Newsletter

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ֆրեզնոյի Մէջ  Լիբանանի Պատուոյ Հիւպատոս Հերի Նաճարեանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ֆրեզնոյի Մէջ Լիբանանի Պատուոյ Հիւպատոս Հերի Նաճարեանը

Չորեքշաբթի, 12 յունիս 2019-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ, վեհափառ հայրապետը ընդունեց Ֆրեզնոյի մէջ Լիբանանի պատուոյ հիւպատոս Հերի Նաճարեանը: Նաճարեան վեհափառին տեղեակ պահեց, իբրեւ պատուոյ հիւպատոս, իր կատարած աշխատանքներուն մասին, մասնաւորաբար Ֆրեզնոյի եւ Այնճարի միջեւ գործակցութիւն հաստատելու գծով: Ան նաեւ անդրադարձաւ Քալիֆորնիոյ հայութեան առնչուած կարգ մը երեւոյթներու եւ զարգացումներու մասին: Յայտնենք, որ Հերի Նաճարեան իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է...

Բերիոյ Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդ  Մասիս Եպս. Զօպուեան Հալէպ Հասաւ

Բերիոյ Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդ Մասիս Եպս. Զօպուեան Հալէպ Հասաւ

Երեքշաբթի, 11 յունիս 2019-ին, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչները Պէյրութի մէջ դիմաւորեցին Բերիոյ հայոց թեմի ընտրեալ առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանը, իսկ չորեքշաբթի օր առաջնորդին հետ միասին ուղեւորուեցան դէպի Սուրիա: Սուրիական սահմանին վրայ, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդը դիմաւորուեցաւ թեմի Գործադիր իշխանութեան` Ազգային կրօնական ժողովին եւ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներուն, իսկ Հալէպի մուտքին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի...

Համահայկական Խաղերու  Ջահը Վառած Է Մուսա Լերան Գագաթին

Համահայկական Խաղերու Ջահը Վառած Է Մուսա Լերան Գագաթին

Համահայկական խաղերու պատուիրակութիւնը յատուկ առաքելութեամբ հասած է Կիլիկիա: Մուսա լերան ստորոտը` Վագըֆ գիւղի Ս. Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ մէջ, Պոլսոյ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ հայր Թաթուլ Անուշեանի ձեռամբ նախ մատուցուած է պատարագ` Համահայկական խաղերու յաջող մեկնարկին ու ընթացքին համար: Ապա, եկեղեցւոյ մոմերէն Համահայկական խաղերուն ջահը վառելու պատիւը վերապահուած է խաղերու հիմնադիրներէն ամերիկահայ բարերար Ալպեր Պոյաճեանին: Այս մասին կը հաղորդէ Համահայկական...

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան  101-րդ Տարեդարձը` Կիպրոսի Մէջ

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 101-րդ Տարեդարձը` Կիպրոսի Մէջ

9 յունիսին Կիպրոսի ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի մարզադաշտին մէջ հանդիսաւորապէս նշուած է Հայաստանի անկախութեան 101-ամեակը: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ՀՅ Դաշնակցութեան Կիպրոսի կոմիտէի, ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի, Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» մասնաճիւղի, ՀՕՄ-ի Կիպրոսի «Սօսէ» մասնաճիւղի, ՀՅԴ Կիպրոսի երիտասարդական միութեան, Լառնաքայի Հայ ակումբի, Լիմասոլի Հայ երիտասարդական միութեան, Ս. Աստուածածին երգչախումբի, Համազգայինի «Սիփան» պարախումբի, «Նանոր» պարախումբի եւ ՀՄԸՄ-ՀԵՄ նուագախումբի հովանաւորութեամբ: Ձեռնարկին մասնակցած եւ ելոյթով հանդէս եկած է ՀՅ Դաշնակցութեան...

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան  Ընդունած Է Անճէյ Քասփրչիքը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ընդունած Է Անճէյ Քասփրչիքը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը: Զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին եւ խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի ձեւաւորման վերաբերող հարցեր:

Լեւոն Մնացականեանը`  Արցախի Ոստիկանապետ

Լեւոն Մնացականեանը` Արցախի Ոստիկանապետ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 11 յունիսին հաստատած է կառավարութեան որոշումը, որուն համաձայն Լեւոն Մնացականեան հեռացուած է արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնէն` այլ աշխատանքի անցնելու պատճառով: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` նոյն օրը նախագահը հաստատած է կառավարութեան այլ որոշում մը, որուն համաձայն, Վլատիկ Խաչատրեան նշանակուած է արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէն` հեռացուելով  ծառայութեան տնօրէնի տեղակալի...

