Ձեռնադրութիւն` Անթիլիասի  Մայրավանքին Մէջ

Դպիրներու Եւ Կիսասարկաւագներու Ձեռնադրութիւն` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Կիրակի, 9 յունիս 2019-ին, Հոգեգալստեան տօնին առիթով, դպիրներու եւ կիսասարկաւագներու ձեռնադրութիւն տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագին` հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, ձեռամբ մայր տաճարի լուսարարապետ Մակար եպս. Աշգարեանի եւ խարտաւիլակութեամբ դպրեվանքի հսկիչ Օշին աբղյ. Չուալերթանեանի: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաներէն տասնվեցը մաս կազմեցին հայ եկեղեցւոյ դպիրներու եւ կիսասարկաւագներու դասին: Դպրութեան...

Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 166-րդ Նիստ.  Մասիս Եպս. Զոպույեան` Բերիոյ  Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդ

Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 166-րդ Նիստ. Մասիս Եպս. Զոպույեան` Բերիոյ Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդ

Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 166-րդ նիստը գումարուեցաւ կիրակի, 2 յունիս 2019-ի միջօրէի ժամը 12:30-ին, Ազգային  առաջնորդարանի դահլիճին մէջ` ներկայութեամբ թեմի երեսփոխաններուն, Ազգային կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան կազմերուն: Նիստը յատկացուած էր Բերիոյ հայոց թեմի նոր թեմակալ առաջնորդի ընտրութեան: Ազգային երեսփոխանական ժողովի 166-րդ նիստը սկսաւ Արժ. Տ. Յուսիկ Ա. քհնյ. Սեդրաքեանի աղօթքով, ապա կարդացուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին նամակը, ուր...

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները  Իրենց Ճիգերով Կ՛օգնեն, Որպէսզի  Լիբանան Բռնէ Ապաքինման Ուղին»

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրենց Ճիգերով Կ՛օգնեն, Որպէսզի Լիբանան Բռնէ Ապաքինման Ուղին»

Երէկ` ուրբաթ, 7 յունիսին «Պիել»-ի մէջ բացումը կատարուեցաւ Արտերկրի լիբանանցիներու մարդուժի 6-րդ համագումարին, որուն ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հաստատեց, որ կառչած կը մնայ աշխարհով մէկ տարածուած լիբանանցիները Լիբանանին կապելու քաղաքացիութեան վերստանձնման վերաբերող օրէնքով մը, որ արդէն իսկ սկսաւ գործել աւելի քան տարիէ մը ի վեր, որպէսզի կարելի ըլլայ իրաւունքը վերադարձնել զայն կորսնցուցածներուն: Նախագահ Աուն...

Ռայա Հասան Հաստատեց, Որ Ապահովական  Կառոյցները Մեծ Բծախնդրութեամբ Կը Գործեն

Ռայա Հասան Հաստատեց, Որ Ապահովական Կառոյցները Մեծ Բծախնդրութեամբ Կը Գործեն

Լիբանանի ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան երէկ գլխաւորեց Ապահովութեան կեդրոնական խորհուրդի արտակարգ նիստի մը, որ յատկացուած էր Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական վերջին գործողութեան եւ անոր մանրամասնութիւններուն: Ժողովէն ետք նախարար Հասան տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին մանրամասնօրէն ներկայացուց դիպաշարը Ֆիթրի տօնին գիշերը կատարուած ահաբեկչական արարքին: Ըստ անոր, Ապտել Ռահման Մապսութ մոթորսիքլեթով մը իր «շրջագայութեան» սկսած էր իր բնակարանէն` 6...

Նախարար Կիտանեան Բացումը Կատարեց  Յունական Փառատօնին` Ժիպէյլի Մէջ

Նախարար Կիտանեան Բացումը Կատարեց Յունական Փառատօնին` Ժիպէյլի Մէջ

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ` ուրբաթ, 7 յունիսին, Ժիպէյլի մէջ բացումը կատարեց յունական փառատօնին, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ Յունաստանի եւ Կիպրոսի դեսպանները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը` հիւրերու եւ շրջանի պատասխանատուներուն կողքին: Այս առիթով խօսք առնողները անդրադարձան Ժիպէյլ քաղաքի յատկութիւններուն, խօսեցան լիբանանեան-յունական յարաբերութիւններուն մասին` դիտել տալով, որ այս փառատօնը կը միտի յունական մշակոյթը եւ ուտեստեղէնները ծանօթացնել լիբանանցներուն: Նախարար...

