Երէկ` 7 յունիսին Հայաստանի Հանրապետութեան հարկային օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին նախագիծը առաջին ընթերցումով ընդունուեցաւ խորհրդարանին կողմէ:
«Հայաստանի Հանրապետութեան հարկային օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու եւ 21 յունիս 2018-ին «Հայաստանի Հանրապետութեան հարկային օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու եւ 21 դեկտեմբերի 2017-ին «Հայաստանի Հանրապետութեան հարկային օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» ՀՕ-266-Ն օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» ՀՕ-338-Ն օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին» եւ կից ներկայացուած նախագիծերու ծրարը դրուեցաւ քուէարկութեան եւ առաջին ընթերցումով ընդունուեցաւ 72 կողմ, դէմ 32 եւ 0 ձեռնպահ ձայներով: