Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերու Հրամանատարին Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Իրադարձութիւնները

Յունիս 29, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի եւ սահմանագիծին վերաբերող իրադարձութիւններ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան պաշտօնապէս պիտի դիմէ ՄԱԿ-ին` խնդրելով, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը մէկ տարիով երկարաձգէ` Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին համաձայն, առանց որեւէ բարեփոխումի կամ սրբագրութեան:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը հարաւային Լիբանանի սահմաններուն վրայ ապահովական կայունութիւն հաստատած է: Ան ընդգծեց, որ ապահովական այդ կայունութիւնը կարեւոր է բոլորին համար եւ կը ծառայէ բոլորին շահերուն, յատկապէս նկատի ունենալով այն շրջանին մէջ տիրող տագնապալի իրավիճակը:

Նախագահ Աուն աւելցուց, որ Լիբանան կը շարունակէ ցամաքային եւ ծովային սահմանագծում կատարելու ծրագիրը` յուսալով, որ կարելի կ՛ըլլայ դրական արդիւնքի մը յանգիլ:

Նշենք, որ զօր. Տել Քոլ նախագահ Աունի հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը` բարձր գնահատելով լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` այդ բանաձեւին գործադրութեան առումով:

Ան նշեց նաեւ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը կը պատրաստուին յաւելեալ տարուան մը համար երկարաձգել իրենց խաղաղապահ առաքելութիւնը:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Նատա Պուսթանին, որուն հետ քննարկեց ելեկտրականութեան եւ ջրամբարներու կառուցման յատուկ ծրագիրներ:

Նշենք նաեւ, որ նախագահ Աուն ստորագրեց զինուորականներու աստիճաններու բարձրացումին յատուկ հրամանագիրները, որոնք կը վերաբերէին բանակին, Ներքին ապահովութեան ուժերուն, Ընդհանուր ապահովութեան եւ պետական անվտանգութեան ուժերուն:

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Պալհաժի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Տնտեսական Իրավիճակը Եւ Որդեգրուելիք Բարեկարգումները

Յաջորդը

«Հայերը Կը Զգան Էրտողանի Թշնամական Վարչակարգին Լարուածութիւնը» Կ՛ըսէ Պրանսըն

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?