ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը կը շարունակէ քաղաքական խորհրդակցութիւններու շարքը խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերուն հետ` քննարկելու համար երկրին մէջ տիրող հասարակական-քաղաքական իրավիճակին առնչուող հարցեր:
Այս ծիրին մէջ 28 յունիսին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի Դեմոկրատական կուսակցութեան (ՀԴԿ) նախագահութեան անդամներուն հետ տեղի ունեցած է միջկուսակցական հանդիպում, որուն Դաշնակցութեան կողմէ կը մասնակցէին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ՀՅԴ մասնագիտական ոլորտային յանձնախումբերու համակարգող Արծուիկ Մինասեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արմենուհի Կիւրեղեան: Հայաստանի Դեմոկրատական կուսակցութեան կողմէ հանդիպման կը մասնակցէին ՀԴԿ-ի նախագահ Արամ Սարգսեան, փոխնախագահներ Ժասմինա Ղեւոնդեան, Ժասմինա Թելեան, Արմէն Յովսէփեան, Հայկ Ալոյեան եւ նախագահութեան անդամ Զոյա Ջուլհակեան:
Հայաստանի Դեմոկրատական կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկուած է երկրի քաղաքական իրավիճակին վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ մը, ներառեալ` Արցախ-Հայաստան անվտանգութեան խնդիրները, դատաիրաւական համակարգի բարեփոխումները, Հայաստանի համար ներքին ու արտաքին առկայ մարտահրաւէրները, նաեւ` այդ հարցերուն շուրջ համագործակցութեան կարելիութիւնները:
Հանդիպման աւարտին որոշուած է երկու կուսակցութիւններուն միջեւ համագործակցութիւնը կանոնակարգել եւ օրակարգային յստակ հարցերու շուրջ հանդիպումները շարունակական դարձնել: