Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նաղդալեան. «Ենթադրութիւնը, Թէ Միակողմանի Զիջումներու Բեմագրութիւնը Իրական Է, Չի Համապատասխաներ Իրականութեան»

July 4, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհրդարանի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ հայ պատուիրակներէն Վլատիմիր Վարդանեան Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսած էր. «Մենք կը հրաժարինք Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) իբրեւ հայ-ազրպէյճանական բախման հարթակ ներկայացնելէ, մենք հանդէս կու գանք համաեւրոպական օրակարգով, իսկ ազրպէյճանական որեւէ սադրանքի պարագային վերջիններս պիտի ստանան ոչ թէ համաչափ, այլ անհամաչափ պատասխան»:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեանի հետ զրոյցին ընթացքին լրագրողները հետաքրքրուած են այս մասին, սակայն ան ըսած է, թէ այնքան ատեն որ տակաւին յայտարարութեան ամբողջութեան ծանօթ չէ, զերծ կը մնայ մեկնաբանութիւններէ:

Անդրադառնալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կողմէ «բովանդակային բանակցութիւններ» եզրոյթի օգտագործման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի յայտարարութեան, թէ «Տուշանպէն պէտք է դառնայ նաեւ Տուշանպէ առաւել», Աննա Նաղդալեան նշած է, որ «բովանդակային բանակցութիւններ» եզրը առաջին անգամ չէ, որ կ՛օգտագործուի: «Եթէ նկատած էք` այդ յայտարարութեան մէջ  «բովանդակային բանակցութիւններ» եզրոյթը կը կիրարկուի նման բանակցութիւններու համար մթնոլորտի ձեւաւորման անհրաժեշտութեան ծիրին մէջ, ինչ որ  կը նշանակէ, թէ պէտք է շարունակել քայլեր ձեռնարկել նման միջավայրի ձեւաւորման ուղղութեամբ: Այս գործընթացին մէջ առաջնահերթը խաղաղութեան նպաստող միջավայրի ձեւաւորումն է, այդ կարգին` վտանգներու նուազեցման, դէպքերու հետաքննութեան եւ անոնց արձագանգումի մեքանիզմներու ներդրման միջոցով: Ասիկա ամրագրուած է Տուշանպէի, Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի  վեհաժողովներուն մէջ: Մենք նշած ենք, որ անոնք մեզի համար կը շարունակեն մնալ առարկայական: Ինչ կը վերաբերի «Տուշանպէ առաւել»-ին, ապա մենք նշած ենք, որ ուաշինկթընեան հանդիպումին ժամանակ հիմնական շեշտը դրուած է հանդիպումին նախորդած ժամանակաշրջանի իրադրութեան եւ լարուածութեան թուլացման եւ վերադարձին այն իրավիճակին, որ կարելի եղած էր ձեւաւորել Տուշանպէի պայմանաւորուածութիւններու արդիւնքով, երբ հաստատուած էր ուղղակի կապ, որ դէպքերու կանխարգիլման ու անոնց արձագանգման տարրեր կը պարունակէր, ուստի այժմ անհրաժեշտութիւն յառաջացած է ամրապնդելու այդ մեքանիզմը, այսինքն` նաեւ զինադադարի դրութիւնը: «Մենք չենք հաւատար, որ կարելի է արդիւնաւէտութիւն արձանագրել բանակցային հոլովոյթին մէջ, եթէ կայ իրադրութեան լարում: Վտանգաւոր ենթադրութիւն է, որ Հայաստանը կրնայ բանակցիլ սպառնալիքի ներքեւ: Հայաստանը միշտ խօսած է խաղաղութեան դիրքերէ եւ բոլորին համար ընդունելի լուծման մասին, բայց ասիկա չի նշանակեր, որ խաղաղութեան համար Հայաստանը պատրաստ է միակողմանի զիջումներու երթալ, որոնք վտանգի տակ կը դնեն Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը եւ անվտանգութիւնը: Ենթադրութիւնը, թէ միակողմանի զիջումներու բեմագրութիւնը իրական է, կը բացառուի եւ չի համապատասխաներ իրականութեան», վստահեցուցած է Աննա Նաղդալեան:

 

Նախորդը

Թեհրանի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Հայաստան – Իրան Միջկառավարական Յանձնախումբի 16-րդ Նիստը

Յաջորդը

Բակօ Սահակեան Ընդունած Է Հայաստանի Զինուած Ուժերու Ընդհանուր Հրամանատար Արտակ Դաւթեանը

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.