«Կը Կարծեմ` Ս. Փեթերսպուրկի Եւ Վիեննայի  Համաձայնութիւնները Աշխուժօրէն Կը Քննարկուին  Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնախնդիրի  Լուծման Հոլովոյթին Մէջ»  Կ՛ըսէ Հայաստանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

«Կը Կարծեմ` Ս. Փեթերսպուրկի Եւ Վիեննայի Համաձայնութիւնները Աշխուժօրէն Կը Քննարկուին Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնախնդիրի Լուծման Հոլովոյթին Մէջ» Կ՛ըսէ Հայաստանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

Ի հարկէ, Ռուսիան կարեւոր դեր ունի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթին մէջ, նաեւ հիմնուելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ իր ունեցած յարաբերութիւններուն վրայ, սակայն չեմ կարծեր, որ ամէն ինչ իրմէ կախեալ է: Այս մասին լրագրողներուն յայտնեց Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Ռուսիան ունի՞ ռազմավարութիւն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթին մէջ լարուածութիւն չարտօնելու: «Մենք կը գործենք...

Մովսէս Աբէլեան Նշանակուած Է  ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Տեղակալ

Մովսէս Աբէլեան Նշանակուած Է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Տեղակալ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես Մովսէս Աբէլեանը նշանակած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի եւ խորհրդաժողովներու կառավարման հարցերով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, թէ Աբէլեան այդ պաշտօնին պիտի փոխարինէ Քաթրին Փոլարտը, որ նշանակուած է կառավարման ռազմավարութեան, քաղաքականութեան հարցերով ընդհանուր քարտուղարի տեղակալի պաշտօնին: Մովսէս Աբէլեան 2016-ին նշանակուած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի եւ խորհրդաժողովներու կառավարման վարչութեան...

Նիզար Զաքքա Ազատ Արձակուեցաւ  Եւ Վերադարձաւ Լիբանան

Նիզար Զաքքա Ազատ Արձակուեցաւ Եւ Վերադարձաւ Լիբանան

Լիբանանցի գործարար Նիզար Զաքքա, որ Միացեալ Նահանգներու ի նպաստ Իրանի մէջ լրտեսութիւն կատարելու յանցանքով ձերբակալուած էր Թեհրանի մէջ 2015-ին եւ 2016-ին ստացած 10 տարուան բանտարկութեան, ինչպէս նաեւ 4,2 միլիոն տոլար տուգանք վճարելու վճիռ, երէկ արժանացաւ յատուկ ներման, ազատ արձակուեցաւ եւ վերադարձաւ Պէյրութ: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ Իրանի իշխանութիւններէն` յանձին Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիէն անոր խնդրանքը, որ Զաքքային յատուկ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հայ Ընտանիքին Սրբութիւնը  Պէտք Է Պահել Անեղծ` Հոգեւոր,  Բարոյական Ու Ազգային Արժէքներու Ճամբով»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հայ Ընտանիքին Սրբութիւնը Պէտք Է Պահել Անեղծ` Հոգեւոր, Բարոյական Ու Ազգային Արժէքներու Ճամբով»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կազմակերպած կիներու լսարանը եզրափակեց 2018-2019 տարեշրջանի իր սերտողութիւնները Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանի դահլիճին մէջ` Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրապետական պատգամով: Աւանդութեան համաձայն, տարեշրջանի եզրափակիչ պատգամը կ՛ուղղէ վեհափառը, իսկ աւարտին ներկաները առիթ կ՛ունենան հայրապետին ուղղելու իրենց հարցումներն ու առաջարկները: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց բաժանմունքի վարիչ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան: Ան հակիրճ կերպով ներկայացուց այս տարեշրջանի աշխատանքները եւ...

Արցախեան Ժամանակակից  Հրատարակութիւններու Ներկայացում

Արցախեան Ժամանակակից Հրատարակութիւններու Ներկայացում

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէնութեան, երեքշաբթի, 11 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան ժամանակակից  հրատարակութիւններու ներկայացում: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ  Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան ներկաներուն յիշեցուց, թէ Արցախէն Լիբանան եկած է արուեստագէտներու պատուիրակութիւն մը, որ զանազան առիթներով ու ձեռնարկներու միջոցով  շփում պիտի ունենայ լիբանանահայ գաղութին հետ: Ան...

