Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրի տարածքին մէջ 28 մայիսին տեղադրուած` Արամ Մանուկեանի արձանը յուշակոթող- սրբատեղի կարելի է անուանել, ուր երէկ ամփոփուեցաւ պետական գործիչի, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիրի հող-մասունքը: Արամ Մանուկեանի 140-ամեակին նուիրուած յուշակոթողին մէջ մասունքը զետեղելու արարողութիւնը կատարուեցաւ Արմաւիրի մարզի թեմի առաջնորդ Սիոն եպս. Ադամեանի ձեռամբ: Ներկայ էին դաշնակցականներ, ՀՄԸՄ-ականներ ու Մանուկեանի յիշատակին հաւատարիմ հայորդիներ:
Նախքան Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիրին մասունքը յուշակոթողին մէջ զետեղելը` ելոյթով ու երախտիքի խօսքով հանդէս եկաւ յուշակոթողի մտայղացման հեղինակ ու նախաձեռնող Յակոբ Ճամպազեան: «20-րդ դարը իր մէջ խտացուցած է հայ ժողովուրդի երկար պատմութիւնը, որուն փառահեղ էջերէն մէկն է 1918-ի մայիս 28-ը: Այսօր ինծի առիթ տրուած է այդ խորհուրդին մասին խօսիլ: Ինծի համար պատիւ է ըլլալ մտայղացման հեղինակը այս փառաւոր յուշակոթողին, որուն համար կ՛ուզեմ իմ խորին շնորհակալութիւնս յայտնել Սարդարապատի Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարանի տնօրէն Կարէն Արիստակէսեանին եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանին: Հայոց ցեղասպանութեան մահասարսուռ օրերէն երեք տարիներ անց ո՞վ կրնար երեւակայել, որ 1918-ի մայիսի 28-ին հայոց մթագնած երկնակամարին վրայ պիտի ծագէր անկախ պետականութեան արեւը: Յարգա՛նք մեր յեղափոխական սերունդին, անոր յայտնի ու անյայտ բոլոր հերոսներուն, որոնք իրենց թանկագին կեանքը զոհաբերեցին հայրենիքի ազատութեան սրբազան բագինին վրայ, որպէսզի հայ ժողովուրդը յարութիւն առնէ մայիսեան արշալոյսով ու ապրի ազատ, անկախ` իր սեփական հողին վրայ», ըսաւ ան:
Ըստ Ճամպազեանի, թէեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութիւնը եղաւ կարճատեւ, սակայն ազատ ու հայավայել ապրելու ոգին միշտ վառ ու անխաթար մնաց հայ ժողովուրդի տարասփիւռ հատուածներուն ու հայրենիքին մէջ:
Սարդարապատ յուշահամալիրի Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարանի տնօրէն Կարէն Արիստակէսեան իր ելոյթին սկիզբը նշեց, որ յուշակոթողին մէջ կ՛ամփոփուի Արամ Մանուկեանի գերեզմանէն, անոր Երեւանի տունէն, Վանէն եւ Շուշիէն բերուած հող-մասունքը` ապահովելով Արամ Մանուկեանի ներկայութիւնն ու կենդանի շունչը Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրին մէջ` Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսներուն` անոր զինակիցներուն եւ գաղափարակիցներուն հետ:
Արիստակէսեանն ալ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց մտայղացման հեղինակ Յակոբ Ճամպազեանին, յուշակոթողի բարերար` Թորոնթոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Վարուժան Լափոյեանին, այս մտայղացումը իրականացնելու համար, Հայաստանի Հասնրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանին` հանդիսութեան աջակցութիւն ցուցաբերելու համար:
Խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Շաղիկ Մարուխեան, որ ըսաւ, թէ այսօրուան իրադարձութիւնը եւս իր տրամաբանական բացատրութիւնը ունի` Արամ Մանուկեան անձը հայութեան հաւաքական ձգտումներու լաւագոյն խորհրդանիշներէն է: «Մարդ եւ հաւաքականութեան մասնիկ, որուն համար հայրենիքը մէկ էր` անտարանջատելի ու իր հատուածներով հաւասարարժէք, ինչ կը վերաբերի նաեւ այդ բնօրրանի տէրերուն: Արամի պայքարը համահայկական էր, Արամը մայրաքաղաքը վերականգնեց նախ պատմական Հայաստանի մայրաքաղաք Վանի մէջ եւ այդ կործանուած փորձէն ետք` երկրորդ անգամ, անիկա վերածնունդ ապրեցաւ Արեւելահայաստանի տարածքին մէջ», ըսաւ Շաղիկ Մարուխեան:
Զինուորական համազարկով ու հոգեւորականներու յատուկ կարգով Արամ Մանուկեանի հող-մասունքը զետեղուեցաւ անոր յուշակոթողին մէջ` յաւերժացնելով Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիրին ներկայութիւնը Սարդարապատի վեհ բարձունքին մէջ: