Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 3 յուլիսին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Արտակ Դաւթեանը:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն, հանդիպման ընթացքին, որուն կը մասնակցէր Արցախի պաշտպանութեան նախարար Կարէն Աբրահամեան, քննարկուած են բանակաշինութեան եւ այդ ոլորտին մէջ հայկական երկու հանրապետութիւններուն միջեւ համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: