Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօհրապ Մնացականեան. «Բանակցութիւններու Հոլովոյթին Սպառնալիքի Լեզուն Չի Գործեր»

June 28, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մալթայի արտաքին գործոց եւ առեւտուրի խթանման նախարար Քարմելօ Ապելայի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան` անդրադառնալով Ուաշինկթընի մէջ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ կայացած հանդիպման մանրամասնութիւններուն` ըսած է, որ Հայաստանի համար չափազանց կարեւոր է ղարաբաղի տագնապի լուծման առումով խաղաղութեան նպաստող միջավայրը:

«Մենք քննարկած ենք բաւական հարցեր, որոնք  կառուցուած են այն ամբողջ երկխօսութեան վրայ, որ տեղի ունեցած է մինչեւ ուաշինկթընեան հանդիպումը: Առանձնայատուկ էր այն, որ հանդիպումը տեղի կ՛ունենար այն ատեն, երբ մենք շփման գիծին վրայ ունէինք լարուածութեան որոշ աճ եւ, բնականաբար, ատիկա չէր կրնար իր ազդեցութիւնը չունենալ հանդիպման վրայ: Բնականաբար, բաւական մեծ տեղ յատկացուցինք այդ իրողութեան եւ քննարկեցինք այն բոլոր հարցերը, որոնք անհրաժեշտ են իրավիճակի լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ խուսափելու որեւէ  յաւելեալ զարգացումէ, որ ա՛լ աւելի պիտի սրէ իրավիճակը», յայտնած է Մնացականեան:

Ըստ անոր, կան քանի մը նախաձեռնութիւններ, որոնք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ եւս յառաջ բերուած են եւ անոնք պիտի ստեղծեն իրավիճակ մը, որ պիտի նպաստէ խաղաղ հոլովոյթին:

«Խաղաղութեան նպաստող միջավայրը մեզի համար չափազանց կարեւոր ու գերակայ խնդիրներէն մէկն է: Այդ միջավայրը իր մէջ կը ներառէ երկու կարեւոր բաղադրիչ, որոնցմէ մէկը կը վերաբերի մարդկային  կապերուն,  հռետորաբանութեան նուազեցման եւ այնպիսի  միջավայրի, ուր ատելութեան մթնոլորտը զարգացում չստանայ, այլ հակառակը: Անոր միւս բաղադրիչը այն է, որ պէտք է շարունակենք աշխատիլ յարձակումի վտանգներու նուազեցման ուղղութեամբ: Ասիկա այնպիսի համակարգ է, որ իր մէջ կը պարունակէ տարբեր գործառոյթներ: Մենք ունէինք իրավիճակ, որ կը պահպանուէր Տուշանպէի պայմանաւորուածութիւններուն հիման վրայ, եւ ասիկա մեզի համար կը շարունակէ մնալ գերակայ խնդիր», դիտել տուած է նախարարը:

Մնացականեան շեշտած է, որ բանակցութիւններու հոլովոյթին մէջ սպառնալիքի լեզուն տեղ չունի, կարելի չէ ըլլալ այնպիսի կացութեան մէջ, երբ բանակցութիւնները պիտի կատարուին սպառնալիքի, վտանգի լոյսին տակ: «Միւս բաղադրիչը, որ նոյնպէս կարեւոր է, Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեան հարցն է, որովհետեւ Արցախը պէտք է ունենայ եւ ուժեղացնէ սեփականութեան զգացումը բանակցային հոլովոյթին մէջ: Ասիկա նոյնպէս օրակարգային հարց է», եզրափակած է Մնացականեան:

Նախորդը

Յարձակողական Նոր Զինատեսակներ Գնելու Վերաբերեալ Համաձայնագիրներ Կնքուած Են

Յաջորդը

Արծուիկ Մինասեան. «Լրջանալու Բանաձեւին Ներքոյ Լուրջ Դասընթացքի Կարիք Ունին Հայաստանը Ներկայացնող Պաշտօնատարները»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.