Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օսաքայի Մէջ Փութին-Թրամփ Հանդիպում

Յունիս 29, 2019
| Newsletter, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Ճափոնի Օսաքա քաղաքին մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հանդիպումը, որ եղաւ դէմ առ դէմ: Անոր մասնակցեցան նաեւ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններէն ներկայացուցիչներ:

Սպիտակ տունը հաղորդեց, որ երկու ղեկավարները իրենց մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկած են Իրանի, Սուրիոյ, Վենեզուելայի եւ Ուքրանիոյ, ինչպէս նաեւ սպառազինութեան վերահսկողութեան ու երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Թրամփ եւ Փութին համակարծիք եղած են, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու բարելաւումը կը բխի Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ ամբողջ աշխարհի շահերէն:

Հանդիպումի առաջին վայրկեաններուն լրագրողներու ներկայութեամբ նախագահ Թրամփ յայտնած է, որ կը ծրագրէ իր ռուս պաշտօնակիցին հետ քննարկել առեւտուրի եւ զինաթափման վերաբերող հարցեր:

Սպիտակ տան ղեկավարը նշած է, որ այդ բանակցութիւններէն կ՛ակնկալէ գերազանց արդիւնքներ:

Քրեմլինի ղեկավարը իր կարգին յայտարարած է, թէ Թրամփի հետ հանդիպումը լաւ կարելիութիւն է շարունակելու երկխօսութիւնը:

Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ արդեօք Թրամփ կը ծրագրէ՞ Փութինի հետ քննարկել ամերիկեան ընտրութիւններուն Ռուսիոյ միջամտութեան հարցը, Թրամփ դիմած է Փութինին եւ ըսած. «Ընտրութիւններուն մի՛ միջամտէք»:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թրամփ Փութինի հետ հանդիպումը համեմատած է «Օսքար»-ի մրցանակաբաշխութեան հետ:

Ըստ անոր, հանդիպումին ընթացքին ամերիկեան եւ ռուսական լրատուամիջոցները խախտած են արարողակարգը եւ իրենց տեղէն հարցումներ տուած, ինչպէս նաեւ բարձր ձայնով ուղղակի սփռում ապահոված:

«Ինչպէս մրցանակաբաշխութեան ժամանակ կ՛ընեն: Յիմարութիւն», Թրամփ ըսած է Փութինին:

Լրատու գործակալութիւնը նաեւ հաղորդեց, թէ Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով պատմած է, թէ հանդիպումին ժամանակ Փութին Թրամփը հրաւիրած է Մոսկուա` Համաշխարհային Բ. պատերազմի 75-ամեակի ձեռնարկին մասնակցելու:

Ըստ անոր, Թրամփ դրական պատասխան տուած է:

Քրեմլին իր կարգին հաղորդեց, որ Փութին Թրամփը հրաւիրած է յառաջիկայ տարի Ռուսիա այցելելու` աւելցնելով, որ անոնք քննարկած են Իտլիպի մէջ տիրող կացութիւնը, զինաթափման հարցն ու Չինաստանի հետ յարաբերութիւնները:

Նախորդը

Հասան Պաալպեք-Հերմելի Երեսփոխանական Համախմբումին Հետ Քննարկեց Շրջանին Կարիքները

Յաջորդը

Թրամփ Աճապարուած Չէ

RelatedPosts

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ռուպիօ Իրաքի Վարչապետին Շեշտեց Իրանի Աջակցութիւնը Վայելող Միլիսներու Զինաթափման Անհրաժեշտութիւնը
Միջազգային

Ռուպիօ. «Իսրայէլի Այսրյորդանանը Կցելու Ծրագիրները Կը Վտանգեն Կազայի Զինադադարի Համաձայնութիւնը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Եւրոպական Միութիւն. «Սուրիոյ Մէջ Համայնքային  Բռնարարքներու Վերաբերեալ Արդարացի  Մտավախութիւններ Գոյութիւն Ունին»
Միջազգային

Եւրոպական Միութիւնը Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու 19-րդ Թղթածրարը Որդեգրեց

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?