Թերզեան. «Լիբանանահայութիւնը Միշտ Ալ Զօրակցած Է Երկրին Ապահովական Կայունութեան, Քաղաքացիական Անվտանգութեան Եւ Լիբանանեան Համերաշխութեան Ամրապնդումին»

Երեսփոխան Թերզեան Կը Դրուատէ Ներքին Ապահովութեան Ուժերուն Նուիրումը

Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ շնորհաւորեց Ներքին ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան տօնը: «Լիբանան միշտ ալ վայելած է ապահովութիւն եւ հանգստութիւն: Ժողովուրդը ապահով կը զգայ` տեսնելով ձեր ժպտուն դէմքերը: Դուք մեր պահապաններն ու գործընկերներն էք այս ընկերութեան մէջ: Ձեր 158-րդ տարեդարձին առիթով կը հաստատենք, որ դուք մեր վստահութիւնն էք, ձեր զոհողութեան շնորհիւ կը վայելենք հանդարտութիւն, օրինականութիւն...

Փաշինեանի Պատասխանը`  Ազրպէյճանցի Լրագրողին.  «Ինչպէ՞ս Կրնան Մարդիկ Գրաւել Այն Տարածքը,  Ուր Իրենք Դարերով Ապրած Են»

Փաշինեանի Պատասխանը` Ազրպէյճանցի Լրագրողին. «Ինչպէ՞ս Կրնան Մարդիկ Գրաւել Այն Տարածքը, Ուր Իրենք Դարերով Ապրած Են»

Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պատասխանեց ազրպէյճանցի լրագրողի մը հարցումներուն: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի վարչապետին ուղղուած հարցումներէն մէկուն մէջ, որ  կը վերաբերէր Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին, ազրպէյճանցի լրագրողը  օգտագործեց ազրպէյճանական քարոզչութեան համար արդէն սովորական` «գրաւուած տարածքներ» արտայայտութիւնը: Ի պատասխան` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Ինչպէ՞ս կարելի է գրաւել տարածք մը այն մարդոց կողմէ, որոնք այնտեղ ծնած...

Արամ Մանուկեանի Հող-Մասունքը  Ամփոփուեցաւ Սարդարապատի Մէջ

Արամ Մանուկեանի Հող-Մասունքը Ամփոփուեցաւ Սարդարապատի Մէջ

Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրի տարածքին մէջ 28 մայիսին տեղադրուած` Արամ Մանուկեանի արձանը յուշակոթող- սրբատեղի կարելի է անուանել, ուր երէկ ամփոփուեցաւ պետական գործիչի, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիրի հող-մասունքը: Արամ Մանուկեանի 140-ամեակին նուիրուած յուշակոթողին մէջ մասունքը զետեղելու արարողութիւնը կատարուեցաւ Արմաւիրի մարզի թեմի առաջնորդ Սիոն եպս. Ադամեանի ձեռամբ: Ներկայ էին դաշնակցականներ, ՀՄԸՄ-ականներ ու Մանուկեանի յիշատակին հաւատարիմ հայորդիներ: Նախքան Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիրին մասունքը յուշակոթողին մէջ...

«Փաշինեանի Եւ Փութինի Հանդիպումին Ընթացքին  Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Չէ Քննարկուած»  Կ՛ըսէ Փեսքով

«Փաշինեանի Եւ Փութինի Հանդիպումին Ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Չէ Քննարկուած» Կ՛ըսէ Փեսքով

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 6 յունիսին տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին չեն քննարկած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման խնդիրը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Ղարաբաղեան տագնապը մանրամասն չէ արծարծուած: Երէկուան խօսակցութիւնը շատ հանգամանալից էր երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ առեւտրատնտեսական գործակցութեան տարբեր երեւոյթներու շուրջ», ըսած է Փեսքով` Ս. Փեթերսպուրկի...

