Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արծուիկ Մինասեան. «Լրջանալու Բանաձեւին Ներքոյ Լուրջ Դասընթացքի Կարիք Ունին Հայաստանը Ներկայացնող Պաշտօնատարները»

June 28, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր վերջին հանրահաւաքին իշխանութիւններուն դեղին քարտ ցոյց տուաւ եւ լրջանալու կոչ ուղղեց:

«Արմ Տէյլի»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան ըսած է, որ, ցաւօք, վերջին հանրահաւաքէն ետք, դատելով իշխանութեան վարքագիծէն, ինչպէս նաեւ այն օրակարգէն, որ կը բերուի հանրային քննարկման, տակաւին կանուխ է լրջանալու մասին խօսելու:

«Ասիկա կ՛երեւի նաեւ իշխանութեան առանձին ներկայացուցիչներու ամբարտաւան խօսելաոճէն, որուն յաճախ ականջալուր կ՛ըլլանք: Այդ մեծամտութիւնը, անընդհատ ժողովուրդին անունով խօսիլը, ժողովուրդին վստահութիւնը չարաշահելը, համակարգերը չպատկերացնելով ու չհասկնալով աշխարհացունց յայտարարութիւն կատարելը ցոյց կու տայ, որ իշխանութիւնը երկար ճամբայ ունի կտրելիք լրջանալու համար: Որովհետեւ առանձին դէպքերու իրենք զիրենք մասնագէտ նկատող Ազգային ժողովի առանձին պատգամաւորներ կը խօսին երեւոյթներու մասին, որով կա՛մ ձեռնածութեան կ՛ենթարկեն, կա՛մ ալ իսկապէս չեն պատկերացներ, թէ ինչի՛ մասին է խօսքը: Ու անընդհատ մենք վերիվայրումներու մէջ ենք` իբրեւ երկիր, իբրեւ պետութիւն: Եւ այս բոլորը ո՛չ միայն լրջանալու, այլեւ խոհեմութեան նուազագոյն պաշար հաւաքելու անհրաժեշտութիւն կը թելադրէ», ըսած է Մինասեան:

Լրագրողը հարցուցած է, թէ արդեօք Ռուսիոյ հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն վրայ ազդեցութիւն պիտի ունենա՞յ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեանի այն յայտարարութիւնը, թէ այնպէս չէ, որ անոնք չէին գիտեր, որ Աբխազիան զաւթուած է իրենց ներկայութեամբ, կամ Օսեթիան զաւթուած է, իսկ Սթրազպուրկի մէջ ալ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի դէմ քուէարկելը Ռուսիոյ` ԵԽԽՎ-ի ետ վերադարձին:

Խորհուրդ տալով արտաքին քաղաքականութեան մասնագէտի դիմել` Մինասեան ըսած է. «Եթէ ընդհանուր գնահատական տամ, շատ վտանգաւոր կրնայ ըլլալ եւ նոր դռներ կը բանայ մեր արտաքին ճակատին մէջ: Կը կարծեմ, թէ ասիկա իշխանութեան համար կարեւորագոյն ուղղութիւններէն մէկը պէտք է ըլլար եւ լրջանալու բանաձեւին ներքոյ նախապէս լուրջ դասընթացքի պէտք է հետեւին մեր այն պատգամաւորները, անձերը, որոնք  Հայաստանը կը ներկայացնեն` անկախ անկէ, թէ անոնք ի պաշտօնէ Հայաստանի անունով արտաքին քաղաքականութեան  վերաբերող յայտարարութիւններ կրնա՞ն ընել, թէ ոչ: Շատ կարեւոր է նաեւ համահայկական պաշարի ճշգրիտ գնահատումը եւ ներառումը այս բոլորին մէջ: Ցաւօք մենք կը տեսնենք, որ չունինք համախմբման օրակարգ: Կրկին կը բերուին արհեստական ինչ-ինչ հարցեր, որոնք աւելի կը հեռացնեն մէկը միւսէն, քան թէ փորձ կատարուի Հայաստանի անվտանգութիւնը աւելի ամրապնդելու: Նման անզգուշ յայտարարութիւնները կրնան Հայաստանի համար յաւելեալ ճակատ բանալ երրորդ երկրի կողմէ, ինչպէս նաեւ` անկայունութիւն մտցնել շրջանին մէջ: Կը կարծեմ, ասիկա պէտք է խորապէս ըմբռնեն», շեշտած է Մինասեան` աւելցնելով, որ այն անձերը, որոնք պաշտօնական դիրքի վրայ են, պէտք է համապատասխան կեցուածքով հանդէս գան ու արտայայտուին, որպէսզի չվնասեն երկրի թէ՛ արտաքին պատկերին, եւ թէ՛ ամէնէն կարեւորը, անվտանգութեան համակարգերուն:

Արծուիկ Մինասեան նաեւ զրուցած է «Առաջին լրատուական»-ին հետ եւ, անդրադառնալով նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը կալանաւորելու 25 յունիսին տրուած որոշումին, նշած է. «Ցաւօք, մեր վատագոյն կանխատեսումները, մեծ հաշուով, իրականութիւն կը դառնան: Դիտարկելով հարցը բացառապէս միայն իրաւունքի տեսակէտէ`  կրնանք արձանագրել, որ բազմաթիւ խախտումներ արդէն փաստուած են: Ասիկա փաստ է, որ գործը անխոցելի չէ»:

Ըստ Մինասեանի, մեղադրանքի ծաւալն ու յօդուածները բաւարարաչափ հիմնաւորուած չեն. «Այս կը նշանակէ, որ կասկածն ու հասարակութեան մէջ ընդվզումները պիտի շարունակուին: Խափանման միջոցի հարցով տեղի ունեցածը եւս տարակուսանքի առիթ կու տայ», յայտնած է ան:

Արծուիկ Մինասեան շեշտած է, որ այս գործին մէջ կը խախտին իրաւական բազմաթիւ սկզբունքներ, նաեւ քաղաքական օրակարգին մէջ կը ձեւաւորուի սեւերու ու սպիտակներու արատաւոր երեւոյթը. «Այս երեւոյթը սկսաւ փողոցէն, երբ փողոցը կը սկսի ճնշել արդարադատութեան համակարգին վրայ, գործող իշխանութիւնն ալ տուրք կու տայ փողոցին` մնայուն դժգոհութիւն պիտի տիրէ: Գործադիր իշխանութիւնը որեւէ ձեւով պէտք չէ ճնշում բանեցնէ դատական իշխանութեան վրայ»:

Այս պահուն, ըստ Արծուիկ Մինասեանի, նման ճնշում առկայ է:

Քոչարեանի հետ համագործակցութեան եւ ընդդիմադիր բեւեռի ձեւաւորման մասին հարցումի մը պատասխանելով` Մինասեան ըսած է, որ Դաշնակցութիւնը իր օրակարգը ունի. «Որեւէ մէկուն օրակարգով շարժելու ձգտում չունինք»:

Միեւնոյն ժամանակ Մինասեան չէ բացառած իրավիճակային տարբեր հարցերու շուրջ գործակցութիւնը:

 

 

Նախորդը

Զօհրապ Մնացականեան. «Բանակցութիւններու Հոլովոյթին Սպառնալիքի Լեզուն Չի Գործեր»

Յաջորդը

Նուազագոյն Աշխատավարձը 55 Հազարէն 68 Հազար Դրամի Բարձրացնելու Նախագիծ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.