Ակնարկ.  Երեւան – Աթէնք – Նիկոսիա Առանցքը  Եւ Անգարայի Ջղաձգութիւնը

Ակնարկ. Երեւան – Աթէնք – Նիկոսիա Առանցքը Եւ Անգարայի Ջղաձգութիւնը

Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի գրառումին հակազդեցութիւնը Անգարայի կողմէ` ո՛չ միայն պետական առումով, այլ նաեւ ընդհանրապէս քաղաքական-հասարակական մակարդակի վրայ մերժելի է` բռնամիջոցի ամէնէն վայրագ դրսեւորումի պետականացման հասկացողութեամբ: Իսթանպուլը Կոստանդնուպոլիս դարձնելու առաջադրանքի Հայ դատի թուիթըրեան գրառումը ջղաձգութեան բարձր աստիճանաչափ արձանագրած էր Անգարայի պետական շրջանակներուն մէջ: Նախագահ Էրտողանի խորհրդականը կը սպառնար նման առաջադրանք ունեցողներուն գլուխը հեռացնել ուսերէն: Ֆիզիքական բռնամիջոցի այս սպառնալիքը, անկախ պետական...

«Անյետաձգելի Է Արցախի  Մասնակցութիւնը Տագնապին Վերաբերող  Բանակցութիւններուն»  Հաստատեց Մարիօ Նալպանտեան

Մարիօ Նալպանտեան. «Ընկերվար Միջազգայնականը Դէմ Է Որեւէ Խտրականութեան»

Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Մարիօ Նալպանտեան, որ նոյնպէս ներկայ եղած է օրեր առաջ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած «Միտքերու հայկական գագաթնաժողով»-ին, «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ նախագահ Արմէն Սարգսեանի նախաձեռնած ձեռնարկը բացառիկ էր, եւ պէտք է շնորհակալութիւն յայտնել անոր: Ըստ անոր, ե՛ւ կազմակերպչական, ե՛ւ խորքային իմաստով լուրջ ներկայացուածութիւն ապահովուած էր, լուրջ քննարկում ծաւալած էր  առանձնացուած հարցերու...

Մնացականեան. «Հայաստանի Շնորհիւ ԵՏՄ-ն  Կարելիութիւն Ստացաւ Խթանելու Արտաքին  Տնտեսական Բաղադրիչի Զարգացումը»

Մնացականեան. «Հայաստանի Շնորհիւ ԵՏՄ-ն Կարելիութիւն Ստացաւ Խթանելու Արտաքին Տնտեսական Բաղադրիչի Զարգացումը»

Եւրասիական տնտեսական միութիւնը (ԵՏՄ) նախագահութիւնը թոյլ տուած է Հայաստանին` յառաջ մղելու  սեփական առաջնահերթութիւնները. խորհրդարանին մէջ «Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահութեան տարին ԵՏՄ-ի մէջ. մարտահրաւէրներ եւ կարելիութիւններ» նիւթով լսումներու ժամանակ ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Ստանձնելով կառոյցի նախագահութիւնը միութեան մարմիններուն մէջ` Հայաստանը կարելիութիւն ստացաւ ո՛չ միայն ազդելու կառոյցի օրակարգի ձեւաւորման վրայ, այլեւ յառաջ մղելու Հայաստանի առաջնահերթութիւնները` ըլլալով աւելի...

Արցախի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը  Հանդիպում Ունեցած Է Հարաւային  Օսեթիոյ Նախագահին Հետ

Արցախի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Ունեցած Է Հարաւային Օսեթիոյ Նախագահին Հետ

Հարաւային Օսեթիոյ Հանրապետութեան (Ալանիա) նախագահ Անաթոլի Պիպիլով ընդունած է երկրի խորհրդարանական ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն իրականացնող Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ են Ազգային ժողովի պատգամաւորներ` «Հայրենիք» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Թովմասեանը, արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի անդամ Էրիկ Յարութիւնեանը եւ արտաքին գործոց նախարարի գլխաւոր քարտուղար-աշխատակազմի ղեկավար Սեմիոն Աֆիեանը, կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժինէն: Ողջունելով հիւրերը`...

