«Ազդակ»-ի Ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրի երկրորդ փուլի շրջագիծին մէջ, երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ապագայ լրագրողներուն ընթացիկ հանդիպումը:
Լրագրական վարժողական ծրագիրի պատասխանատու Արշօ Պալեան ներկայացուց լուրին կառոյցը եւ լուր մը գրելու յատկանիշները` զայն զատորոշելով տարբեր ժանրերու գրութիւններէ:
Հանդիպումը եղաւ ներգործօն եւ աշխատանքային` նկատի ունենալով, որ ապագայ լրագրողները տեղւոյն վրայ գործադրեցին իրենց տրուած բացատրութիւնը եւ յաջողեցան գրել լուր մը` իր խորագիրով եւ բոլոր մանրամասնութիւններով:



