Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թեհրանի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Հայաստան – Իրան Միջկառավարական Յանձնախումբի 16-րդ Նիստը

Յուլիս 4, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրանի միջկառավարական միացեալ յանձնախումբի 16-րդ նիստը, որուն  նախագահած են Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ Իրանի ուժանիւթի նախարար Ռեզա Արտականիան:

Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն կը տեղեկացնեն, թէ փոխվարչապետը իր ողջոյնի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է իրանական կողմին միջկառավարական նիստը կազմակերպելու եւ հայկական պատուիրակութիւնը ջերմ ընդունելութեան արժանացնելու համար: Փոխվարչապետը արդիւնաւէտ  գնահատած է այս օրերուն աշխատանքային խումբերու կատարած միացեալ աշխատանքը եւ վստահութիւն յայտնած, որ նիստին յատկացուած ժամանակը առաւելագոյնս պիտի օգտագործուի երկու երկիրներու առեւտրական եւ տնտեսական ոլորտին վերաբերող օրակարգին մէջ եղած խնդիրները համաձայնեցնելու նպատակով:

Մհեր Գրիգորեան նշած է, որ փոխադարձ վստահութեան ու բարի դրացիութեան աւանդութիւններու վրայ հիմնուած հայ-իրանական կապերու ներկայիս բարձր մակարդակը կը հանդիսանայ երկու երկիրներուն միջեւ հաստատուած փոխշահաւէտ համագործակցութեան խորացման գրաւականը: Փոխվարչապետը շեշտած է, որ 16-րդ միջկառավարական նիստը առաջինն է երկու երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամ երկիրներու եւ Իրանի միջեւ ազատ առեւտուրի գօտիի ձեւաւորման ուղղուած ժամանակաւոր համաձայնագիրի վաւերացումէն ետք: Ան նիստը լաւ առիթ նկատած է անդրադառնալու նաեւ համաձայնագիրի շրջագիծին մէջ երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով առեւտրական յարաբերութիւններու զարգացման նոր կարելիութիւններուն:

Նիստի ընթացքին յանձնախումբի անդամները քննարկած են երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներու մէջ համագործակցութեան խորացման հարցը, անդրադարձած են ուժանիւթի, բնապահպանութեան, փոխադրութեան, ելեւմուտքի, առեւտրական-տնտեսական, կրթութեան, մշակոյթի եւ շարք մը այլ ոլորտներու մէջ յարաբերութիւններու զարգացման կարելիութիւններուն:

Նիստի աւարտին տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրանի միջկառավարական միացեալ յանձնախումբի 16-րդ նիստին մասին փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրման արարողութիւնը:

Նախորդը

Լեռնալիբանանի Միջադէպի Լուծման Գծով Ջանքերը Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Նաղդալեան. «Ենթադրութիւնը, Թէ Միակողմանի Զիջումներու Բեմագրութիւնը Իրական Է, Չի Համապատասխաներ Իրականութեան»

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?