Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վանայ Ձայն»-ի Երիտասարդ Խօսնակներու Պատրաստութեան Դասընթացքը Կը Շարունակուի Տեսական Ու Գործնական Աշխատանքներով

June 10, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող երկու շաբաթավերջերուն, «Վանայ Ձայն»-ի երիտասարդ խօսնակներու պատրաստութեան դասընթացքները շարունակուեցան «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին եւ ռատիոկայանի սթիւտիոներուն մէջ:

Ուրբաթ, 31 մայիսին, «Վանայ Ձայն»-ի խօսնակներէն Հուրի Փափազեան-Էմմիեան դասընթացքի մասնակիցներուն ներկայացուց «Ինչպէ՞ս հարցազրոյց մը վարել» նիւթը: Ան խօսեցաւ հարցումներու պատրաստութեան ձեւին, հիւրերու հետ վերաբերումի եւ զրուցավարութեան հիմնական օրէնքներուն մասին: Էմմիեան անդրադարձաւ մէկէ աւելի հիւրերով կլոր սեղան վարելու եղանակին մասին: Տեղւոյն վրայ կատարուեցան բազմաթիւ հարցումներ, որոնց պատասխաններուն շուրջ ծաւալեցաւ զրոյց-քննարկում:

Ապա, իբրեւ առաջին շաբթուան աշխատանքի շարունակութիւն, դասընթացքին մասնակիցները ներկայացուցին իրենց ձայներով կատարուած ընթերցանութիւններ: Ձայները արձանագրուած էին բջիջային հեռաձայններու ճամբով եւ որոշ գաղափար մը կը փոխանցէին իւրաքանչիւր մասնակիցի ձայնին «դիմագիծին» եւ հաղորդականութեան մասին: Այս բաժինին աշխատանքը վարեց եւ մասնակիցներուն ընդհանուր նկատողութիւններ փոխանցեց Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեան:

Դասընթացքին երրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 8 յունիսին: Հանդիպումին ծանօթ ասմունքող, «Վանայ Ձայն»-ի խօսնակներէն Իրմա Գապագեան-Տէտէեան ներկայացուց «Առոգանութեան, շեշտադրումի եւ հնչիւնային հիմնական կանոններ» նիւթը: Ան օրինակներով բացատրեց, որ խօսնակ մը ինչպէ՞ս նիւթի մը ներկայացման ժամանակ շունչ պէտք է առնէ, բառերն ու հատուածները կտրատէ, շեշտադրէ եւ յստակ առոգանութեամբ արտաբերէ: Ան անդրադարձաւ նաեւ բառեվերջի տառերը «չկլլելու», ձայնաւորները «մաքուր ձեւով» հնչելու եւ նմանաձայն բաղաձայնները (գ,ք- ց,ձ,ծ- դ,թ®) իրարմէ զատորոշելու կարեւորութեան:

Տեսական բաժինին աւարտին, Իրմա Գապագեան-Տէտէեան մասնակիցներուն երրորդ շաբթուան ձայնի արձանագրութիւնները ունկնդրած ըլլալով, իւրաքանչիւր ձայնի համապատասխան թելադրեց ընթերցումի նիւթ մը: Հետեւաբար, մասնակիցները անցան «Վանայ Ձայն»-ի սթիւտիոներ, ուր անոնք յանպատրաստից ձեւով քաղաքական, մշակութային, մարզական, մանկապատանեկան եւ ծանուցումներու ընթերցումներ կատարեցին տեղւոյն վրայ: Իրմա Գապագեան-Տէտէեան կատարեց մասնագիտական իր նկատողութիւններն ու թելադրանքները` յաջորդիւ աւելի յստակ, հեզասահ եւ ականջի հաճելի ձեւով նիւթեր ներկայացնելու համար:

Յայտնենք, որ դպրոցական քննութիւններու պատճառով, երիտասարդ խօսնակներու պատրաստութեան դասընթացքը յառաջիկայ շաբաթ կ’առնէ կարճ դադար մը, որմէ վերջ կը շարունակուի շաբաթ, 22 յունիսին:

 

 

Նախորդը

Դպիրներու Եւ Կիսասարկաւագներու Ձեռնադրութիւն` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Չնախատեսուած Կարկուտները Վնասներ Հասցուցին Ցանքին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.