Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող «Բանակ 2019» միջազգային ցուցահանդէսի ծիրին մէջ կնքուած են համաձայնագիրներ` յարձակողական նոր զինատեսակներ, նոր սերունդի զինամթերք ձեռք բերելու, ինչպէս նաեւ այլ միջոցներ մատակարարելու վերաբերեալ:
«Արմէնփրես»-ի համաձայն, «Առաջին ալիք»-ի հետ զրոյցի ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան նշած է, որ Հայաստանի ռազմական օդուժը վերազինման փուլի մէջ է: Այդ նպատակով ռազմական սարքերու ցուցահանդէսին երկկողմանի հանդիպումներ կ՛ունենայ շարք մը ընկերութիւններու ղեկավարներու հետ:
«Այդ համաձայնագիրները շատ կարեւոր են մեր զինուած ուժերու զարգացման շարունակականութիւնը ապահովելու համար», ըսած է Տօնոյեան: Մատակարարումներ պիտի սկսին այս տարուան աւարտին կամ 2020 թուականի սկիզբը: Սպառազինութիւններ ձեռք բերելու բանակցութիւնները կը շարունակուին:
Դաւիթ Տօնոյեան անդրադարձած է նաեւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարին` հայկական ռազմական օդուժի Կովկասի մէջ կիրառելիութեան թերագնահատման: «Եթէ աւելի ուշադիր ըլլան, ապա կը նկատեն, որ նոյն բազմագործառոյթ ռազմական օդուժը կ՛օգտագործուի Հիմալայներու` աւելի բարձրադիր գօտիներու մէջ», ըսած է պաշտպանութեան նախարարը:
«Բանակ 2019» միջազգային ցուցահանդէսին կը մասնակցին մօտ 100 օտար պատուիրակութիւններ, իսկ Հայաստանի ռազմաարդիւնաբերական համալիրը տեղակայուած է առանձին տաղաւարի մէջ: