Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրացի Փորձագէտները «Հաճելի Անակնկալ» Կ՛որակեն ՄԱԿ-ի Մէջ Հայաստանի Պատուիրակութեան Կեցուածքը

June 8, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հաճելի անակնկալ». վրացի փորձագէտները այսպէս կ՛որակեն ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 73-րդ նիստի ընթացքին Հայաստանի պատուիրակութեան կեցուածքը:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը յիշեցնէ, որ այս շաբաթ ՄԱԿ-ի մէջ ներկայացուած հայ դիւանագէտները, 2008-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով որոշած են չմասնակցիլ Աբխազիայէն եւ Հարաւային Օսեթիայէն տեղահանուած վրացի գաղթականներու ճակատագիրին նուիրուած բանաձեւին շուրջ քուէարկութեան: Նախորդ տարիներուն Հայաստանը միշտ դէմ կը քուէարկէր Վրաստանի այս նախաձեռնութեան` արժանանալով վրացական քաղաքական եւ քաղաքագիտական շրջանակներու կարծր քննադատութեան:

Վրաստանի ներկայացուցած «Բռնի տեղահանուածներու կարգավիճակի մասին» բանաձեւին թեր քուէարկած են ՄԱԿ-ի 79 անդամներ, դէմ` 15 երկիրներ եւ ձեռնպահ` 57 երկիրներ: Վրաստանի ներկայացուցած բանաձեւին դէմ քուէարկած 15 պետութիւններու շարքին են Ռուսիան, Պիելոռուսիան, Վենեզուելան, Սուրիան, Լաոսը, Վիեթնամը եւ Միանմարը:

«45 պետութիւններու միացեալ նախաձեռնութիւնը այս փաստաթուղթին անհամեմատ աւելի ծանրակշիռ բնոյթ կը հաղորդէ: Փաստաթուղթը կը դատապարտէ Վրաստանի շրջաններուն մէջ գործուած ժողովրդագրական բռնի փոփոխութիւնները եւ կը վերահաստատէ անխտիր բոլոր տեղահանուածներուն` հայրենի օճախներ վերադառնալու իրաւունքը: Այս փաստաթուղթը նաեւ գործնական բաղադրիչ ունի: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին կը յանձնարարէ ամէն տարի Վրաստանի մէջ գաղթականներու կացութեան վերաբերեալ յատուկ զեկուցում պատրաստել», Թիֆլիսի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Զալքալիանի:

 

 

 

Նախորդը

Ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանին Արգիլած Են Մուտք Գործել Վրաստանի Տարածք

Յաջորդը

Հարկային Օրէնսգիրքին Մէջ Փոփոխութիւններ Կատարելու Ծրարը Առաջին Ընթերցումով Ընդունուեցաւ

RelatedPosts

Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ  Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց.  Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ
Գլխաւոր լուրեր

Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց. Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ

November 20, 2026
Նիւ Եորքի Հայութեան Միջամտութեամբ  Վար Առնուած Է Ազրպէյճանի Դրօշը
Հայկական

Նիւ Եորքի Հայութեան Միջամտութեամբ Վար Առնուած Է Ազրպէյճանի Դրօշը

November 20, 2026
Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն

November 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.