Հարկային Օրէնսգիրքին Մէջ Փոփոխութիւններ Կատարելու Ծրարը Առաջին  Ընթերցումով Ընդունուեցաւ

Հարկային Օրէնսգիրքին Մէջ Փոփոխութիւններ Կատարելու Ծրարը Առաջին Ընթերցումով Ընդունուեցաւ

Երէկ` 7 յունիսին Հայաստանի Հանրապետութեան հարկային օրէնսգիրքին մէջ  փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին նախագիծը առաջին ընթերցումով ընդունուեցաւ խորհրդարանին կողմէ: «Հայաստանի Հանրապետութեան հարկային օրէնսգիրքին մէջ  փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու եւ 21 յունիս 2018-ին «Հայաստանի Հանրապետութեան հարկային օրէնսգիրքին մէջ  փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու եւ 21 դեկտեմբերի 2017-ին  «Հայաստանի Հանրապետութեան հարկային օրէնսգիրքին մէջ  փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» ՀՕ-266-Ն օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ...

Վրացի Փորձագէտները «Հաճելի Անակնկալ»  Կ՛որակեն ՄԱԿ-ի Մէջ Հայաստանի  Պատուիրակութեան Կեցուածքը

Վրացի Փորձագէտները «Հաճելի Անակնկալ» Կ՛որակեն ՄԱԿ-ի Մէջ Հայաստանի Պատուիրակութեան Կեցուածքը

«Հաճելի անակնկալ». վրացի փորձագէտները այսպէս կ՛որակեն ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 73-րդ նիստի ընթացքին Հայաստանի պատուիրակութեան կեցուածքը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը յիշեցնէ, որ այս շաբաթ ՄԱԿ-ի մէջ ներկայացուած հայ դիւանագէտները, 2008-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով որոշած են չմասնակցիլ Աբխազիայէն եւ Հարաւային Օսեթիայէն տեղահանուած վրացի գաղթականներու ճակատագիրին նուիրուած բանաձեւին շուրջ քուէարկութեան: Նախորդ տարիներուն Հայաստանը միշտ դէմ կը քուէարկէր Վրաստանի այս նախաձեռնութեան` արժանանալով...

Ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանին  Արգիլած Են Մուտք Գործել Վրաստանի Տարածք

Ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանին Արգիլած Են Մուտք Գործել Վրաստանի Տարածք

Նախանցեալ օր ուշ երեկոյեան Վրաստանի սահմանային ծառայութեան աշխատակիցները արգիլած են Վրաստան մտնել ծնունդով Ախալքալաքէն` ակադեմիկոս, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, Ախալքալաքի պատուաւոր քաղաքացի Աշոտ Մելքոնեանին: Ան թրքագէտ Աշոտ Սողոմոնեանի խումբին հետ օդանաւով Երեւանէն  մեկնած էր Վան, այնտեղէն` Կիլիկիա եւ վերադարձին եղած է ինքնաշարժով, երբ Կարծախի վրացական անցակէտի աշխատակիցները երկար սպասցնելէ ետք թուղթեր ներկայացուցած են` ստորագրման, այն մասին,...

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (2).  Ծանօթացում Համազգայինի «Վ. Սէթեան» Հրատարակչատան

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (2). Ծանօթացում Համազգայինի «Վ. Սէթեան» Հրատարակչատան

Երէկ` ուրբաթ, 7 յունիս 2019-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, «Ազդակ»-ի Ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրին հետեւող խմբակը շարունակեց ճշդուած ծրագիրին հետեւիլ: Տեսական, դասախօսական ներկայացումներէն անդին, ծրագրուած էր խմբակին մաս կազմող անդամներուն ծանօթացնել տպագրական մարզի կարգ մը գործնական աշխատանքներ: Նիւթին ներկայացումը կատարեց Համազգայինի «Վ. Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ հրատարակչատան մէջ ընդունելով խմբակին անդամները, բարի գալուստ եւ բարի երթ մաղթեց լրագրութեան մարզով...

Page 222 of 256 1 … 221 222 223 … 256