«Իրան-Թուրքիա-Ռուսիա Վեհաժողովը  Ի Շահ Ամբողջ Տարածաշրջանին Է»  Կ՛ըսէ Պաքու

«Հայաստան Կը Փորձէ Տապալել Ղարաբաղեան Խնդիրի Լուծման Ուղղուած Բանակցութիւնները» Կ՛ըսէ Պաքու

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան համոզումով` Հայաստանի իշխանութիւնները կը փորձեն տապալել ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղուած բանակցութիւնները: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ նախարարութիւնը այդպէս մեկնաբանած է ազրպէյճանցի զինուոր Էլշան Խալիլովի մահը: «Հայաստանի` պատերազմի կողմնակիցներու եւ անոնց հովանաւորներու կողմէ իրականացուած հերթական արիւնալի գործողութիւնը, որ կատարուած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միջնորդութեամբ կազմակերպուող հերթական հանդիպումի նախաշէմին, նպատակ ունի...

Դպրաց Դասերու Ժամերգութիւն  Եւ Վկայագիրներու Յանձնում

Դպրաց Դասերու Ժամերգութիւն Եւ Վկայագիրներու Յանձնում

Ուրբաթ, 31 մայիս 2019-ին, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի միջդպրաց դասի յանձնախումբին, ժամարարութեամբ դպրաց դասի հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեանի, յատուկ ժամերգութիւն կատարուեցաւ Ռմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ: Հայ առաքելական եկեղեցիներուն մէջ ծառայող սարկաւագներ, դպիրներ եւ դպրուհիներ իրենց մասնակցութիւնը բերին` երգեցողութեամբ եւ ծիսակատարութեամբ: Ժամերգութեան աւարտին, ներկաները եկեղեցւոյ «Յովհաննէս եւ Վարդուհի Պչաքճեան» սրահին մէջ, սիրոյ սեղանի շուրջ ընթրեցին եւ աւանդական պատշաճ խաղերով...

Արցախեան Մշակութային Օրերու Մեկնարկ

Արցախեան Մշակութային Օրերու Մեկնարկ

Երէկ երեկոյեան, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին նախաձեռնած Արցախեան մշակութային օրերը ընթացք առին Այնճարի «Սարգիս Զէթլեան» ժողովրդային տան մէջ: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր գործակցութեամբ Այնճարի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին: Մասնաճիւղի վարչութեան անունով բացման խօսքը կատարեց Լալիկ Խօշեան, որ ողջունեց Արցախի պատուիրակութեան այցելութիւնը Այնճար եւ անդրադարձաւ Այնճարի ու Արցախի միջեւ ստեղծուած անքակտելի կապին, որ արդէն ունի խոր արմատներ: Համազգայինի «Վահէ...

Հայկազեան Համալսարանը 1000 Միաւոր  Գիրք Նուիրած Է  Արցախի Պետական Համալսարանին

Հայկազեան Համալսարանը 1000 Միաւոր Գիրք Նուիրած Է Արցախի Պետական Համալսարանին

10 յունիսին Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի «Աւանդներու ակումբ»-ի ուսանողներու պատուիրակութիւնը այցելած է Արցախի պետական համալսարան (ԱրՊՀ) եւ հանդիպում ունեցած համալսարանի ուսանողութեան հետ: Պատուիրակութեան ղեկավար Ռազմիկ Գաբրիէլեան, որ կը համակարգէ Հայկազեան համալսարանի ուսանողներուն հետ տարուող աշխատանքները, նշած է, որ իրենց  այցելութիւնը 2018 թուականին ԱրՊՀ-ի եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի միջեւ կնքուած համագործակցութեան յուշագիրի ծիրին մէջ իրականացուած է, որուն մեծ սիրով ու խանդավառութեամբ միացած...

«Հիւլէական Գործարքի Կողմերը Պէտք Է  Կարգաւորեն Իրանի Հետ Տնտեսական  Յարաբերութիւնները»  Կ՛ըսէ Զարիֆ

«Հիւլէական Գործարքի Կողմերը Պէտք Է Կարգաւորեն Իրանի Հետ Տնտեսական Յարաբերութիւնները» Կ՛ըսէ Զարիֆ

Եւրոպան եւ Հիւլէական համապարփակ համաձայնագիրի կողմերը պարտաւոր են կարգաւորել Իրանի հետ տնտեսական յարաբերութիւնները: «Ալիք» կը հաղորդէ, որ երէկ «Ալամէ Հելի» պետական դպրոցին մէջ կայացած «Առաքելութիւնս» ծրագիրի ծիրին մէջ, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմետ Ժաւատ Զարիֆին` ընդգծելով, որ Հիւլէական գործարքի կողմերը պէտք է պատասխանեն այն հարցումին, թէ` մինչեւ հիմա այդ հարցը որքանո՞վ լուծուած...

Page 221 of 256 1 … 220 221 222 … 256